Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմադիանի:
Արմէն Գրիգորեան ցաւակցութիւն յայտնած է Իսրայէլ-Իրան 12-օրեայ պատերազմի հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներու անդամներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած վիրաւորներուն:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Իրան երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգային հարցեր: ԱրմԷն Գրիգորեան ընդգծած է Հայաստանի դիրքորոշումը շրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման հարցին մէջ` հիմնուած տարածքային ամբողջականության, ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան վրայ: Ահմադիան վերահաստատած է Իրանի դիրքորոշումը ապաշրջափակման հարցին մէջ եւ աջակցութիւն յայտնած Հայաստանի դիրքորոշումին: