Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքի Փութինի Հետ Հանդիպումի Կազմակերպման Հարցին Մէջ Յառաջընթացի Մասին Կը Յայտարարէ

July 29, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ բանակցային խումբերը Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ժամանակ սկսած են քննարկել երկու երկիրներու ղեկավարներու հաւանական վեհաժողովը: «Ռոյթըրզ» եւ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդեն, որ Ուքրանիոյ ղեկավարը այս հարցին մէջ որոշակի յառաջընթացի մասին յայտնած է:

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնած է. «Անոնք սկսան ասիկա քննարկել մեզի հետ բանակցութիւններու ընթացքին: Ասիկա արդէն յառաջընթաց է հանդիպումի ձեւաչափին ուղղութեամբ»:

Պոլսոյ մէջ ուղիղ բանակցութիւններու 3-րդ փուլէն ետք, ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար, Ռուսիոյ նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքի յայտարարած է, թէ նման հանդիպում կարելի է միայն այն փուլին, երբ խաղաղ կարգաւորման մասին համաձայնագիրը արդէն պատրաստ կ՛ըլլայ ստորագրուելու համար:

Քրեմլին իր կարգին երէկ յայտարարեց. «Փութինի եւ Զելենսքիի հանդիպումը կրնայ կայանալ միայն իբրեւ համաձայնագիրի ստորագրման վերջին քայլ»:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնեց. «Կարելի է, այլ պէտք է, որ բարձրաստիճան մակարդակի ժողովը վճռական կերպով վերջ տայ կարգաւորման հոլովոյթին, սակայն կարելի՞ է այս\քան բարդ գործողութիւն մը 30 օրուան մէջ ամբողջացնել: Յստակ է, թէ ատիկա անհաւանական է»:

Նշենք, որ Քիեւ առաջարկած էր Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ Ռուսիոյ նախագահին միջեւ օգոստոսի աւարտէն առաջ վեհաժողով գումարել:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանան Շահեցաւ Պէյրութի Միջազգային Մրցաշարքի Բաժակը

Յաջորդը

Լաւրով. «Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռուսիան Առանձին Կը Կռուի Ամբողջ Արեւմուտքի Դէմ. Մենք Մարտադաշտի Մէջ Դաշնակիցներ Չունինք»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.