Աւելի քան 25 տարի առաջ Վահէ Օշական սոյն վերնագիրով յօդուած մը կը ստորագրէր` սկսելով հետեւեալ տողերով. «Կտրատումի, երկփեղկումի չարագուշակ հովեր կը փչեն մեր ազգին վրայէն: Խորհրդաւոր ախտ մը կը կոտորակէ մեր ուժերը եւ կը սպառնայ ջլատել սփիւռքն ու Հայաստանը»: Յօդուածը կը շարունակուէր օրուան իրավիճակի վերլուծումով ու կ՛աւարտէր կարգ մը բացասական հաստատումներով` դատապարտելով Դաշնակցութեան հայաստանակեդրոն դարձած ու, ենթադրաբար, սփիւռքը անհրաժեշտ հոգածութենէ զրկած ըլլալը:
Օրին բնականաբար չէի կրնար համաձայն ըլլալ այդ հաստատումներուն, սակայն եթէ այսօր իր նոյն այդ յօդուածէն կը մեկնիմ ա՛յս յօդուածս գրելու համար, առաջին հերթին ճիշդ այդ առաջին տողերուն անհերքելի իրականութիւն ըլլալուն համար եւ երկրորդ հերթին` ճիշդ հակառակին սոսկումով, որ յանկարծ դադրի՛նք հայաստանակեդրոն ըլլալէ` մեր ներկայ ողբալի իրավիճակին պատճառով:
Ահա վտանգը, որ կը սպառնայ մեզի, կը սպառնայ հայութեան:
Գուցէ Հայոց պատմութեան հազարամեակներուն ընթացքին այսքան վտանգաւոր կացութեան մէջ չենք գտնուած, եթէ նկատի չունենանք Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Կը թուի, թէ հասած ենք նոր եղեռնի մը նախադրան:
Իսկ այս պարագային` ոչ թէ կուսակցութեան մը կողմէ սփիւռքի նկատմամբ կարծեցեալ թերացումի մը նշումով, ինչպէս Օշական կ՛ընէր քառորդ դար առաջ, այլ` Հայաստանի իշխանութեան իսկ կողմէ սեփական պետութեան քանդումով: Տասը դար ետք… անգամ մը եւս կը ծախուի Անին:
Այս վտանգ է ամբողջ ազգին համար` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Կը նսեմացուին ազգային արժէքները: Կը կազմալուծուին ազգային հաստատութիւնները: Կը հարուածուին ազգային կազմակերպութիւնները: Կը փորձուի խորտակել հայութեան ինքնութեան մնայուն ողնասիւնը հանդիսացող Հայաստանեայց եկեղեցին: Կը դատապարտուի Հայ դատի հետապնդումը…
Ո՞ւր կը տանին այս բոլորը, եթէ ոչ` հայկական պետութեան անհետացման:
Իսկ սփիւռքի հայութի՞ւնը:
Սփիւռքի հայութիւնը, որ ի սկզբանէ Հայաստանո՛վ է ապրեր, Հայաստանի տեսլականո՛վ վերապրեր էր ու առանց վհատելու փայփայեր է յոյսը Հայաստան վերադառնալու, որքան ալ անիրականալի թուէր այդ, ինչպէ՞ս պիտի վարուի ան, ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ այս ողբերգական իրականութեան:
Ինչպէ՞ս պիտի դիմադրէ հայրենիքէն օտարումին, ա՛լ չեմ ուզեր լսել Հայաստանի մասին, ա՛լ ոչ մէկ լումայ Հայաստանի համար. ինչպէ՞ս պիտի համոզէ իր զաւակները, որ շարունակեն հայ մնալ, շարունակեն տէ՛ր մնալ հայ լեզուին, մշակոյթին ու պատմութեան, շարունակեն պայքարիլ հայոց իրաւունքներու վերականգնման համար: Ինչպէ՞ս: Ինչպէ՞ս:
Խորհրդային բռնատիրութեան ամբողջ 70 տարիներուն սփիւռքի տարագիր հայութիւնը կրցաւ` ինքզինք գտնել ու կազմակերպուիլ, կերտել դպրոց, եկեղեցի թէ ակումբ, ստեղծել մամուլ ու գրականութիւն, եւ մշակոյթ` միշտ շնորհիւ Մեծ տեսլականին դաւանող, զայն պաշտպանող ու սերունդէ սերունդ աւանդող մեր ազգային ղեկավարութեան: Ի գին մեծ զոհողութիւններու, ամէ՛ն տեսակ զոհաբերութեան:
Միշտ հիւսելով նորանոր բոյներ, բայց չմոռնալով ետեւը ձգած, իր հիւսած, բայց մանաւանդ իր նախահայրերո՛ւ բոյները: Շնորհիւ այդ անմոռ Տեսլականին:
Հիմա ճիշդ այդ տեսլականի ջախջախո՛ւմն է, որ կը հետապնդուի թշնամիին կողմէ, ափսո՜ս, կը հետապնդուի հայանուն մարդոց իսկ ձեռքով:
Իսկ տեսլականը, ի՛նչ բանաձեւումով ալ որ զայն ներկայացնենք` «Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան», «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ», թէ պարզապէս «Հայաստան, երկիր դրախտավայր», միեւնոյն է, մեզ ոտքի կը պահէր ու պիտի պահէ, եթէ յոյսը չկորսուի: Եթէ յոյսը չըլլայ ի սպառ կորսուողը: Վտանգը ոչ թէ հողաշերտերու կորուստն է, ոչ թէ նոյնիսկ այդքան մեծաթիւ մատղաշ հայորդիներու կեանքի կորուստն է վասն ոչինչի, ոչ իսկ մեր բազմադարեայ մշակութային կոթողներու կորուստն է, այլ` կորուստը յոյսին: ՅՈՅՍ-ին:
Մենք չենք կրնար չըլլալ հայաստանակեդրոն: Ի վերջոյ, ի՞նչ սփիւռք` առանց հայրենիքի: Որո՞ւ սփիւռքը:
Այո՛, նոյնիսկ` անկախ Հայաստանի բացակայութեան:
Տեսլականը կրնայ դեռ երկար ժամանակ վառ պահել յոյսը, ինչպէս եղեր է դարերէ ի վեր:
Թշնամին ասիկա լաւ հասկցած է: Բոլո՛ր թշնամիները լաւ են հասկցած:
Ահա՛ վտանգը: ՎՏԱ՛ՆԳԸ:
Ահա նաեւ մարտահրաւէրը` պահպանելու յոյսը, մարտահրաւէրը` մեր կուսակցութեան, հայկական բոլոր կուսակցութիւններուն համար, բոլոր կազմակերպութիւններուն համար: Համա՛յն հայութեան համար:
Ամէն մէկուս, քեզի ու ինծի համար: