Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքսել Պարտութեան Վարչակարգը

August 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հարց կը տրուի ինծի, թէ իսկապէս ի՞նչ պիտի առաջարկէի Փաշինեանի «խաղաղութեան փաթեթ»-ին որպէս այլընտրանք` կարենալ «արդարացնելու» համար այն բուռն հակառակութիւնը, զոր ցոյց կու տամ Փաշինեանի յիշեալ նախաձեռնութեան: Հարցադրութեան ենթատեքստը յստակ է:

Չքննադատե՛լ ՀՀ իշխանութիւնը եւ չհակադրուիլ անոր գործին, եթէ չունիս փոխընտրութեան յստակ առաջարկ: Յստակ հակափաթե՛թ: Անշուշտ հարցադրումը կու գայ փաշինեանական համակարգի ջատագովական դաշտէն:

Իմ պատսախա՛նս:

(Ա) Փաշինեանի «խաղաղութեան փաթեթ»-ը բացարձակապէս կապ չունի խաղաղութեան հետ: Ան ժխտումն իսկ է խաղաղութեան, որուն բուռն կարիքը ունի մեր երկիրը, եւ որուն յամառօրէն կը ձգտինք մենք եւ մեր ժողովուրդը: Փաշինեանական փաթեթը բացէ ի բաց պարտադրուած է թշնամիին կողմէ եւ կը ցոլացնէ ՄԻԱՅՆ ՈՒ ՄԻԱՅՆ թշնամի կողմի շահերն ու առաջնահերթութիւնները: Հայաստանը ներկայացուած չէ: Հայաստանը կողմ չի ներկայացներ այս գործողութեան մէջ: Հայաստանը չունի իրական բանակցային կարգավիճակ փաթեթի խօսակցութեանց մէջ: Հայաստանը պարզապէս կը խօսի պարտուածի վասալական դիրքերէ:

(Բ) Իրական խաղաղութիւնը կրնայ բխիլ ՄԻԱՅՆ ՈՒ ՄԻԱՅՆ լծակային (leverage-based) կարողականութիւններէ, որոնք կը հաւասարակշռեն ուժային համեմատութիւնը բանակցութեան կողմերուն միջեւ: Այդպիսի բանակցութիւն գոյութիւն չունի Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ: Հայաստանը դրուած է լծակազուրկ դիրքերէ գործելու դրութեան մէջ: Իրականութի՛ւն մը, որուն համար լայնօրէն պատասխանատու է փաշինեանական իշխանութիւնը: Աւելի վա՛տը. փաստերը ցոյց տուին, որ փաշինեանական իշխանութիւնը ի վիճակի չէ շրջելու այս իրականութիւնը: Ան իր տեսլականով եւ քաղաքականութեամբ անատակ է լծակային նոր կարողականութիւններով զինելու Հայաստանը: Ան կը գործէ այն եպերելի մտայնութեամբ, որ ինք ստեղծուած է` Հայաստանի դժուարաւ շահուած լծակային ուժականութիւնները ազատօրէն մսխելու, զանոնք թշնամիին զիջելու եւ հայ անկախ պետականութիւնը զրկելու լինելիութեան իր բանալի զէնքերէն: Պարզ խօսքով, տալ ամէն ինչ, որ թշնամին կը պահանջէ, «խաղաղ» ապրելու նպատակին համար:

(Գ) Այն, ինչ որ կը բաժնէ Հայաստանի ազատ քաղաքացին եւ, ըստ էութեան, ողջ հայ ժողովուրդը, փաշինեանական իշխանութենէն, լծակային ուժի այս ոսկեայ սկզբունքն է: Առանց այդ սկզբունքին` Հայաստանը կը վերադառնայ (թէկուզ` երեւանեան ճոխակեցութեան սուտ ջնարակներով) իր հին օսմանեան ստրկային կարգավիճակին: Փաշինեանական «խաղաղութիւն»-ը ապակողմնորոշիչ եւ շնական (cynical) անուանումն է ստրկութեան յիշեալ կարգավիճակին: Այսօր կրկին գործ ունինք Խրիմեան Հայրիկի կողմէ յստակօրէն բանաձեւուած «Երկաթէ շերեփ»-ի մեր ազգային վարդապետութեան հետ (doctrine), որ պարզապէս գոյութիւն չունի փաշինեանական գաղափարախօսութեան մէջ: «Երկաթէ շերեփ»-ի այս խորհրդանիշը անցեալին մեկնաբանուած է բացառաբար որպէս զինեալ պայքարի կարողականութիւն, մինչդեռ ան շատ աւելին է նոյնիսկ Խրիմեան Հայրիկի արծարծած հարցերու համատեքստով: Ան կ՛ընդգրկէ մեր ազգային ռազմավարութեան համար պարտադիր` ռազմական, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, դիւանագիտական, աշխարհաքաղաքական եւ այլ ստորոգելիներէ բաղկացած զինանոցին ամբողջութիւնը:

Այլ խօսքով, ան կ՛ընդգրկէ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԾԱԿԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՂՋ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱ՛ՐԳԸ: Ուժականութիւններու այս թանկագին զինանոցն է, որ Փաշինեան քայլ առ քայլ կը յանձնէ թշնամիին` անօգնական եւ անզէն վիճակի մատնելով մեր երկիրը Հարաւային Կովկասի եւ առհասարակ տարածաշրջանի կնճռոտ ռազմաբեմին վրայ: Իրավիճա՛կ, որ բացէ ի բաց կը դաւէ Հայաստանի սահմանադրութեան հիմնարար սկզբունքներուն: Որմէ եւ կը հետեւի, որ Փաշինեան եւ իր չարաշուք համակարգը պէտք է ընդփոյթ դուրս բերուին իշխանութեան դիրքերէն եւ յանձնուին օրէնքի խստագոյն տնօրինումներուն: Փաշինեանական փաթեթը չի կրնար ներկայացնել մեր պետականութեան հարազատ եւ գերագոյն շահերը: Եւ այնքան ատեն որ գոյութիւն ունի ան ՀՀ իշխանութեան դիրքերուն վրայ, Հայաստանը ի վիճակի չէ բանակցելու: Այս առումով, փաշինեանական համակարգը խոչընդոտն իսկ է հայկական կողմի բանակցելու իրական կարողականութեան:

(Դ) Բոլոր անոնք, որոնք փաշինեանական «փաթեթ»ին դիմաց հակափաթեթ կ՛ուզեն տեսնել, պիտի գիտնան, որ փաշինեանական յանցագործ քաղաքականութիւնը փոխընտրութիւն չունի: Բաղդատութեան եզրեր չեն կրնար գոյութիւն ունենալ ազգային ուժերուն եւ փաշինեանական համակարգին միջեւ: Բազմաթիւ սերունդներու արեամբ, հանճարով եւ նուիրումով կերտուած լծակային զինանոցը թշնամիին յանձնող կողմը հաւասարութեան չի կրնար յաւակնիլ: Ան դուրս պիտի դրուի իշխանութենէն, եւ իշխանութիւնը պիտի վերստին անցնի ՀՀ սահմանադրական կարգերու իրական վեհապետութեան:

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ԱՄԷՆ ԳՆՈՎ, ԵՒ ԱՆՅԱՊԱ՛Ղ,  ՀԱՅ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼԾԱԿԱՅԻՆ ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԶԻՆԱՆՈՑԸ ԵՒ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ԱՄՈՒՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ՌԱԶՄԱՔԱՐՏԷՍԻՆ ՎՐԱՅ: ԱՀԱ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱԿ ՓԱԹԵԹԸ: ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԸ Կ՛ԱՊՐԻ ԻՐ ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ՕՐԵՐԸ:

ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱԼ ԱՄԷՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՆՈՅՆԻՍԿ` ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ՛, ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԵՐԿՐԻ ԻՐԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ՔԱՈՍԻՆ ՄԷՋ: ԵՒ ԱՅՍ ՆՊԱՏԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆ Է ԱՐՏԱՔՍԵԼ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ ԻՐ ՈՂՋ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՄԲ: ԵՒ ՎԵՐՍՏԻՆ ԼԾՈՒԻԼ ՄԵՐ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐԻՆ ԵՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՆ:

Ուաշինկթըն

Նախորդը

Անմեղ Մտահոգութիւն

Յաջորդը

«Լիբանանեան Ճակատ»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.