Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կովկասի Փանամայի Ջրանցքը». Գարլոս Անթարամեանի Դիպուկ Վերլուծումը Եռակողմանի Հռչակագրին. Ի՞նչ Կրնայ Յուշել Ռուսիոյ Հակազդեցութեան Մասին

Օգոստոս 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ուաշինկթընի մէջ 8 օգոստոսին ստորագրուած Ամերիկա-Հայաստան-Ազրպէյճան հռչակագրի մեկնաբանական վերլուծումներու շարքին իւրայատուկ է Գարլոս Անթառամեանի սպաներէն յօդուածը` «Կովկասի Փանամայի ջրանցքը», որ լոյս տեսաւ Պուէնոս Այրես հրատարակուող «Արմենիա» թերթի կայքէջին վրայ, իրադարձութեան յաջորդ օրը: Անթառամեան կ՛ըսէ, թէ հռչակագրով աւետուող խաղաղութեան մասին զինք շնորհաւորողներուն կը բացատրէր, որ հայերուն համար շնորհաւորանքի ոչ մէկ առիթ կար, ընդհակառակը, Հայոց պատմութեան իրերայաջորդ ողբերգական թուականներուն վրայ աւելցող նոր թուական մըն է:

«Իրենց կը բացատրէի, որ նման համաձայնութիւններ արդար եւ մնայուն խաղաղութիւն մը հաստատելու փոխարէն` կ՛ամրագրեն ուժով պարտադրուած իրականութիւններ, որոնք խոր վէրքերու եւ անհաւասարութիւններու կնիքը պիտի ձգեն ապագայ սերունդներուն վրայ: Ըսածս պատկերաւոր բացատրելու համար կը բերէի Փանամայի ջրանցքը բանալու Ամերիկայի որոշումին օրինակը: Այդ նախաձեռնութիւնը օրին արժանացաւ միջազգային ողջոյնին` որպէս հմուտ դիւանագիտութեան յաղթանակ, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, Քոլոմպիոյ համար եղաւ արտաքին պարտադրանք եւ իր հողատարածքի վերահսկողութեան կորուստ, իսկ Փանամային համար նշանակեց տասնամեակներ տեւած սահմանափակ գերիշխանութիւն»:

Կը յիշեցնէ, որ գրեթէ ամբողջ քսաներորդ դարուն ընթացքին ջրանցքին մօտակայ տարածութիւնները եղած էին «գաղութատիրական անքլաւի (միջերկիր, կղզիացած տարածք) նման բան մը` վերապահուած ջրանցքին ամերիկացի գործաւորներու եւ պաշտօնեաներու ընտանիքներուն, եւ անոր ապահովութեան վերահսկող ուժերուն: Այդ տարածքները նաեւ հանրածանօթ դարձան որպէս լատինամերիկեան ցամաքամասի վրայ հակայեղափոխական խմբաւորումներու մարզումի կեդրոններ` տխրահռչակ «Ամերիկաներու վարժարանը»: Նշենք, որ հոն Ամերիկայի գաղտնի սպասարկութիւնները կը պատրաստէին բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնք իրենց երկիրներուն մէջ պետական հարուածով իշխանութիւնը պիտի վերցնէին եւ հաստատէին բռնատիրական վարչակարգեր` «ներքին թշնամիին դէմ» պայքարելու համար: «Շանորդի է, բայց մե՛ր շանորդին է», անոնց մասին ըսած է Ամերիկայի նախագահ մը…

Փանաման ի վերջոյ իր գերիշխանութիւնը վերահաստատեց ջրանցքին վրայ: Ճիշդ հակառակը կը պատահի Սիւնիքի մէջ, կ՛ըսէ Անթառամեան` նշելով Ռուսիոյ համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այն միջանցքը, որ պիտի բացուի, համաշխարհային ծանուցման կ՛արժանանայ որպէս քոզմոփոլիթ ծրագիր, հնչուն անունով մը, որ «աւելի շուտ կը յուշէ Մայամիի մէջ պերճ «ռիզորթ» մը, աւելի քան` Կովկասի ամենալարուած շրջաններէն մէկուն համար ծրագիր մը»:

«Տանըլտի (Թրամփի) կառավարութիւնը, փոքերի երեսով, այն կը ներկայացնէ որպէս բացառապէս առեւտրական նախաձեռնութիւն, հեռու` ռազմական թէ ապահովական նկատառումներէ: Կարծես թէ մեր ժամանակներու պատմութեան մէջ շատ ըլլային տագնապալի տարածաշրջաններու մէջ միջանցքներ, ուրկէ բացառապէս առեւտրական փոխանակման եւ ժպտուն զբօսաշրջիկներ կ՛երթեւեկեն», կը հեգնէ Անթառամեան եւ յօդուածը կ՛աւարտէ շատ կտրուկ. «Ներողութի՛ւն, միայն կրնամ ըսել` «անիծեալ օր»»:

Գարլոս Անթառամեան Մեքսիքայի հայ փոքրաթիւ, բայց աշխուժ համայնքի առաջատար դէմքերէն է, մարդաբան, համալսարանի դասախօս եւ գիտաշխատող, քաջածանօթ ե՛ւ հայ սփիւռքին, ե՛ւ Հայաստանին: Պատահական չէ, որ Զանգեզուրի միջանցքի եւ Փանամայի ջրանցքի այս իւրայատուկ բաղդատական վերլուծումը իրմէ եկած ըլլայ. Լատին Ամերիկան հայկական վերլուծաբանական շրջանակին մէջ հազիւ թէ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ… Ի դէպ, Փանամայի ջրանցքին մասին Անթառամեանի յօդուածի ընկալման հաւանաբար օգնէ Ճան Լը Քարէի «Փանամայի դերձակը» վէպը (John Le Carré, The Tailor of Panama, 1996) եւ համանուն ժապաւէնը` Ճան Պուրմընի բեմադրութեամբ (2001):

Անթառամեանի յօդուածը նաեւ դուռ կը բանայ ռուսական հակազդեցութեան մասին խորհրդածութիւններու: Թէ ստորագրուած փաստաթուղթը աւելի քան խորհրդանշական է Կովկասի մէջ ռուսական ներկայութեան յետընթացի մը, գոնէ քարոզչական իմաստով, կասկածի տեղի չի տար: Ատով հանդերձ, Մոսկուայի հակազդեցութիւնը շատ հեռու է ահազանգային ըլլալէ ինչպէս կ՛ենթադրէին Կովկասի մէջ ռուսական ներկայութեան դէմ «Հաւաքական Արեւմուտք»-ի կամ ՆԱԹՕ-ի յառաջխաղացքով մտահոգ հայ վերլուծաբաններ, որոնք այնպէս ալ անցնող հինգ տարիներուն չեն յաջողած համոզիչ բացատրութիւն տալ Ռուսիոյ կողմէ տարածաշրջանին մէջ իր միակ դաշնակիցի լքումի հետեւողական փաստերուն: Կրնայ ըլլալ, որ Ռուսիա որդեգրած է սպասումի ռազմավարութիւն մը, թերեւս` ճիշդ հաշուարկելով, որ ստորագրուած փաստաթուղթի գործնականացումը դեռ «շատ ջուր կը վերցնէ», թերեւս` աւելի քան Թրամփին Նոպէլեան մրցանակի տիրանալը, որ առանձնաբար ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Քրեմլինին համար:

Բայց նաեւ կրնայ ըլլալ, որ Ռուսիա այս եռակողմանի հռչակագրի քիչ մը անհասկնալի «նախաստորագրութիւնը», հետեւաբար` Զանգեզուրի միջանցքը կամ Թրամփի ուղին, ընկալէ որպէս Ամերիկայի հետ բանակցային գործօն: Եւ այդ տրամաբանութեամբ է, որ միացաւ միջազգային համայնքին` ողջունելով «Կովկասի Փանամայի ջրանցք»-ը, որ հինգ տարի առաջ ինք ուզած էր իրականացնել եւ վերահսկել…

8 օգոստոսէն մէկ շաբաթ յետոյ Թրամփ եւ Փութին պիտի ունենան իրենց առաջին հանդիպումը Ալասքայի մէջ` քննելու համար Ուքրանիոյ պատերազմը աւարտելու ձեւը: Հանդիպման վայրը խորհրդանշական է. այն հողատարածքն է, որ մաս կը կազմէր ցարական կայսրութեան եւ Ալեքսանտր Բ. Ամերիկայի վաճառեց 1867-ին` տասնամեակ մը առաջ Խրիմի պատերազմով պարպուած իր գանձարկղին եկամուտ (7,2 միլիոն տոլար) ապահովելու համար: Ճիշդ է, որ ատենին ռուս ազգայնականներ ընդդիմացան եւ երկար ժամանակ երազեցին վերատիրանալ տարածաշրջանին, բայց վերջին հաշուով հողատարածքներու, յաճախ` իրենց բնակչութեամբ, առուծախը վերապահուած էր` կայացած, բայց սնանկացած կայսրութիւններու, գաղութատէր մեծ տէրութիւններու, թէ ծնունդ առնող, բայց արդէն ծաւալապաշտական ախորժակներով յատկանշուող կարողական գերուժերու:

Թէ ի՛նչ արդիւնք պիտի տայ 15 օգոստոսի Թրամփ-Փութին հանդիպումը, կամ Ռուսիոյ ողջունումը` 8 օգոստոսի Ամերիկա-Հայաստան-Ազրպէյճան եռակողմանի հռչակագրին, ինչպէ՞ս կրնայ առնչուիլ Ուքրանիոյ մասին այս բանակցութիւններուն` թերեւս կարելի ըլլայ մեկնաբանել հանդիպումէն ետք միայն: Կը մնայ, որ Փութին հասկցած է, թէ Թրամփին հետ պէտք է խօսիլ իր` անշարժ գոյքի գործարարի լեզուով, ինչպէս կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի լուրերու մեկնաբանը (Paul Sonne, «After Almost Losing Trump, Putin Gets His Ideal Summit», New York Times, August 10, 2025), եւ միջազգային բանակցութիւններու մէջ տիրապետող է նոյն այդ տրամաբանութիւնը` Զանգեզուրի միջանցք ըլլայ այդ թէ Ուքրանիոյ մէջ հազուագիւտ մետաղներու հանքեր: Այսինքն գործարարական փոխանակումներու շահոյթի տրամաբանութեան մէջ է, որ ռազմավարական շահերը պիտի բանաձեւել, ոչ թէ հակառակը, ինչպէս կ՛ենթադրէ դասական աշխարհաքաղաքականութիւնը` պատմական յիշողութեան, դաշինքներու հաւատարմութեան, ազգային, կրօնական թէ ցեղային հաւասարումներու եւ նմանօրինակ այլ հաշուարկներու բարդացումներով:

Ճուլիանօ Տա Էմփոլի «գիշատիչներ» կ՛որակէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ մերօրեայ խաղացողները, մեծպետական ղեկավարներ ըլլան անոնք թէ գերհարուստներու դասակարգի ներկայացուցիչներ (Giuliano Da Empoli, L՛heure Des Prédateurs, Paris: Gallimard, 2025): Գիշատիչները իրենց սեղանին կը հրաւիրեն զանոնք, զորս պիտի բզկտեն, եւ, երբեմն, պատառ մը իրենց տան: Կը մնայ, որ գիշատիչներուն զոհերը նոյնանման վերաբերմունք չունին: Ոմանք պատրաստ են ամէն ինչ զիջելու եւ աւելին, ինչպէս Նիկոլ Փաշինեանը, որ հակառակ Թրամփի պատրաստակամութեան` չուզեց Պաքուի մէջ հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը ներառել փաստաթուղթին մէջ: Ի տարբերութիւն Զելենսքիի, որ առնուազն կը փորձէ փրկել իր արժանապատուութիւնը եւ ի սկզբանէ յայտարարած է, որ կը մերժէ որեւէ հողային զիջում, կը մերժէ 15 օգոստոսը վերածել «անիծեալ օր»-ի:

Հորիզոն

 

Նախորդը

Ակնարկ. 9 Նոյեմբերի Վերափոխումը 8 Օգոստոսի

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (12 Օգոստոս 2025)

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?