Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուականը:
Հաղորդագրութեան համաձայն, նախարարները քննարկած են Ուաշինկթընի մէջ կայացած վեհաժողովի հիմամբ ստորագրուած Համատեղ հռչակագիրի իրականացումը, ինչպէս նաեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցները:
Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով միտքեր փոխանակած են շրջանային հարցերու շուրջ եւ վերահաստատած են ուղիղ երկխօսութիւնը շարունակելու իրենց պատրաստակամութիւնը, նշուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին նոյն բովանդակութեամբ լուր հրապարակած է նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: