Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսան Լիբանանին Շտապ Օգնութեան Ծրագիրին Ծիրին Մէջ 75 Միլիոն Եւրօ Պիտի Տրամադրէ

July 26, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետարանը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց.«Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հինգշաբթի, 24 յուլիս 2025-ին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ֆրանսա, ուր Էլիզէի պալատին մէջ, իր պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր Փարիզ առաջին այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ»:

Վարչապետարանի տեղեկատուութեան գրասենեակին համաձայն, Սալամ ներկայացուցած է Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները` շեշտելով կառավարութեան յանձնառութիւնը շարունակելու լուրջ աշխատանքը` գործադրելու համար պահանջուած բարեկարգումները, վերականգնելու տեղական ու միջազգային վստահութիւնը եւ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ հաստատելու պետութեան իշխանութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահը իր կարգին ողջունած է լիբանանեան կառավարութեան բարեկարգման երթին մէջ յառաջ ընթանալու վճռակամութիւնը` վերահաստատելով Լիբանանի գերիշխանութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման, լիբանանեան իշխանութիւններուն տնտեսութեան առողջացման եւ հաստատութիւններու բարեկարգման նկատմամբ Ֆրանսայի հաստատ աջակցութիւնը:

Մաքրոն նշած է, թէ իր երկիրը կը պատրաստուի, Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան գոյացման զուգահեռ, մասնաւորաբար դրամատնային եւ արդարադատական ոլորտներուն մէջ բարեկարգչական հիմնական օրէնքներու որդեգրումէն ետք, Փարիզի մէջ Լիբանանի աջակցութեան խորհրդաժողով մը կազմակերպելու:

Ֆրանսայի նախագահը Լիբանանի վարչապետին տեղեկացուցած է, թէ իր երկիրը Միջազգային դրամատան Լիբանանի անմիջական օժանդակութեան ծրագիրին 75 միլիոն եւրոյով պիտի մասնակցի` աջակցելով իսրայէլեան յարձակումէն վնասուած շրջաններու վերաշինութեան:

Երկու կողմերը շեշտած են ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը վերանորոգելու եւ զինադադարի հսկողութեան մեքանիզմը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Սալամ եւ Մաքրոն միասնաբար շեշտած են լիբանանեան բոլոր հողերէն Իսրայէլի հեռացման եւ բոլոր խախտումները դադրեցնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւորութիւնը աջակցելու լիբանանեան բանակի կարողութիւններուն, ինչ որ կ՛ամրապնդէ զէնք ունենալու անոր մենաշնորհը եւ պետութեան իշխանութեան տարածումը:

Մաքրոն պատրաստակամութիւն յայտնած է արդարադատութեան բարեկարգման համար թեքնիք եւ ելեւմտական աջակցութիւն տրամադրելու լիբանանեան արդարադատութեան նախարարութեան` ուղարկելով մասնագէտ մը եւ մեկնարկելով ֆրանսական Ազգային արդարադատութեան դպրոցին եւ Լիբանանի մէջ Արդարադատական դասերու հիմնարկին միջեւ գործակցութիւնը:

Ֆրանսան նաեւ վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը հասարակաց սահմանը վերահսկողութեան տակ առնելու Լիբանան-Սուրիա գործակցութեան նպաստելու եւ այդ սահմանի սահմանագծման համար անհրաժեշտ թեքնիք աջակցութիւնը տրամադրելու` օգտուելով իր մօտ գտնուող պատմական արխիւէն:

Վարչապետարանի տեղեկատուական գրասենեակը նշեց, որ Սալամ իր այցելութիւնը աւարտած է շնորհակալութիւն յայտնելով տարբեր ոլորտներու, մասնաւորաբար անվտանգութեան, տնտեսութեան, կրթութեան ու մշակոյթի ոլորտներուն մէջ Լիբանանի նկատմամբ ֆրանսական աջակցութեան վերանորոգման համար` գնահատելով Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ Ֆրանսայի տեւական յանձնառութիւնը:

Նախորդը

Պարրաք. «Ամերիկան Լիբանանին Աջակցելու Պատրաստ Պիտի Մնայ, Եթէ Լիբանանեան Կառավարութիւնը Զէնքի Մենաշնորհի Նպատակը Իրագործէ»

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պատուիրակութեամբ Այցելութիւն Տուաւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.