Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր կը գտնուի ճակատագրական խաչմերուկներու առջեւ։ ժողովրդավարութիւն, արդարութիւն եւ բարեկարգումներ խոստացող Թաւշեայ յեղափոխութիւնը երկիրը մխրճած է խոր ճգնաժամի մէջ:
Դարեր շարունակ իր հողին վրայ ապրած Արցախի հայ բնակչութիւնը, տեղահանուեցաւ՝ իշխանութիւններուն ապիկարութեան հետեւանքով։ « Արցախի հարց գոյութիւն չունի այլեւս» կը յայտարարեն։ Արցախը ներկայ չէ մեր պաշտօնական քաղաքական օրակարգին վրայ։
Այս ցաւալի արտայայտութիւնը կը բացայայտէ պետական մտածողութեան մէջ տեղի ունեցած շրջադարձը։ Վարչապետէն բազմիցս հնչած յայտարարութիւնը՝ Արցախը երբեք չէ եղած Հայաստան, մեծ ծառայութիւն մատուցեց թշնամիի շահերուն՝ օժանդակեց միջազգային ընկալման փոփոխութեան, որ ի վերջոյ օրինականացուց ազրպէյճանական ներխուժումը։
Հայաթափուած Արցախ։ Միջազգային ձեւական արձագանգ, պետական բացայայտ անտարբերութիւն: Սա ոչ միայն տարածքային կորուստ է, այլ ազգային ինքնութեան խոր վէրք։
Արցախի հարցը փակուած չէ մեզի համար:
Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու պատրուակով, Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը կ՚անտեսէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը։ Պետական մակարդակով կը հնչեն յայտարարութիւններ, որոնք կը խաթարեն մեր պատմական յիշողութիւնը եւ զոհերու յիշատակին արժանապատիւ վերաբերումքը։ Տագնապալի է այն հեռանկարը, ուր ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը կը նսեմանայ յանուն չհաստատուած եւ միակողմանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ին։
Երբ իշխանութիւնները կը խօսին Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու «նոր էջ բացելու» մասին, սա ուղղակիօրէն կը նշանակէ՝ հրաժարիլ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն:
Սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկը, որ պիտի վերացնէ բոլոր «հողային պահանջներու» յաւակնութիւնները, իրականութեան մէջ կը հարթէ ճանապարհ մը՝ որ իր տրամաբանութեամբ կը մերժէ նաեւ ցեղասպանութենէն բխող արդարութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը՝ մեր հոգեւոր ու մշակութային ինքնութեան հիմնական սիւներէն մէկը, այսօր կը գտնուի պետական ճնշումներու տակ։ Փոխանակ պաշտպանելու ազգային միասնականութիւնը եւ հոգեւոր արժէքները, իշխանութիւնները կը փորձեն սահմանափակել Եկեղեցւոյ դերը հասարակութեան մէջ, զայն ներկայացնելով խոչընդոտ՝ «ժամանակակից» Հայաստանը կերտելու ճանապարհին։
Վարչապետը յաճախակիօրէն կ՚անդրադառնայ Եկեղեցւոյ «դրացիի կալուած» ըլլալուն, կամ անոր «քարացած պատկերին»։ Իսկ պետական քարոզչութիւնը «բաժնող» գործօն կը ներկայացնէ եկեղեցին:
Վերջին տարիներուն, Հայաստանի իշխանութիւնները բացայայտօրէն սկսան հեռանալ Ռուսիոյ քաղաքական, ապա՝ տնտեսական դաշտերէն։ «Ինքնիշխան ընտրութիւն» ներկայացուող այս ընթացքը իրականութեան մէջ լուրջ սպառնալիք է երկրին անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ ռազմաքաղաքական ոլորտներուն։
Եւրոպական Միութիւնը պղպջակներէ բացի, մինչեւ այսօր շօշափելի ոչ մէկ տրամադրութիւն յայտնած է անոր անդամակցութեան ։
Արեւմուտքին միանալու ձգտումը՝ առանց վերջինիս գործնական յանձնառութեան, խոցելի անորոշութեան կը մատնէ Հայաստանը, որովհետեւ Հայաստան միաժամանակ դուրս կը մնայ Կովկասի ու Կեդրոնական Ասիոյ տնտեսական գործընթացներէն։
ԵԱՏՄ-ը Հայաստանի արտածումներու հիմնական շուկաներէն մէկն է, եթէ ոչ՝ գլխաւորը։ Ռուսիա, իբրեւ տնտեսական գործընկեր, անմիջական կապեր ունի Հայաստանի փոքր եւ միջին առեւտուրի, ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու հետ։ Հեռացումը այս շուկայէն կը նշանակէ գնաճ, տնտեսական տագնապ, արժութային ճնշումներ,գործազրկութիւն, արդիւնաբերական անկում, արտաքին արդիւնաշրջանառութեան նուազում:
Եւրոպական Միութիւն անդամակցութիւնը քաղաքական շահարկութենէ անկախ, անհեռանկարային երազ մըն է, ոչ՝ մօտալուտ իրականութիւն։ Միամտութիւն է նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՏՄ-ի միաժամանակ անդամակցելու ոմանց «իրատեսութիւն»ը: Երեւան կը խորհի, որ ատակ է վարելու բազմաբեւեռ քաղաքականութիւն: Բազմաբեւեռութեան փոխարէն բեւեռաթափ կրնանք դառնալ…
Այն պահուն, երբ Պրիւքսէլէն չեն հնչեր նման հրաւէրներ, «Հայաստան Եւրոպական Միութեան մէջ կը տեսնէ իր ապագան» կը յայտարարեն Երեւանի մէջ: Սակայն ցանկութիւնը մէկ բան է, իրողութիւնը՝ այլ: Եւրոպական Միութիւնը իր սահմանները ընդլայնելու ոդոշում չունի յառաջիկայ տարիներուն..: Ան յստակ բանաձեւում տուած է այս օրակարգին:
Եւրոպական Միութիւնը զինք շահագրգրող երեք հիմնական նպատակներու գօտի կը դիտէ Հարաւային Կովկասը.
- Ռուսիոյ փոխարէն Ազրպէյճանէն ներածել կազ եւ նաւթ.
- Ռուսական ազդեցութեան սանձում.
- Թուրքիոյ հետ կայուն գործընկերութիւն հաստատելով, տնտեսական- քաղաքական ազդեցութիւն ունենալ Կովկասի ծովային եւ ցամաքային ճանապարհներուն վրայ.
Եւրոպական Միութեան շահերը միշտ չէ, որ կը համընկնին Հայաստանի ազգային շահերուն հետ։ Արցախի ողբերգութիւնը մեզի օրինակ: Եւրոպական Միութենէն կը լսուին զուսպ՝ յաճախ ալ «հաւասարակշռուած» հռետորաբանութեամբ երկիմաստ յայտարարութիւններ։
Վերջին ամիսներուն նոր գաղափարախօսութիւն մը ճանապարհ սկսաւ հատել հայրենի հարթակներուն վրայ, որուն համաձայն, մեր բոլորած դժբախտութիւններէն ձերբազատելու լաւագոյն լուծումը «կրթուիլն» է։ Անկասկած, կրթութիւնը առողջ հասարակութեան հիմքերէն մէկն է։ Բայց այս կարգախօսը այնպէս կը ներկայացուի, կարծէք անգրագէտ, տգէտ եւ յետամնաց ըլլար մեր ժողովուրդը։ «Կրթուիլը նորաձեւ է» կարգախօսին միացաւ «Իմանալ ինչպէս» եզրը…: «Վերամշակուած» Հայաստանի պատմութեան դասագիրքերուն մէջ պէտք է փնտռել արտաքնապէս անմեղ թուացող «Իմանալ ինչպէս» եզրին բացատրութիւնը…:
Այն տպաւորութիւնը կը փորձուի ստեղծել, որ հայ ժողովուրդը արժանի ըլլար իր բոլոր դժբախտութիւններուն, որովհետեւ «չէ կրթուած»։ Իսկ որո՞նք են այս «դաստիարակչական» շարժումին գլխաւոր մշակները. Վարչապետը իր տիկնոջ հետ, կառավարութիւնը՝ նիւթաբարոյական տարբեր լծակներով, խորհրդաւոր վարկերով սնուող լսատեսողական աղբիւրներ, դեղին մամուլը, կարգ մը կրթական հաստատութիւններ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, «մարդկային զարգացում»ի անուան տակ գործող անդիմագիծ կառոյցներ։
«Կրթուիլը նորաձեւ է» շարժումի փերեզակներուն պէտք է յուշել՝ մենք երբեք չենք եղած «անհոգի ամբոխ»։ Վկա՛ մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ մեր վիթխարի ներդրումը: Վկա՛ մեր պատմամշակութային կոթողները, վանքերը, մատենագիրները, մշակոյթի գործիչները…գրականութիւնը, երաժշտութիւնը…հրատարակութիւնները, բիւրաւոր ձեռագիրները…:
«Կրթուիլը նորաձեւ է» գաղափարախօսութիւնը քաղաքական զէնք մըն է իշխանութեան ձեռքը, այն արդարացումով, որ ժողովուրդը կրթութեան խիստ ծարաւ կը զգայ: Խորքին մէջ, «կրթուած»ի պատրուակով հասարակութեան մէկ շերտը «յառաջադէմ», միւսը՝ «անցեալի մնացորդ» կը փորձեն ներկայացնել։
Հայ մշակոյթի Ոսկեդարը, ծաղրուծանակի վերածուած է այսօր: Ծպտեալ վերլուծաբաններ, «Մշակութային բարգաւաճում»ը սատարող վարձկան քուրմեր, հայ հոգեմշակութային արժէքներուն վրայ կը յարձակին՝ «Հինգերորդ դարու մնացորդ», «Կղերական մտածելակերպ», կամ «Ազգայնամոլութեան ապուշ արտայայտութիւններու տէր անձեր» պիտակներով կը փորձեն վհատեցնել մեր ժողովուրդը։
Մէկ այլ գայթակղութիւն՝ «Կրթուողներուն» արգիլուած է բջիջային հեռաձայնով, ձայնագրութեան մեքենաներով մուտք գործել «դաստիարակութեան» սրահ…:
«Կրթուիլը նորաձեւ է» հիմնապէս կը սատարէ «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան: Ան կը հետապնդէ մէկ յստակ նպատակ՝ հայ անհատը խզել իր ազգային,հոգեւոր եւ մշակութային միջավայրէն: Խորթ արժէքներու թելադրութեամբ «համաշխարհայնացած սպառող»ի կը փորձեն վերածել հայ անհատը: Ահա թէ ինչու մեր հաւատքը, մեր դարաւոր բարոյական սկզբունքները, մեր պատմութենէն սերմանած ազգային արժէքները կը ներկայացուին իբրեւ «յառաջխաղացումի» խոչընդոտ։
Կրթուիլը պէտք չէ վերածել նուաստացնող քարոզչութեան։ Եթէ զգացուի մեր ժողովուրդը կրթելու անհրաժեշտութիւն, առաջինը վարչապետը եւ անոր խմբակիցները պարտին ըլլալ:
Սա այլեւս կուսակցական հարց չէ, այլ՝ հայ ժողովուրդի համար նոր եւ արդար ճակատամարտ:
Մեր վարչապետը քիչ մը ամէն տեղ կը յայտարարէ՝ ոչինչ զիջած է Ազրպէյճանին: Ընթերցողին պիտի ներկայացնեմ փետրուար 2020-ին, Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի նիստերուն ընթացքին, Ալիեւի հետ հրապարակային բանավէճէն ետք, անոր յաջորդական յայտարարութիւնները. Լեռնային Ղարաբաղը անկախութիւն ստացած է, ինչպէս՝ Ազրպէյճանը: Լեռնային Ղարաբաղը հակամարտութեան կողմ ըլլալով, առանց անոր մասնակցութեան կարելի չէ լուծել հակամարտութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղը չի կրնար զիջիլ իր անվտանգութիւնը: Հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում:
Փաշինեանի երէկի խօսքերը համեմատեցէք անոր այսօրուան դիրքորոշումներուն հետ:
Ընդգծելով ոչինչ չզիջելու Փաշինեանի ձեռքբերումները, զարմանք կը յայտնեմ, 19 յունիս 2025-ին, Ազգային Ժողովի ամպիոնէն, Արցախի պատմական կորուստին աններելի պատասխանատւութենէն խուսափելու, 44-օրեայ «յաղթանակ»ին գնով «Իրական Հայաստան» կառուցող վարչապետին՝ «Մենք ոչ թե կորցրել ենք Լեռնային Ղարաբաղը, այլ գտել ենք Հայաստանի Հանրապետությունը». յայտարարութեան:
Եզրակացութիւնը կը ձգեմ ընթերցողին: