Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Միւֆթին հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Նախագահ Աունի հետ հանդիպումը իւրայատուկ էր, եւ անոր հետ մեր կապը տեւական ու շարունակուող է: Զգայուն ու նուրբ պայմաններէ կ՛անցնինք»:
«Անոր հետ տեսակէտներու փոխանակում կատարեցինք այն հարցին շուրջ, թէ Լիբանանը պաշտպանելու համար ի՛նչ կարելի է ընել, եւ մեր միջեւ պատկերացումի ամբողջական համընկնում կար», աւելցուց հանրապետութեան միւֆթին` նշելով. «Ոչ ոք պիտի կարենայ մասնատման կամ պառակտման ծրագիր իրագործել, եթէ լիբանանցիները միաւորուին»:
«Լիբանան մէկ ընտանիք է, որ ոչ ոք իրարմէ կը բաժնէ: Այս պահը վերանորոգ առիթ է հաստատելու մեր ազգային միասնականութիւնը, որ իսրայէլացի թշնամիի ախորժակներուն դէմ ամէնէն հզօր զէնքը կը մնայ», ըսաւ ան:
«Ժամանակն է, որ չափաւորականութեան ձայնը տիրէ, եւ բոլորս երկխօսութեան դրօշը բարձրացնենք` հեռու մնալով պառակտումէն եւ լարուածութիւններէն, որոնք միայն հայրենիքի թշնամիներուն կը ծառայեն», յայտարարեց հանրապետութեան միւֆթին:
«Նախագահ Աուն շեշտեց իր մեծ նախանձախնդրութիւնը երդման ճառին բովանդակութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ զայն գործադրելու իր վճռակամութիւնը ընդգծեց, եւ ասիկա Լիբանանի կայունութեան ու անվտանգութեան պահպանման համար կարեւոր հարց է», ըսաւ ան:
«Բոլորս կը նկատենք այդ մեծ ջանքերը, որ հանրապետութեան նախագահը երկրին մէջ եւ անկէ դուրս կը թափէ Լիբանանի արաբական ու միջազգային ներկայութեան ամրապնդման եւ դիւանագիտական քարտէսին վրայ անոր դիրքը հաստատելու համար», նշեց ան:
«ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը լիբանանեան կողմէն գործադրուեցաւ, եւ Լիբանան յարգեց զինադադարի համաձայնութիւնը, մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ զայն խախտել», յայտնեց շէյխ Տրիան:
Հանրապետութեան միւֆթին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեցին Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք միւֆթին յայտնեց, որ ինք Պըրրին կը նկատէ «ազգային անկեղծ երաշխիք, որ լրջօրէն կը գործէ Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու եւ Լիբանանը զերծ պահելու իր դէմ իսրայէլեան պատերազմէն, եւ ան այս թղթածրարին կը հետեւի Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ մեծ հոգատարութեամբ եւ զգուշութեամբ»:
«Կրնանք ըսել, թէ խորհրդարանի նախագահը այս հանդիպումի ընթացքին շատ լաւատես էր, թէ կացութիւնը դէպի աւելի լաւ պիտի ուղղուի, թէեւ մարդիկ վախի մէջ են, սակայն այնքան ատեն որ հանրապետութեան նախագահը, խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետը մէկ դիրքորոշում եւ ամերիկացի պատուիրակին յստակ մէկ պատասխան ունին, ապա մենք գոհ ենք, որ իշխանութեան երեք պետերը կը տիրապետեն լիբանանեան հարցին», ըսաւ Տրիան: