Փոխադրամիջոցային եւ հաղորդակցական գիծերու, սահմաններու բացումը եւ ազատ առեւտուրի զարգացումը պիտի ծառայեն շրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` խօսելով հայ-ամերիկեան-ազրպէյճանական համաձայնութիւններու մասին:
Ան 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրի նախաստորագրումը պատմական քայլ կոչած է` Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ: