Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Խորհրդայնացումը Եւ Թեւան Ստեփանեանի Գլխաւորած Ապստամբութիւնը Արցախի Մէջ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Օգոստոս 13, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս, Իջեւանի մէջ բոլշեւիկեան ուժերու մուտքէն մէկ օր ետք, 30 նոյեմբեր 1920-ին Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութեան Քաղբիւրոյի եւ Կազմբիւրոյի համատեղ նիստի ընթացքին որոշում ընդունուած էր, որուն համաձայն Ազրպէյճանի բանուորագիւղացիական կառավարութեան կողմէ կը յայտարարուէր, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղած սահմանային վէճերը վերջացած կը նկատուին: Այս հիմամբ Ղարաբաղ, Զանգեզուր եւ Նախիջեւան կը նկատուէին Հայաստանի տարածք: Այդ որոշումը վաւերացուեցաւ դեկտեմբեր 1-ին, Պաքուի խորհուրդի ընդլայնուած նիստի ընթացքին ընդունուած հռչակագիրով:

Հայաստան տակաւին չէր խոհրդայնացուած,  երբ դեկտեմբեր 1-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բոլշեւիկեան խորհուրդներու հանդիսաւոր նիստը, որուն ընթացքին Օրջոնիկիձէ խօսեցաւ Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը Հայաստանի սահմաններուն մէջ պահելու մասին:

Ազրպէյճանական եւ բոլշեւիկեան այս ներկայացումը նպատակ ունէր արագացնելու Հայաստանի խորհրդայնացումը, վստահեցնելով, որ Հայաստան տարածքային կորուստներ պիտի չունենայ:

* * *

Երեւանի մէջ, 1 դեկտեմբեր 1920-ին ամբողջ օրը բանակցութիւններ տեղի ունեցան Հայաստանի կառավարութեան եւ Խորհրդային Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Պորիս Լեգրանի միջեւ:

Նոյն օրը երեկոյեան, երբ բանակցութիւնները դեռ ընթացքի մէջ էին, խորհրդարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան նիստը:

Վարչապետ Սիմոն Վրացեան կը գրէ. «Մոմի աղօտ լոյսի տակ ֆրակցիայի ընդարձակ սենեակը` լի պատգամաւորներով եւ կուսակցական պատասխանատու գործիչներով` խորհրդաւոր կերպարանք էր ընդունել: Կառավարութեան եւ Բիւրոյի ներկայացուցիչների զեկուցումներից յետոյ, գրեթէ նոյնութեամբ, կրկնուեցին նախորդ օրուայ վիճաբանութիւնները, բայց այս անգամ աւելի թոյլ էին հնչում կռուի կողմնակիցների յորդորները: Քուէարկութեան արդիւնքը եղաւ` 7 քուէ Լեգրանի առաջարկի դէմ, 22 քուէ` կողմ»:

* * *

Դեկտեմբեր 2-ին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշ փոփոխութիւններով ընդունեց Լեգրանի վերջնագիրը:

Նոյն օրը Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչները եւ Լեգրան ստորագրեցին իշխանութեան փոխանցման եւ Հայաստանի խորհրդայնացման փաստաթուղթը, որ բաղկացած էր ութ յօդուածներէ.

1.- Հայաստան կը յայտարարուի ընկերվարական խորհրդային հանրապետութիւն:

2.- Մինչեւ Հայաստանի խորհուրդներու համագումարի հրաւիրումը կը կազմուի ժամանակաւոր ռազմա-յեղափոխական կոմիտէ, որուն կ՛անցնի բովանդակ իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ:

3.- Ռուսաստանի խորհրդային կառավարութիւնը կ՛ընդունի, որ Հայաստանի հողերուն մէջ անվիճելի կերպով կը մտնեն Երեւանի նահանգը` իր բոլոր գաւառներով, Կարսի նահանգին մէկ մասը, Գանձակի նահանգի Զանգեզուր գաւառը եւ Ղազախ գաւառին մէկ մասը:

4.- Հայկական բանակի հրամանատարական կազմը չենթարկուիր պատասխանատուութեան այն գործերուն համար, որոնք կատարուած են բանակի շարքերուն մէջ մինչեւ խորհրդային իշխանութեան հաստատումը:

5.- Դաշնակցութեան եւ ուրիշ ընկերավարական կուսակցութիւններու անդամները հալածանքի պիտի չենթարկուին կուսակցութեան պատկանելու եւ համայնավար կուսակցութեան դէմ մղուած կռիւներուն մասնակցելու համար:

6.- Ռազմա-յեղափոխական կոմիտէին մէջ կը մտնեն հինգ անդամներ` համայնավար կուսակցութեան կողմէ նշանակուած, եւ երկու անդամ ձախ դաշնակցականներու խմբակէն:

7.- Ռուսաստանի կառավարութիւնը միջոցներ ձեռք կ՛առնէ անմիջապէս կեդրոնացնելու Հայաստանի պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ զինուորական ուժեր:

8.- Համաձայնագիրը ստորագրուելէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը քաշուի իշխանութենէն:

* * *

Պորիս Լեգրանի հետ համաձայնագիրը ստորագրելէն ետք Սիմոն Վրացեանի կառավարութիւնը հրաժարեցաւ իշխանութենէն:

Վրացեան գրութիւններ ուղարկեց Հայաստանի արտասահմանեան բոլոր ներկայացուցչութիւններուն` յայտնելով Լեգրանի հետ համաձայնագիրի կնքման, այդ համաձայնագիրի պայմաններու եւ իշխանութենէն յօգուտ բոլշեւիկներուն հրաժարելու մասին: Այդ գրութիւններուն մէջ Վրացեան կ՛ընդգծէր. «միջոցներ ձեռք առնուած են քաղաքացիական կռիւները կանխելու համար: Երկրին վիճակը բնականոն է: Երեւան հանգիստ է: Մեր որշումն է աջակցիլ նոր իշխանութեան»:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան եւ նախարարները փակեցին իրենց գրասենեակներուն դռները եւ լքեցին կառավարութեան շէնքը:

Քանի մը ժամ ետք, դեկտեմբեր 2-էն 3 լուսցող գիշերուան ընթացքին, Հայաստանի արդէն իսկ հրաժարեալ կառավարութեան անունով Ալեքսանդր Խատիսեան Թուրքիոյ հետ ստորագրեց Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը:

Սիմոն Վրացեան կը գրէ. «Ձեւականօրէն մենք ամէն իրաւունք եւ հնարաւորութիւն ունէինք խուսափելու եւ այդ անախորժ պարտականութիւնը ձգելու բոլշեւիկներին: Մեր կողմից այդ կը լինէր ճարպիկ մի խաղ: … Բայց ազգային տեսակէտով Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը պատմական անհրաժեշտութիւն էր»:

* * *

Թեւան Ստեփանեան 1920 նոյեմբերին Արցախէն Զանգեզուր մեկնեցաւ եւ հանդիպումներ ունեցաւ Լեռնահայաստանի սպայակոյտի պետ Ռուբէն Նարինեանի, ապա` Գարեգին Նժդեհի հետ: Որոշում առնուեցաւ Արցախը ազատագրել բոլշեւիկներէն եւ Լեռնահայաստանի միաւորել:

Արցախ վերադառնալէն ետք, շնորհիւ Նժդեհի տրամադրած դրամական օգնութեան, Թեւան բաւարար քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք ապահովեց: Մարտական կազմակերպուած ուժերուն թիւը 800 հոգիէն հասաւ 1800 հոգիի:

Հադրութի շրջանի Դրախտիկ գիւղի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցին
Սարուշէն Ասկերանի շրջանին մէջ                                                           Ճարտար Մարտունիի շրջանին մէջ

Արցախի մարտական ուժերը Թեւան Ստեփանեանի հրամանատարութեան տակ 1920 դեկտեմբերին բոլշեւիկեան ուժերէն ազատագրեցին Խծաբերդը, Մեծ Թաղլարը, Դրախտիկը, Սուզը, Սարուշէնը, Քէշիշքէնդը եւ Ճարտարը: Այնուհետեւ անոնք ազատագրեցին Խանքեդը (ներկայիս` Ստեփանակերտ) եւ Շուշին կտրեցին Աղտամէն:

Բոլշեւիկեան զօրքերը, բազմաթիւ կորուստներ տալէ ետք, մեծաքանակ զէնք ու զինամթերք ձգելով փախուստ տուին Ջեբրայիլի կողմերը:

Այսպիսով, Դիզակն ու Վարանդան ազատագրելով, Թեւան Արցախը յայտարարեց Հայաստանի անբաժանելի մաս:

Թեւան Ստեփանեանի գլխաւորութեամբ ծաւալած ռազմական այս գործողութիւններուն շնորհիւ Ինքնավար Սիւնիքի տարածքը, որուն արդէն միացած էին Վայոց Ձորն ու Գողթանը, հասաւ 10 հազար քառակուսի քիլոմեթրի:

Պաքուէն բոլշեւիկներ փութով լուր ուղարկեցին Մոսկուա. «Հակառակորդը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գրաւուած գիւղերը կը միացնէ հայկական շրջաններուն»:

Կարմիր բանակի հրամանատարութիւնը, Ազրպէյճանի իշխանութիւններու յորդորներով, Ղարաբաղի մէջ մեծաքանակ ուժեր կեդրոնացուց: Զանգեզուրէն Ղարաբաղ նահանջած 28-րդ բաժանմունքի 250-րդ, 251-րդ եւ 252-րդ գունդերը, թարմ ուժերով համալրուելով եւ միանալով Վարանդայի, Դիզակի եւ Խաչենի մէջ կազմակերպուած համայնավարական ջոկատներուն, ապստամբներուն դէմ ճակատ յարդարեցին:

Հակառակ կարմիր բանակի ձեռք առած բոլոր միջոցառումներուն, Արցախի մէջ բռնկած ազատագրական պայքարը 1921 յունուար եւ փետրուար ամիսներուն նոր թափ ստացաւ:

* * *

Թեւան Ստեփանեանի գլխաւորած մարտական ուժերու յաջողութիւններուն մեծապէս նպաստեց Հայաստանի մէջ բարձրացած Փետրուարեան ապստամբութիւնը:

Արդարեւ, Հայաստանի խորրդայնացումէն ետք սկսած էին հալածանքները բոլոր անոնց դէմ, որոնք բոլշեւիկ չէին: Կազմուած եւ գործի անցած էր Չեկան (արտակարգ յանձնաժողով), եւ սկսած էին ձերբակալութիւնները եւ աքսորները: Ամէնուրեք կ՛իրականացուէր այսպէս կոչուած «ռազմական համայնավարութեան» քաղաքականութիւն, որուն հետեւանքով անկանոն եւ անհաշիւ բռնագրաւումներ կը կատարուէին:

Ժողովուրդը Ռուսաստանէն օգնութիւն կը սպասէր, բայց իրմէ կը խլէին հացի վերջին պատառը եւ Ռուսաստան կ՛ուղարկէին:

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ի նպաստ քայլով մը յեղկոմի անդամ եւ Հայաստանի արդարադատութեան կոմիսար նշանակուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալի գործակալ Սիւլէյման Նուրին:

Դրոյի եւ իր զինակիցներու Ռուսաստան աքսորէն ետք, Պաքուի մէջ, Դրոյի անունը օգտագործելով, իբրեւ թէ անոր եւ տասնմէկերորդ կարմիր բանակի  հրամանատարութեան կողմէ պատգամաւորութիւն մը ուղարկուեցաւ Գորիս եւ Գարեգին Նժդեհէն պահանջեց ընդունիլ խորհրդային կարգեր եւ վար դնել զէնքերը:

Բոլշեւիկեան սանձարձակութիւններուն դէմ Հայաստանի մէջ ժողովրդային տարերային ապստամբական շարժումին շնորհիւ 18 փետրուար 1921-ին բոլշեւիկեան իշխանութիւնը տապալեցաւ եւ փախուստի դիմեց, եւ իշխանութինը անցաւ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէին ձեռքը:

Նոյն ժամանակ հակախորհրդային տեղական ապստամբութիւններ բարձրացան Ազրպէյճանի մէջ, ընդգրկելով Լենքորանը, Թալիշը եւ յարակից գիւղեր:

Հակախորհրդային ապստամբութիւններուն շնորհիւ Թեւան Ստեփանեանի մարտական ուժերը զգալի յառաջխաղացք արձանագրեցին, որովհետեւ բոլշեւիկները ի  վիճակի չէին մեծ ուժեր կեդրոնացնելու Արցախի մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (12 Օգոստոս 2025)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայ-Թրքական Հաշտութեան Բանակցութիւններ.  Կարմիր Բանակը Իջեւանի Մէջ
Պատմական

Հայ-Թրքական Հաշտութեան Բանակցութիւններ. Կարմիր Բանակը Իջեւանի Մէջ

Օգոստոս 6, 2025
Կարսի Գրաւումը Թրքական Բանակին Կողմէ Բոլշեւիկներու Դէմ Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Ոյծի Ճակատամարտը
Պատմական

Կարսի Գրաւումը Թրքական Բանակին Կողմէ Բոլշեւիկներու Դէմ Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Ոյծի Ճակատամարտը

Յուլիս 30, 2025
Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Կոնդակը.  Հայաստանի Եւ Ռուսաստանի Միջեւ Նախնական Համաձայնագիր
Պատմական

Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Կոնդակը. Հայաստանի Եւ Ռուսաստանի Միջեւ Նախնական Համաձայնագիր

Յուլիս 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?