Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպէն Փրենզլաու` Գոյատեւութեան Խճանկար Մը

Օգոստոս 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Սուրիոյ մէջ մարտ 2011-ին սկսած ու երկիրը արիւնաքամ ընող քաղաքացիական անողորմ պատերազմի անտանելի դառնութիւնները, ապագայի հանդէպ շեշտուած անորոշութիւնները հարկադրեցին, որ ստուար թիւով սուրիահայեր, իրենց սեփական տուները ետին թողած արտագաղթեն` խաղաղ ու անվտանգ կեանքի պայմաններով ապաստաններ գտնելու, մինչեւ իսկ օտար ու պղտոր հրապոյրով հորիզոններու վրայ ապաստանելու: Անծանօթ, երբեմն չճանչցուած անուններով քաղաքներու մէջ, նոր տուներ կառուցելու մթապատ ակնկալութեամբ, աւելի ծաւալելով հայ սփիւռք կոչուած ժայռոտ ակօսին ոլոր-մոլոր խրթին երթը: Սփիւռքի մէջ տարբեր համեմատութիւններով հայերու արտագաղթի սրտնեղիչ իրավիճակները միշտ ալ կը կրկնուին, ինչպէս` Լիբանանէն, Իրաքէն, Յունաստանէն եւ այլ հայ փոքրամասնութիւններ ունեցող երկիրներէն:

Բեննա Կիրակոսեան-Պատագեանն ալ Հալէպի երկրաչափական ուսումնարանը աւարտելէ ետք պաշտօնավարած էր Հալէպի Ազգային Հայկազեան նախակրթարանին մէջ` 1999 թուականէն սկսեալ, ուր դասաւանդած էր` թուաբանութիւն, գիտութիւն, ընկերային գիտութիւններ, իսկ յաջորդող տարիներուն` անգլերէն: Բեննա իր ամուսինին` Րաֆֆիին եւ զաւկին` Գէորգին հետ արտագաղթած էին Լիբանան, ապա շրջան մը բնակած էին Հայաստան: Սպառիչ դեգերումներէ ետք, ի վերջոյ, 2016 թուականին հասած են Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մօտիկ` Փրենզլաու (Prenzlau) քաղաքը: Լեզուի եւ մանկավարժական տեղւոյն դասընթացքներէ ետք նոյն քաղաքի Մոնթեսորի (Montessori) դպրոցներու միջազգային ցանցին [1] պատկանող նախակրթարանին մէջ 2018-էն ի վեր Բեննան կը դասաւանդէ անգլերէն եւ թուաբանութիւն: Արտագաղթի նմանօրինակ փորձառութիւն մը ունի նաեւ իր գործընկերուհին` ուսուցչուհի Դանիա Սայեղը, որ նախ 1998-էն Ազգային Հայկազեան, ապա Ազգային Կիւլպէնկեան նախակրթարաններու մէջ պաշտօնավարած է, իսկ 2012 թուականի նոյեմբերէն ի վեր հաստատուած է Լեհաստան: Հալէպի մէջ յիշեալ ազգային նախակրթարանները ներկայիս անցած են պատմութեան դարանները, իսկ այդ դպրոցներու մէջ ծառայած կրթական մշակներու հայ մարդուժը ընդհանրապէս եղած է ցիրուցան:

Պատագեաններուն համար արտագաղթը, տեղափոխութիւնները եւ նոր պայմաններուն ընտելացումը այնքան ալ հեշտ չընթացան: Բեննա կը վկայէ` ըսելով. «Երբ Գերմանիա եկանք, սկսանք տեղացիներու հետ յարաբերիլ: Լաւապէս կը զգային մեր սուրիացի ըլլալը, անմիջապէս անոնց անդրադարձը կ՛ըլլար` «Բայց դուք սուրիացիի չէք նմանիր»: Երբ կը բացատրէինք, որ մենք հայ ենք, մեր արմատները Հայաստանէն կու գան, անոնք ստիպուած կ՛ըլլային քանի մը վայրկեան մտորելու: Իսկ երբ լուսաբանէինք, թէ Ցեղասպանութեան պատճառով մենք այդ երկրին մէջ ապրեցանք, այդ պահուն մեզ քիչ մը աւելի լաւ կը հասկնային ու հետաքրքրուած` կ՛ուզէին մօտիկէն ծանօթանալ ու տեղեկանալ հայերու  մասին»:

Բեննա կը շարունակէ` ըսելով. «Մեծ ինքնագոհութիւն մը ապրեցայ, երբ մեր դպրոցի ուսուցիչներէն մէկը, մեզ ճանչնալէ ետք, սկսաւ ա՛լ աւելի հետաքրքրուիլ ու գիրքեր կարդալ հայերու մասին: Նման իրադարձութիւններ եւ զրոյցներ յաճախակի կը կրկնուին մեր ապրած նոր միջավայրին մէջ: Անգամ մը եկեղեցւոյ շրջանակէն մէկը հարց տուաւ Րաֆֆիին. «2016-ին Գերմանիան ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, ձեզի` հայերուդ համար, այդ ճանաչումը ինչո՞վ օգնեց:  Րաֆֆին հարցումով մը պատասխանեց. «Ճանաչման թուականէն առաջ դուք Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին տեղեա՞կ էիք»:  «Ո՛չ», եղաւ մարդուն պատասխանը: Մենք ինքնաբաւարարութեամբ պատասխանեցինք. «Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը առիթ եղաւ, որ գերմանացիներ լսեն, իմանան հայոց վշտալի տառապանքներուն եւ ողբերգութեան մասին»:

Ինչպէս զանազան օտար միջավայրերու մէջ, Փրենզլաուի պարագային ալ, չկան հայ ինքնութիւնը պահպանող որեւէ կառոյցներ` եկեղեցի, հայ դպրոց, մշակոյթի կեդրոն եւ այլ օժանդակ միաւորներ, բայց սուրիահայ արտագաղթողներէն ոմանք դրսեւորած էին իրենց ծննդավայրի թրծուած եւ հասուն փորձառութիւնը, կերտուած ազգային կամքը, էութեան մէջ շաղախուած մշակութային ժառանգութիւնը, իսկ ոմանք ալ մնացած էին անտարբեր: Պարզ է, որ ինքնութիւնը պահպանելու յանձնառութիւնը ինքնաբուխ է: Այդուհանդերձ, եւրոպական երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին փոքրամասնութիւններու ինքնութիւնը` լեզուն եւ մշակոյթը պահպանող  համակարգեր, որոնք նկատելի ներդրում ունին, օժանդակ պայմաններ կը տրամադրեն ինքնութիւնը երաշխաւորելու: Մեզի կը մնայ օգտուիլ հնարաւոր պայմաններէն, գործնական ծրագիրներ մշակել, իսկ այդ մէկը իրականացնելու համար մեզմէ կը պահանջուի լոկ ամրակուռ կամքի առկայութիւն ունենալ:

Բեննա օժտուած է ինքնութեան ու կամքի խթանիչ աղիւսներով, եւ այդ կամքն է, որ զինք մղած է նոր միջավայրին մէջ վերարտադրելու ամբարած ազգային ժառանգութիւնը` սիրայօժար ներկայացնելու իր հայութիւնը: Այդ առումով ալ ան կը նախաձեռնէ իր դասաւանդած դպրոցի աշակերտութեան համար պարզունակ, բայց գործնական ծրագիրի մը` հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը ծանօթացնող դասախօսութեան մը, իսկ Դանիա Սայեղը պիտի ծանօթացնէ հայ կարպետագործութեան սկզբնական կանոնները, պիտի ներկայացնէ փոքր չափի հայկական կարպետներ հիւսելու արուեստը եւ իրագործէ գործնական վարժանիստ մը: Ծրագիրի հաճոյալի ժամերը պիտի ամբողջանան Դանիայի երկու զաւակներուն` Ճորճի ու Արամի հայկական երգ ու նուագի համերգով` ներկաները խանդավառելու ու միաժամանակ հաճելի նորութիւն մը ստեղծելու տեղացի երիտասարդներուն` աւելի մօտէն հետաքրքրուելու հայկական երաժշտութեամբ:

Վերոնշեալ Մոնթեսորի դպրոցի վարչական արտօնութիւնը առնուած էր, որպէսզի ծրագրուած դասախօսութիւնը, հայ կարպետագործութեան արուեստը եւ հայ երաժշտութեան համերգը ներկայացուէին իբրեւ դպրոցական դասապահ: Բեննա, իր կարգին, պիտի հիւրընկալէ երկար տարիներու գործընկերուհին` իր երկու զաւակներով: Կը մնար Լեհաստանէն Փրենզլաու ճամբորդել` ծրագիրը իրականացնելու համար:

Ուրբաթ, 27 յունիս 2025-ին Փրենզլաուի մէջ, այդ ծրագիրը հեզասահ եւ յաջողութեամբ իրականացած էր` ոգեւորելով ներկաները: Ճորճ եւ Արամ եղբայրներու GOARM band-ի  Լեհաստանի զանազան քաղաքներու մէջ, առաւել` Շուէտի եւ Վիեննայի ելոյթները, 13 տարիներու հայ երաժշտութիւնը տարածելու շարունակուող երթը իրենց հարուստ փորձառութիւն մը շնորհած էին: Փրենզլաուի մէջ նոյնպէս հայերէն երգացանկի տղոց կատարումները` ալթի եւ կիթառի զմայլիչ ձայներով, հայ երաժշտութեան մոգութիւնը, հոգեխառն ոգեւորութիւնը պարգեւած էին ունկնդիրներուն, ինքնագոհութիւն եւ եռանդ ներշնչած էին նաեւ յայտագիրը իրագործողներուն, այլ վայրերու մէջ ալ նոյնանման ծրագիրներ կրկնելու լաւատեսութեամբ:

Սփիւռքի բազմատասնեակ նոր տեղանուններու ցանկին վրայ Փրենզլաու կոչուած քաղաքին մէջ ներկայացուածը արտագաղթող հալէպահայերու առօրեայէն առնուած յորդորիչ խճանկար մըն է, որ ՄԵԶ պէտք է հրաւիրէ ինքնամփոփումի եւ խորհրդածութեան, որ` միայն մեր սեփական ուժերով կը պահպանուի հայու գոյատեւութիւնն ու ինքնութիւնը: Արդարեւ, հո՛ն, ուր չկան ինքնավար միաւորներ, կազմակերպուած կառոյցներ, հո՛ն հրատապ կարիքը կը զգացուի հայ տաղանդաւոր մարդուժին սատարող յենարաններու: Հո՛ն, ուր հայկականութիւն պահելը կը մնայ գերագոյն հիմնախնդիր, յատկապէս անհրաժարելի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ` հեռու փուճ կարգախօսերէ:

——-

(1) Մոնթեսորի` դպրոցներու միջազգային կրթական ցանցը կը հետեւի իտալացի անուանի մանկավարժ, փիլիսոփայ, մարդաբան, գիտնական եւ բժիշկ Maria Montessori (1870-1952) մանկավարժական մեթոտաբանութեան սկզբունքներուն:  Կը կիրարկէ մանկավարժական ինքնուրոյն եւ ամբողջական կրթութեան հիմքեր: Զարգացնելով ոչ միայն դպրոցականի գիտա-ուսումնական կարողութիւնները, այլ նաեւ` ընկերային եւ զգացական աճը: Ուսուցիչները կը գործեն որպէս ուղղութիւն ցոյց տուողներ, խառն տարիքներով դասարաններու մէջ, յարգելով իւրաքանչիւր դպրոցականի անհատականութիւնը, խթանելով նաեւ համապարփակ մտածելակերպը: Մանկավարժական հիմնական սկզբունքն է` օգնէ ինծի ինքնաբաւ գործելու:

Նախորդը

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին

Յաջորդը

Սեւրի Դաշնագիր. Հայ Դատի Խորունկ Իմացութիւն Եւ Մարտավարական Ծրագիր. Համահայկական Հռչակագիրով 2015-ին Վերակենդանացաւ Սեւրի Դաշնագիրն Ու Ազգային Պահանջատիրութիւնը – Բ.

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?