Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Ճոնաթան Միլան Շահեցաւ 17-րդ Հանգրուանը

July 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իտալացի Ճոնաթան Միլան իր այս տարուան երկրորդ հանգրուանը շահեցաւ, երբ շահեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ի 17-րդ հանգրուանը, որ տեղի ունեցաւ Թաց մթնոլորտի մէջ, ուր արկած մըն ալ պատահեցաւ աւարտի գիծէն մօտ 1 քիլոմեթր առաջին:

Էրիթրիացի Պինիամ Կիրմէյ բժիշկներու օգնութեան պէտք ունեցաւ:

Սլովենիացի Թատէյ Փոկաչար ապահով վիճակով աւարտեց հանգրուանը` պահելով իր դեղին շապիկը:

«Շատ ուրախ եմ եւ ուրիշ խօսք չունիմ ըսելիք: Երեքշաբթի օր պայքարելէ ետք Մոն Վանթուի բարձունքին վրայ առանձին չէի: Իմ խմբակիցներուս օգնութեամբ ես պայքարեցայ եւ դիմացայ: Ուրեմն ամէն օր խմբակիցի զոհողութիւններէն օգտուեցայ եւ անոնց շնորհիւ այսօր կրցայ յաջողութեան հասնիլ: Սկիզբէն կրցանք տիրապետել, եւ պէտք է ըսեմ, որ այլ խումբերէ ալ օգնութիւն ստացայ», ըսաւ Միլան:

Ֆրանսայի Քուենթեն Փաշէ եւ Մաթիէօ Պիւրկոտօ, ինչպէս նաեւ Եոնաս Ապրահամսըն կանուխ յարձակեցան հեռանալով բոլորէն, բայց չկրցան դիմադրել սփրինթի մասնագէտներու խմբակներուն դիմաց:

Խմբակը յոգնած նշաններ կու տար աւարտէն 11 քմ առաջ, երբ Ապրահամսըն առանձին սուրաց դէպի յառաջ… 7 քմ ետք Միլանի յարձակումը սաստիկ էր, եւ ան դիւրութեամբ առաջին դիրքը գրաւեց` ետին ձգելով պելճիքացի Եորտի Միուսը եւ դանիացի Թոպիաս Լունտ Անտրեսընը, որոնք յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին:

18-րդ հանգրուանը կը նկատուի ամէնէն դժուար լեռնային բարձունքներու հանգրուանը Վիֆի եւ Քոլ-տը-լա-լոզի միջեւ: Անիկա ամէնէն վտանգաւոր բարձր հանգրուանն է «Թուր տը Ֆրանս»-ի:

Ստորեւ` ընդհանուր դասաւորումները.

Անհատական դասաւորում.

1.- Թատէյ Փոկաչար 61 ժամ 50′ 16″
2.- Եոնաս Վինկըկաարտ 4′ 15″ ուշ
3.- Ֆլորիան Լիփովից 9′ 03″ ուշ
4.- Օսքար Օնլի 11′ 04″ ուշ
5.- Փրիմոշ Ռոկլիչ 11′ 42″ ուշ

Կէտերու դասաւորում (կանաչ շապիկ)

ԿԷՏ
1.- Ճոնաթան Միլան 312
2.- Թատէյ Փոկաչար 240
3.- Պինիամ Կերմէյ 179

Մագլցողներու դասաւորում (կարմիր կէտերով շապիկ)

ԿԷՏ
1.- Թատէյ Փոկաչար 60
2.- Լենի Մարթինես 60
3.- Թիմեն Արենսման 48

Երիտասարդ վարորդներու դասաւորում (սպիտակ շապիկ)

1.- Ֆլորիան Լիփովից 61. 59′ 19″
2.- Օսքար Օնլի + 2′ 01″ ուշ
3.- Քեւին Վոքըլեն 4′ 17″ ուշ

Խմբային դասաւորում.

1.- Վիսմա, Լիս է պայք

Նախորդը

Ադամեան Կը Լքէ Քէօլնը

Յաջորդը

Փեսքով. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Շուրջ Կացութիւնը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Գործն Է»

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.