Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՕՄ-ականներ Կ՛այցելեն «Զինուորի Տուն»
5 օգոստոսին ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշէանի ընկերակցութեամբ, Շրջանային վարչութեան անդամներ Հռիփսիմէ Նահապետեանը եւ Մարինէ Հայրապետեանը այցելեցին «Զինուորի տուն» եւ վերականգնողական կեդրոն, ուր կայացաւ նախատեսուած շահաւէտ հանդիպում` կեդրոնի փոխպատասխանատու Լիլիթ Միրզոյեանի հետ: Վերջինիս յանձնուեցաւ նուիրատուութիւն` Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերուն մասնակցած ՀՄԸՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի պատուիրակութեան կողմէ: Վերջիններս 2025 թուական յուլիս 31-ին այցելեցին «Զինուորի տուն»` մեծապէս տպաւորուելով այն կարեւոր բժշկական ծառայութեամբ, զոր կը ցուցաբերուի հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած կարեւոր պայքարին վիրաւորուած մեր հերոս զինուորներուն նկատմամբ:
Համազգայինի Շքանշան` Յակոբ Չոլաքեանին
6 օգոստոսին Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը կազմակերպեց հայագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յակոբ Չոլաքեանին նուիրուած մեծարման ցերեկոյթ:
Ձեռնարկին նպատակն էր ներկայացնել ու արժեւորել Յակոբ Չոլաքեանի անգնահատելի վաստակը` հայագիտական, մանկավարժական, բանահաւաքչութեան, գրական ասպարէզներուն մէջ, կարեւոր համարել անխոնջ աշխատանքն ու ժառանգութիւնը, որ մեծ հարստութիւն է սերունդներուն համար:
Բարձր գնահատելով հայագէտի անցած ուղին` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշում տուած էր զայն պարգեւատրել Համազգայինի պատուոյ շքանշանով:
Չոլաքեանի կրթական եւ մանկավարժական գործունէութեան մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն նաեւ անոր հեղինակած դպրոցական դասագիրքերը, որոնք աւելի քան 3 տասնամեակ կիրարկուած են սփիւռքի հայկական նախակրթական, միջնակարգ եւ երկրորդական դպրոցներուն մէջ:
Ձեռնարկը սկսաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի ողջոյնի ու շնորհաւորութեան խօսքով:
Յակոբ Չոլաքեանի անցած ուղիին ու գործունէութեան անդրադարձան` ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, Համազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, Լիբանանէն վաստակաշատ մանկավարժ Տիգրան Ճինպաշեան, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Արսէն Բոբոխեան, ՀՀ ԳԱԱ Հր. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի արեւմտահայերէնի բաժինի գիտաշխատող Անի Ֆիշէնքճեան: Յակոբ Չոլաքեանի աշակերտուհի Արաքս Մահտէսեան ներկայացուց երգ մը: Ձեռնարկին ընթացքին հնչեցին օրօրոցայինները:
Կարդացուեցաւ այս առիթով Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան Հայաստանի վարչութեան շնորհաւորական գիրը:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան վարչութեան կողմէն Յակոբ Չոլաքեանին յանձնեց Համազգայինի պատուոյ շքանշանը:
Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց մեծարեալը` Յակոբ Չոլաքեան:
Երեւանի Մատենադարանը Ժամանակաւորապէս Պիտի Պահէ Պաղեստինի Վտանգուած Մշակութային Ժառանգութիւնը
Հայաստան եւ Պաղեստինի իշխանութիւնները համաձայնեցան ժամանակաւորապէս Երեւանի Մատենադարանին մէջ պահպանել վտանգուած պաղեստինեան մշակութային ժառանգութեան նմուշները, յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան, որ 30 յուլիսին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Վարսէն Աղաբեկեանին հետ, ՄԱԿ-ի` «Երկու պետութիւն սկզբունքի հիման վրայ Պաղեստինի հարցի խաղաղ կարգաւորման» նուիրուած նախարարական համաժողովի ծիրին մէջ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, երկու դիւանագէտները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի իրավիճակը:
Անոնք անդրադարձան երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացքին եւ կարծիքներ փոխանակեցին հնարաւոր միացեալ ծրագիրներու մասին: Գնահատուեցաւ նաեւ պաղեստինցի դիւանագէտներու մասնակցութիւնը Հայաստանի դիւանագիտական դպրոցին կողմէ իրականացուող դիւանագէտներու վերապատրաստութեան ծրագիրին:
Նշենք, որ նախորդ տարի Երեւան ճանչցաւ Պաղեստինի պետութիւնը, Պաղեստինեան իշխանութիւնը ողջունեց Երեւանի քայլը, մինչ իսրայէլեան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Յակոբեանը, եւ այս մասին անոր «խիստ յանդիմանութիւն» յայտնուեցաւ, նաեւ նշուեցաւ, որ այդ քայլը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Իսրայէլի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն վրայ:
Համաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Կոստանեան նաեւ ողջունեց Ֆրանսայի կողմէ Պաղեստինի ճանաչումը եւ Մեծն Բրիտանիոյ վերջին յայտարարութիւնը թէ կը պատրաստուի նոյն քայլը առնելու, եթէ Իսրայէլ չդադրեցնէ Կազայի վրայ յարձակումները:
«Առանձնայատուկ հպարտ ենք, որ Ֆրանսայի եւ Պաղեստինի արտաքին գործերի նախարարները հնարաւորութիւն ունեցան հանդիպելու Հայաստանում` «Երեւանեան երկխօսութիւն» դիւանագիտական համաժողովի շրջանակում` ճանապարհ հարթելով այս պատմական իրադարձութեան համար», ընդգծեց Կոստանեան` աւելցնելով. «Հայաստանը համոզուած է, որ միայն երկու անկախ հարեւան պետութիւնների գոյութիւնն է, որ կարող է երաշխաւորել` երկարատեւ կայունութիւն, անվտանգութիւն, խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն, ինչպէս Պաղեստինի, այնպէս Իսրայէլի ժողովուրդների համար»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստան` իր իսկ փորձառութենէն մեկնելով, լաւ գիտէ պատերազմներու սարսափը: Թէեւ Հայաստանի կարելիութիւնները սահմանափակ են, սակայն իրենք կը փորձեն աջակցիլ Պաղեստինի ժողովուրդի կարիքներուն: Եգիպտոսի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Կազա: Աջակցած են նաեւ ՄԱԿ-ի Միջին Արեւելքի Պաղեստինցի գաղթականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան` UNRWA-ի գործունէութեան, դիտել տուաւ Կոստանեան:
«Օգտուելով ընձեռուած հնարաւորութիւնից` թոյլ տուէք նաեւ յայտարարել, որ համաձայնութեան ենք եկել Պաղեստինի հետ, ըստ որի, Պաղեստինի վտանգուած մշակութային ժառանգութիւնը ժամանակաւորապէս կը հանգրուանի Մ. Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերի գիտահետազօտական հիմնարկ-մատենադարանում: Հայաստանը նաեւ ընդգծում է երկու պետութիւններում քրիստոնէական համայնքների ապահովութեան, անվտանգութեան եւ ամբողջական իրաւունքների պաշտպանութեան կարեւորութիւնը: Լինելով աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական ազգերից մէկը` մենք յատուկ կարեւորութիւն ենք տալիս Սուրբ Հողում քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանութեանը: Հայաստանը լիայոյս է, որ Երուսաղէմի սրբավայրերի կառավարման պատմական սթաթիւս քուոն կը պահպանուի եւ լիովին կը յարգուի` որպէս միջկրօնական համերաշխութեան եւ խաղաղ համակեցութեան անկիւնաքար», շեշտեց Կոստանեան:
Վերականգնման Աշխատանքներ` Շատիվանք Վանական Համալիրի Եւ Գնդեվազի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութեան մասնագէտները այցելած են Վայոց Ձորի մարզի Շատիվանք վանական համալիր եւ Գնդեվազի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, ուր կ՛իրականացուին վերականգնման աշխատանքներ:
Շատիվանքի մէջ մասնագէտները ծանօթացած են «Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ» կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն: Յատկապէս, պեղումներու շնորհիւ, բացուած են Սուրբ Սիոն եկեղեցւոյ հիւսիսային եւ պարսպապատերու արեւելեան հողածածկ մուտքերը: Եկեղեցւոյ շուրջը կատարուած պեղումներէն յայտնաբերուած են նաեւ տապանաքարեր, նորայայտ արձանագիր քարեր: Պեղուած է պարիսպներուն կից շէնքներէն մէկը եւս, ուրկէ յայտնաբերուած են վանական կեանքին առնչուող հնագիտական գտածոներ:
Օգոստոսին սկսած Շատիվանքի վերականգնումը պիտի տեւէ երեք-չորս տարի:
Գնդեվազի մէջ մասնագէտները ծանօթացած են Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ընթացող վերականգնման աշխատանքներուն, որոնք, ըստ նախատեսութեան, պիտի աւարտին 2025-ին:
Վերջերս Հրատարակուեցաւ Բռնագրաւուած Տիգրանակերտի Պատմական Մշակութային Կերպարի Մասին Պատմող Գիրքը
Monument Watch-ը կը տեղեկացնէ, որ լոյս տեսաւ «Արցախի Տիգրանակերտ. պատմամշակութային կերպարը հնագիտական հետազօտութիւնների լոյսի ներքոյ» գիրքը, որ կ՛ամփոփէ քաղաքի մասին աղբիւրագիտական բոլոր տուեալներն ու հնագիտական ուսումնասիրութիւնները:
Հայերէնով գիրքին հեղինակներն են 21 հետազօտողներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Հատորը հրատարակուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին կողմէ. 360 էջ, 600 նկարազարդում, խմբագիր` Համլեթ Պետրոսեան, մասնակցութեամբ` Արմինէ Գաբրիէլեանի:
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին Մէջ` Ժանսեմի Ծննդեան 105-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ ֆրանսահայ նշանաւոր նկարիչ Ժան Սեմերճեանի (Ժանսեմ) ծննդեան 105-ամեակին նուիրուած` «Ժանսեմ. կենդանի գիծի վարպետը» խորագիրով ցուցահանդէսին, կը յայտնեն կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան ողջունեց պատկերասրահի աշխուժ գործունէութիւնը: Ան յատկապէս կարեւոր համարեց Ժանսեմի ստեղծագործական ժառանգութեան նորովի ծանօթանալու առիթին ստեղծումը:
«Ժանսեմի արուեստը ոչ ոքի անտարբեր կը ձգէ: Այս զգացողութիւնները այնպիսի ամբողջութիւն են, որուն իւրաքանչիւրը իւրովի կ՛արձագանգէ: Վստահ եմ, որ այսօր կրնանք իւրաքանչիւրս մեր արձագանգն ու առնչութիւնը ունենալ: Այս նաեւ ընկերային արուեստի այն կարեւոր իւրայատկութիւնն է, որ մեզի թոյլ կու տայ անձնական փորձառութիւններու ճամբով խօսիլ հանրային կարեւոր հարցերու մասին», յայտնեց Անդրէասեան:
Կարեւոր նկատելով Հայաստան-Ֆրանսա մշակութային գործակցութեան խորացումը` Անդրէասեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան` ի դէմս Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան` շարունակական համագործակցութեան եւ անոր ներդրած ջանքերուն համար:
«Յոյսով եմ, որ մեր դպրոցականները արձակուրդներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ անկէ ետք կը ծանօթանան այս ցուցադրութեան, որովհետեւ արուեստի հետ հաղորդակցումը պէտք է ըլլայ կրթութեան կարեւոր մաս», ըսաւ Անդրէասեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ` Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինիյի, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Մարինա Յակոբեան, ցուցադրութեան համադրողներ Նունէ Թադեւոսեան եւ Վիգէն Գալստեան:
Անդրէասեան, տնօրէն Մարինա Յակոբեանի ընկերակցութեամբ, շրջագայեցաւ սրահին մէջ, ծանօթացաւ ցուցադրուած գործերուն, որոնք ընտրուած են Ժանսեմի` Հայաստանին նուիրուած հարուստ հաւաքածոյէն` ընդգծելով արուեստագէտին կապը հայրենի մշակոյթին եւ Հայաստանի հետ:
«Ժանսեմ. կենդանի գիծի վարպետը» խորագիրով ցուցահանդէսին ներկայացուած են Ժանսեմի աւելի քան 120 գործեր, որոնք ի մի կը բերեն նկարիչին 1960-1980-ականներու ստեղծագործութեան հիմնական նիւթերը:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 25 հոկտեմբեր: