Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաք Ազրպէյճանէն Բնական Կազի Թուրքիոյ Ճամբով Սուրիա Տեղափոխումը Ֆինանսաւորելուն Համար Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Քաթարին

August 2, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք «խոր շնորհակալութիւն» յայտնեց Քաթարին` «Սուրիոյ մէջ բնական կազին առնչուող կենսական նախաձեռնութիւնը ամբողջովին ֆինանսաւորելուն համար»` ընդգծելով, որ այդ քայլը կը ներկայացնէ «Քաթարի եւ անոր ղեկավարութեան կողմէ գործընկերութեան ու բարեկամութեան յանդուգն ապացոյց մը»:

Պարրաք ըսաւ, որ ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը կը սկսի 2 օգոստոսին, Թուրքիոյ ճամբով Ազրպէյճանէն բնական կազը Սուրիա կը տեղափոխէ այդ երկրին ելեկտրականութեան ցանցին 800 մեկաուաթի հասնող չափով մատակարարում կատարելու համար, ինչ որ պիտի նպաստէ երկրի տարածքին շուրջ հինգ միլիոն տան ելեկտրականութեան ապահովման:

Պարրաք նշեց, թէ այս նախաձեռնութիւնը «տառապանքը նուազեցնելու եւ Սուրիոյ ապրած զգայուն պահու մը մէջ կայունութիւնը ամրապնդելու խոր քայլ» կը ներկայացնէ:

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիան դուրս պիտի չբերէ ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւններու ցուցակէն, նախքան յառաջիկայ փուլին Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի վարչակազմի քայլերը տեսնելը:

Պարրաք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ խումբ մը լրագրողներու հետ իր հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, թէ Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան միջամտութիւնը «հարցերը կը բարդացնէ»` աւելցնելով, որ տակաւին Դամասկոսի եւ Թել Աւիւի միջեւ յարաբերութեան բնոյթին շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւն չէ գոյացած:

Ան նշեց, որ Շարհի վարչակազմը Սուէյտայի մէջ ամերիկացի քաղաքացիի մը սպանութեան հարցով ամբողջական կերպով կը գործակցի «Էֆ.Պի.Այ.»-ին հետ` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն այդ արարքին պատասխանատուները հաշուետուութեան պիտի ենթարկէ:

Պարրաք անցեալ շաբաթ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջելու քայլը «սկզբունքային քայլ» մըն է, որ սուրիացի ժողովուրդին առիթ ընծայեց դուրս գալու տարիներու վրայ երկարած տառապանքէ` նշելով, որ միջազգային ընտանիքը նորաստեղծ սուրիական կառավարութեան աջակցեցաւ «զգուշաւոր լաւատեսութեամբ»:

Ամերիկացի պատուիրակը զգուշացուց. «Կռուող խմբաւորումներուն գործած վայրագ արարքները կ՛ականահարեն կառավարութեան իշխանութիւնը եւ կը քայքայեն կայունութիւնը»` շեշտելով, որ ինք Սուրիոյ նախագահը յորդորած է վերադասաւորման ենթարկելու բանակը եւ կրճատելու «կարծր դիրքորոշումներու տէրերու» ազդեցութիւնը` պառակտումէն ու միջազգային աջակցութիւնը կորսնցնելէն խուսափելու համար:

Ինչ կը վերաբերի Սուէյտայի վերջին դէպքերուն, Պարրաք հաւանական նկատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները բախումներու ընթացքին կառավարական ուժերու տարազով ծպտուած են:

Ըստ անոր, սուրիական բանակը Իսրայէլի հետ փոխադարձ հասկացողութեան հիմամբ չէ մասնակցած բռնարարքներուն, եւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, «ցեղախումբերու միջեւ ներքին տագնապի» հետեւանք էր:

 

 

Նախորդը

Թեհրան. «Արտասահմանի Մէջ Ահաբեկման Եւ Առեւանգման Փորձերու Մասին Արեւմտեան Փորձերը Անհիմն Են»

Յաջորդը

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է, Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.