ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կու գանք տեղեկացնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 20 յուլիս 2025-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԴԱՒԻԹ ԱԲՂՅ. ԱՍԱՅԵԱՆ
Ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
Պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
ՏՆՕՐԷՆԻ ԿԱՐԻՔ
Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանը կարիքը ունի տնօրէնի մը, որ ունենայ ուսուցչական նուազագոյնը հինգ տարուան փորձառութիւն եւ հետեւեալ վկայականներէն մէկը. «Մագիստրոս դպրոցական վարչագիտութեան» (MA in School Administration), «Մագիստրոս ուսումնական գիտութեան» (MA in Education) եւ կամ համալսարանական Իժեզէ Թաալիմիէ կամ Իժեզէ Ժամիհիէ:
Թեկնածուները պարտին անձամբ ներկայանալ Ազգային առաջնորդարան եւ իրենց դիմումներն ու կենսագրական տուեալները Ուսումնական խորհուրդի գործավարութեան փոխանցել ամէն օր, երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:00-2:00:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ