Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անմեղ Մտահոգութիւն

Օգոստոս 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Արդէն քառորդ ժամէ ի վեր թոռնիկիս յաճախած մանկապարտէզի դրան մուտքին, շատ մը ծնողներու հետ, Քալիֆորնիոյ տաք արեւէն պատսպարուելու համար, նիհար ծառի մը շուքին տակ կեցած ես ալ անհամբեր կը սպասէի արձակուելու զանգին:

Այսօր կանուխէն եկած էի, որ մեր հինգ տարեկան թոռնիկը` Վանան, «փողոցը չմնար»: Անգիր պաշտօնս էր, որ զինք ճիշդ ժամուն «վերցնէի» ու բերէի տուն: Ապա կերակրելէ ետք, միասին քիչ մը պէտք էր ժամանակ անցընէինք: Այսպէս, իր պուպրիկներով եւ կամ ալ խաղալիքներով անպայման միասին պէտք էր որ խաղայինք, մինչեւ որ մայրը իր գործէն արձակուելով` «հասնէր» ու զինք առնելով` տուն տանէր յաջորդ օրը նոյնը կրկնելու խոստումով:

Է՜հ, թոռնիկ է. ո՞ր մեծ հայրը կամ մեծ մայրը կրնար մերժել կամ դժկամիլ: Իրողութիւն է, որ Ամերիկայի մէջ պապիկներն ու նանիներն են, որոնք թոռներ «կը մեծցնեն», «հոգ կը տանին», եւ ոչ թէ` ծնողները, որովհետեւ այս վերջինները ժամանակ իսկ չունին: Գործէն տուն, տունէն գործ: Ահա Ամերիկա: Հաւատացէ՛ք: Բայց անկեղծօրէն ըսելով` ինծի համար միշտ հաճելի եղած էր թոռնիկ տանիլ-բերել, խաղցնել, խաղալ եւ այլն: Կանաչ օրերս կը յիշէի: Իմ այդ տարիքիս եւ թերեւս ալ անկէ ալ աւելի փոքր, մեր բնակած թաղի միւս ծայրն էր մեր դպրոցը, ու ամէն օր մեծ մայրս կու գար ու զիս կը դիմաւորէր` խարբերդցիական ոճով «ղատատ առնիմ» մը բարձրաձայն ըսելով: Ու ես աշխարհի չափ ուրախ էի: Իսկ հիմա…

Ինծի համար այդ օրերու կարօտը անկասկած որ գոյն ունէր: Երազի եւ գեղեցկութեան փնտռտուք կար: Բայց մենք չէինք հասկնար:

Ու ահա որոշուած ժամուն Վանան կարօտով «պապի՜կ» մը պոռալով` դուրս կու գայ դպրոցի դռնէն: Կը փաթթուինք: Ձեռքէն առնելէ ետք իր «ծանր» պայուսակը, կը սկսինք միասին դէպի մեր ինքնաշարժը քալել: Վայրկեանին, կը յիշեմ, որ տունը ձգելէս առաջ, կինս ապսպրած, աւելի ճիշդ` պատուիրած եւ հրահանգած էր, որ արդէն ինք Վանային սիրած ճաշերը պատրաստած էր` քիւֆթէ, բրինձով փիլաւ, միթ պոլ եւ այլն:

– Դուն իրեն այս բոլորը շարէ՛, ալ ինքը գիտէ, եթէ սիրտը ուրիշ բան ուզեց, գնէ՛, չոճուխը մի՛ նեղացներ:

Ահա քեզի թելադրանք-հրահանգ: Անոր համար հազիւ ինքնաշարժ նստած` առաջին հարցումս եղաւ.

– Աղջի՛կս, ի՞նչ կ՛ուզես ուտել, սիրտդ ի՞նչ կ՛ուզէ:

Ու շարեցի կնոջս պատրաստածները: Լման ցանկը հատիկ հատիկ ըսի եւ կրկնեցի համոզիչ ձայնով:

– Դո՛ւն գիտես, պապիկ,- պատասխանեց Վանան` արագ եւ անմեղօրէն:

Հասկնալի էր: Ամէն բան յստակ էր: Այս արդէն ինքնին կը պարզաբանէր կամ կը նշանակէր, որ իր ուզածը ուրիշ բան էր: Ինք այսօր ուրիշ նախընտրութիւն մը ունէր մտքին մէջ:

– Ես բա՛ն չեմ գիտեր, դո՛ւն ես անօթին եւ դո՛ւն որոշէ,- ըսի աւելի համոզիչ եւ մեղմ:

Ոչ մէկ պատասխան: Հիմա ինքնաշարժին մէջ խորհրդաւոր լռութեան տհաճ ներկայութիւնը կար: Զգալի էր: Հասկնալի էր նաեւ, որ այս փոքրիկ աղջկան գլխուն մէջ կատարեալ շփոթ կար եւ կամ ալ` միտքերու քաոս: Ուստի հարց – պատասխանը չերկարելու համար անմիջապէս ըսի, որ նախ աթոռի գօտին կապէ, կոճկուի եւ ապա հարցումիս յստակ եւ վերջնական պատասխանէ: Այս մէկը իսկապէս հրահանգ էր: Իր կարգին, ինք գլուխը իր ափերուն մէջ առած, դէմքին վրայ տեսակ մը նոր ստուերներ նստեցուցած ու խռպոտ ձայնով պատասխանեց:

– Պապի՛կ, ատկէ կ՛ուզեմ,- ըսաւ բարի ու ներողամիտ ժպիտով մը:

Իսկապէս որ բառը ամէն բանի սկիզբն է, ըսած էին մեծերը: Ճիշդ էին: Սակայն մտածումն է, որ ամէն ինչ շարժումի մէջ կը դնէ: Կեանքը գեղեցկացնող ջերմութիւն: Ուստի մարգարէ ըլլալու պէտք չկար: Իր ուզածը այդ «չիքըն նակեթ» կոչուած հաւու տապկուած կտորներ էին, նաեւ տապկուած գետնախնձորով` «ֆրենչ ֆրայզ»-ով միասին, այդ նշանաւոր «Մըք Տանըլծս»էն:

– Լա՛ւ, սիրով,- ըսի, հանդարտ անկեղծութեամբ մը:

Յանկարծ, ո՜վ հրաշք, դէմքը պայծառացաւ: Կարծես մէջը պարած էր իր երազը: Անմիջապէս ինքնաշարժս ուղղեցի դէպի այդ «օրհնեալ» ճաշարանը, որ իր թաղին մէջ ունէր նաեւ յատուկ պատուհաններ, ուրկէ կրնայիր, առանց ինքնաշարժէդ իջնելու, նախ առաջինէն` պատուէրդ տալ եւ ապա յաջորդին անցնելէ ետք` վճարել, իսկ վերջինէն` վերցնել պատուէրդ:

Վանան շատ կը սիրէր այս մէկը: Գոց սորված էի: Ինք կ՛ապսպրէր եւ ինք կը վերցնէր: Անոր համար այս անգամ ալ ինք մեծ ուրախութեամբ եւ հրճուանքով նախ իր նախընտրածը ապսպրեց: Ապա ինքնաշարժս «քշեցի» դէպի երկրորդ պատուհան: Հանեցի տասնոց մը: Երկար մազերով աղջիկ մը ձեռքը երկարեց ու ինձմէ առաւ դրամս: Կրկնեց ապսպրանքին արժէքը եւ վերադարձուց երկու տոլար եւ քանի մը սենթ ու պատուիրեց, որ անցնինք առաջ:

Ապահովութեան գօտիս քակած էի ու կը պատրաստուէի դրամս տեղաւորել գրպանս, երբ յանկարծ Վանային մեղմ ու համոզիչ ձայնը լսեցի:

– Պապի՛կ, երբ դո՛ւն երթաս, ասոնք ինծի պիտի տա՞ս:

Երկինքէն ինկածի պէս եղայ: Նայեցայ դէմքին: Այդ վարկեանին ինք մտերիմ դիմագիծ մը ունէր: Փորձեցի արագ մը վերլուծել իր արտասանած «երթաս»-ը:

– Ո՞ւր պիտի երթամ,- ըսի չհասկնալ ձեւացնելով,-գիտեմ, որ հիմա՛ տուն…

– Ո՜չ, ո՛չ,- շարունակեց անմեղունակ ձայնով մը, չհասկցար, ըսի եթէ դուն «կան» երթաս:

– Այո՛, կը հասկնամ, սակայն ո՞ւր «եթէ երթամ»,- ըսի նոյն ոճով եւ հարցականով:

– Պապիկ, «այ մին», ըսել կ՛ուզեմ, երբ դո՛ւն հոս, գետնին վրայ եթէ չըլլաս…

– Օ՜հ, այսինքն եթէ մեռնի՞մ,- ըսի ծանր վէրք ստացողի մը ձայնով:

– Այո՛…,- ըսաւ քիչ մը ամչնալով, փոքր յանցանք գործողի բառերով:

Հասկնալի էր: Այս տարիքին այսքա՜ն յանդգնութիւն, քիչ մը շատ էր: Արդեօք այս երկրի օդէ՞ն էր, թէ՞ ջուրէն կը սորվէին այսքան բաներ: Չեմ գիտեր: Մեր այդ տարիքին, արդեօք կրնայի՞նք… Վանան ձեռքս քանի մը տոլար տեսած էր ու կը կարծէր, թէ ես իսկապէս իրեն համար մեծահարուստ պապիկ մըն էի, ու հիմա ինք կ՛ուզէր տէրը դառնալ այդ «ժառանգին»: Կեղծ հիսաթափութեան խորշոմներ դէմքիս վրայ, նախ բացատրեցի եւ ապա խոնարհ ժպիտով մը ներքին հաշտութեան տպաւորութիւնը ձգելու համար պարզ, հանդարտ եւ ապահով ձայնով ըսի.

– Այս բոլորը քուկդ են, պապի՛կս, միայն դո՛ւն առողջ մեծցիր:

Տպաւորիչ, նոյնքան հանդիսաւոր, իր ձայնը դողաց եւ աչքերէն կարծես գունաւոր կայծեր արձակուեցան: Յետոյ խաղաղ նայուածքով մը, որ յուշ կը պատմէ եւ, աւելի՛ն, համակրանք կը յայտնէ, ըսաւ.

– Պապի՛կ, գիտե՞ս, «այ լաւ եու», բայց ես չեմ ուզեր, որ դուն շուտով «երթաս»:

Հասկնալի էր: Գիտէի, որ հիմա ինքնաշարժին մէջ ունէի հաճելի նոր եւ անմեղ խօսակից մը, եւ մանաւանդ` փոքր եւ անկեղծ «խորհրդակից» մը, որ կեանքդ դէպի ուրախութիւն կ՛առաջնորդէ, եւ որուն ձայնը քեզ կեանքի կը կանչէ:

Հաստատապէս թոռնուհիիս ինծի հանդէպ ունեցած սէրը տակաւին կը պահէր իր պայծառութիւնը:

bedig43@aol.com

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (11 Օգոստոս 2025)

Յաջորդը

Արտաքսել Պարտութեան Վարչակարգը

RelatedPosts

Նշմար.  Խորտակե՛լ Լուացքի Մեքենան…
Անդրադարձ

Նշմար. Խորտակե՛լ Լուացքի Մեքենան…

Օգոստոս 22, 2025
Խոստացեալ Խաղաղութի՞ւն, Թէ՞ Աստիճանական Ոչնչացում…
Անդրադարձ

Խոստացեալ Խաղաղութի՞ւն, Թէ՞ Աստիճանական Ոչնչացում…

Օգոստոս 22, 2025
Հարիւր Անգամ…
Անդրադարձ

Հարիւր Անգամ…

Օգոստոս 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?