Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այվազովսքիի Արձանը Քանդելէ Ետք. Պաքու Պահանջած Է, Որ ԹԱՍՍ Ներողութիւն Խնդրէ Ստեփանակերտ Անունը Օգտագործելուն Համար

August 2, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիոյ պետական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան կոչ ուղղած է` ներողութիւն խնդրելու ծովանկարիչ Իվան Այվազովսքիի յուշարձանի քանդման մասին հաղորդագրութեան մէջ Ստեփանակերտ անունի օգտագործման համար:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ իրենք կ՛ակնկալեն, որ գործակալութիւնը պիտի կատարէ համապատասխան սրբագրումներ, հակառակ պարագային «պիտի ձեռնարկուին համապատասխան միջոցառումներ»` ԹԱՍՍ-ի Ազրպէյճանի մէջ գործունէութեան առնչուած:

Նախարարութիւնը նաեւ զգուշացուցած է, որ եթէ ռուսական կողմը շարունակէ աղաւաղել ազրպէյճանական տեղանունները, ապա փոխադարձութեան սկզբունքի համաձայն, Ազրպէյճան Ռուսիոյ մէջ տարբեր տեղանուններ պիտի կոչէ իրենց պատմական անուններով:

Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի զարգացման գործակալութիւնը յայտնած է, որ Ստեփանակերտի մէջ քանդուած է ծովանկարիչ Իվան Այվազովսքիի յուշարձանը:

Յուշարձանը բռնագրաւեալ Արցախի մայրաքաղաքին մէջ տեղադրուած է դեկտեմբեր 2021 թուականին: Անոր հեղինակն է Սալաւատ Շչերպաքով, որ նաեւ Մոսկուայի Փոքոննայա բլուրին վրայ ստեղծած է միջազգայնական զինուորներու յուշարձան եւ անմահացուցած «շարք մը ականաւոր հայեր»:

Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին ռուսական «Լենթա» կայքին ըսած է. «Ստեփանակերտի մէջ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի յուշարձանի քանդումը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով խրախուսուող եւ հրահրուող վանտալիզմի օրինակ է:

«Բացի այն փաստէն, որ ասիկա բարբարոսական արարք է, անիկա, ինչպէս շատ բարբարոսութիւններ, անկեղծօրէն` յիմարութիւն է եւ անխելքութիւն: Այվազովսքին գեղանկարչութեան համընդհանուր ճանչցուած հանճար է, որ գնահատուած է ոչ միայն մեր Ռուսական կայսրութեան մէջ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին:

«Հայկական մշակութային ազդեցութեան դէմ պայքարող այդ «փառահեղ» մարտիկները, որոնք այսօր կ՛իշխեն նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, ըստ էութեան, չեն սահմանափակուած միայն Այվազովսքիի յուշարձանի քանդումով: Այս պահուս անոնք արդէն հասած են պղծել ծնունդով Զարդախլու հայկական գիւղէն խորհրդային յայտնի զինուորական առաջնորդներու յուշարձանները եւ բռնած են կրօնական յուշարձաններու քանդման ընթացք` ոչնչացնելով մեծ թիւով խաչքարեր», ըսած է երեսփոխանը:

Զաթուլին ընդգծած է, որ այսօր Ազրպէյճանի մէջ պաշտօնական մակարդակով կը մշակուի տեսութիւն Ղարաբաղի տարածքին մէջ գտնուող պատմամշակութային յուշարձաններու իբրեւ թէ ոչ հայկական ծագման մասին. խօսքը 6-րդ, 10-րդ, 11-րդ, 12-րդ դարերու վանքերու մասին է:

«Երկրին ղեկավարութիւնը կա՛մ աչք կը փակէ, կա՛մ ուղղակիօրէն կը խրախուսէ այդ բարբարոսական գործողութիւնները», եզրափակած է Զաթուլին:

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շեքքա

Յաջորդը

Ս. Էջմիածին Կը Դատապարտէ Միքայէլ Սրբազանի Կալանքը Անփոփոխ Ձգելու Որոշումը

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.