Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Տիւրզիներու Հոգեւոր Պետը Կոչ Կ՛ուղղէ Սուէյտայի Պաշարումը Վերցնելու Եւ Կեանքի Պայմանները Ապահովելու

Յուլիս 25, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա Սուէյտայի կացութեան նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Սուէյտայի մէջ իսկական կացութիւնը օր ըստ օրէ յստականալով եւ երեւան գալովը կեանքերու ու սեփականութիւններու մեծ կորուստին, կեանքի պայմաններու շտապ կարիքին, արտասովոր ողբերգական տեսարանին, յոյսով, որ սուրիական պետութիւնը կը վերագտնէ իր հեղինակութիւնը եւ իմաստութեամբ ու արդարութեամբ կը լուծէ կացութիւնը, անհրաժեշտ էր, որ դատապարտէինք Սուէյտայի վրայ կատարուած նողկալի յարձակումը, ինչպէս նաեւ մեր հարազատներուն եւ յարձակումի ենթարկուած Սուէյտայի բոլոր զաւակներուն կողքին կանգնէինք»:

«Այսօր քաղաքականութեան պիտի չանդրադառնանք` Սուէյտայի մէջ  կացութեան աշխուժացման առիթ ընծայելու համար, եւ մենք այդ ջանքերուն մասնակիցն ենք», ըսաւ շէյխ Ապի Մունա:

Ան «սուրիական յեղափոխութեան եւ անոր արդիւնքներուն հովանաւոր պետութիւններուն, նախ եւ առաջ եղբայրական արաբական պետութիւններուն» կոչ ուղղեց, որ «պետութեան կառուցման հոլովոյթը հովանաւորեն եւ անոր աջակցին»:

Ան տիւրզիներու հոգեւոր ղեկավարութեան անունով յայտարարեց մեկնարկը մարդասիրական լայնածաւալ արշաւի մը եւ շտապ կոչի մը` «օժանդակելու աղէտեալ Սուէյտային, անոր վէրքերը դարմանելու, ժրաջան աշխատելով վիրաւորները փրկելու ու դարմանելու եւ առեւանգեալները այսօր իսկ վերադարձնելու, տիւրզի աշակերտներուն անվտանգութիւնը պահպանելու եւ ապահովելու կարիքները ընտանիքներուն, որոնց տուները քանդուեցան, հրկիզուեցան կամ անոնց ապրուստը ապահովողները կորսուեցան, ինչպէս նաեւ վերաշինելու քանդուած տուներն ու հաստատութիւններ»:

Լիբանանի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետը նշեց, որ այս կոչը ուղղուած է Լիբանանի եւ աշխարհի տիւրզիներուն, սակայն նաեւ արաբական ու բարեկամ պետութիւններուն եւ Սուրիոյ պետութեան «վերցնելու համար Սուէյտայի պաշարումը, վերաբանալու մարդասիրական միջանցքները, կեանքի պայմանները ապահովելու, վիրաւորները դարմանելու, վերաշինութիւն կատարելու, փոխհատուցելու թալանուածն ու կողոպտուածը, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղենք ճշգրիտ ու թափանցիկ հետաքննութիւն կատարելու գործուած ջարդերուն շուրջ եւ անոնց պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկելու»:

«Սուէյտայի մէջ տիւրզի-սիւննի սադրանքն ու անոր տարածումը պիտի չարտօնենք: Հաշտութեան կը ձգտինք եւ մեկնելով ատկէ մնայուն կապի մէջ ենք Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի հետ», յայտարարեց Ապի Մունա:

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Ֆրանսական Մարմնակրթական Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Այցելելով Նախագահ Աունին` Միւֆթի Տրիան. «Ժամանակն Է, Որ Չափաւորականութեան Ձայնը Տիրէ, Եւ Բոլորս Երկխօսութեան Դրօշը Բարձրացնենք` Հեռու Մնալով Պառակտումէն Եւ Լարուածութիւններէն»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?