ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Բոլոր երկիրներուն մէջ յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուող անձերուն դէմ դատ կը բանան: Դատապարտուելու պարագային, անոնք կ՛ենթարկուին պատիժի: Սակայն, այնքան ատեն որ դատավճիռ չէ տրուած, ոչ ոք իրաւունք ունի այդ ամբաստանեալները կոչել «յանցագործներ, ահաբեկիչներ կամ օրինախախտներ»:
Երկիրներու մեծամասնութեան մէջ կան օրէնքներ զրպարտութեան դէմ, որ կեղծ տեղեկատուութեան հրապարակային տարածումն է, եւ որ` վնաս կը հասցնէ անհատին պատիւին, արժանապատուութեան կամ գործարարի համբաւին: Հայաստանի մէջ վիրաւորանքները կրնան պատճառ դառնալ դրամական տուգանքի` մինչեւ 3 միլիոն դրամ (մօտ 7800 տոլար), մինչդեռ զրպարտութիւնը կրնայ արժել մինչեւ 6 միլիոն դրամ (մօտ 15.600 տոլար):
Այնուամենայնիւ, մարդոց մեծ մասը տարբերութիւն չի դներ մեղադրանքին եւ յանցանքին միջեւ: Օրէնքի գերակայութեան պարագային, յանցագործութեան մէջ մեղադրուող իւրաքանչիւր անձ կը նկատուի անմեղ, այնքան ատեն որ դատարանին մէջ անոր յանցանքը չէ փաստուած:
Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի կառավարութիւնը մեղադրանք առաջադրեց տասնեակ անձերու` յեղաշրջման նախապատրաստութենէն սկսեալ մինչեւ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրելու մէջ: Նախքան որեւէ դատավարութեան կամ վճիռի կայացումը, պաշտօնատարներն ու անոնց կողմնակիցները մեղադրուողները կոչած են «յանցագործներ», այդ պատճառով ալ զրպարտութեան վերաբերող բազմաթիւ դատեր բացուեցան:
Նախորդ շաբաթ տեղեկացուցած էի, թէ ռուսաստանաբնակ հայ գործարար Սամուէլ Կարապետեան, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգով կը գտնուի Երեւանի բանտը` Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը պաշտպանելուն համար, դատ բացաւ Փաշինեանին սատարող Ազգային ժողովի երկու պատգամաւորներու դէմ: Կարապետեան մեղադրեց Արսէն Թորոսեանն ու Հայկ Կոնջոյեանը` Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան` «Էֆ.Էս.Պի.»-ի հետ կապեր ունենալու եւ «հայ ժողովուրդը թալանելու» կեղծ մեղադրանքներ տարածելուն համար: Կարապետեան կը պահանջէ, որ անոնք հրապարակաւ հերքեն իրենց յայտարարութիւնները, նաեւ իւրաքանչիւրը վճարէ 9 միլիոն դրամ (մօտ 23,400 տոլար), ինչպէս նաեւ` դատական ծախսերը:
Այնուհետեւ Կարապետեան երեք դատ եւս բացաւ.
– Փաշինեանի մամլոյ խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանի դէմ` 17 եւ 24 յունիսին Դիմատետրի վրայ անոր կատարած գրառումներուն համար, որոնց մէջ ան պնդած է, որ Սամուէլ Կարապետեան միջամտած է Հայաստանի քաղաքականութեան` օտար երկրի ցուցումով: Ան գրած է, որ Կարապետեանը` «մասնակցել է մի խումբ ստահակների կողմից կազմակերպուած ձախողուած յեղաշրջման փորձին»: Կարապետեան կը պահանջէ հրապարակային ներողութիւն:
– Փաշինեանի աշխատակազմի փոխղեկավար Տարօն Չախոյեանի դէմ` դիմատետրեան քանի մը գրառումներու պատճառով, որոնց մէջ Կարապետեան ներկայացուած է իբրեւ գործակալ, որ գործուղուած է Հայաստան` յատուկ յանձնարարութեամբ, ինչպէս նաեւ` այլ «վիրաւորական» մեկնաբանութիւններ ընելու համար: Կարապետեան այդ յայտարարութիւնները կը նկատէ «զրպարտութիւն, կեղծ եւ անհիմն», ուստի կը պահանջէ հրապարակային ներողութիւն:
– Քաղաքագէտ Յարութիւն Մկրտչեանի դէմ` իշխանամէտ լրագրողներու հետ հարցազրոյցներուն եւ Դիմատետրի մէջ կատարած գրառումներուն համար, որոնց մէջ ան կը մեղադրէ Կարապետեանը իբրեւ արտասահմանեան պատուէրով գործակալ` Հայաստանի քաղաքական գործունէութեան մէջ ներգրաւուելու համար: Կարապետեան Մկրտչեանին մեղադրանքները կ՛որակէ «զրպարտութիւն, կեղծ եւ անհիմն»:
Միեւնոյն ժամանակ փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեան նախորդ շաբաթ յայտնեց, որ իր պաշտպանեալը` Կարապետեանը, դատ պիտի բանայ նաեւ 150 անձերու դէմ` վերջին օրերուն տարբեր մեղադրանքներով ձերբակալուածները զրպարտելու եւ վիրաւորելու համար, այդպիսով ոտնահարելով ամբաստանեալներու անմեղութեան կանխավարկածի իրաւունքը: Փաստաբանը պնդեց, որ` «Խորհրդարանի պատգամաւորների, նախարարների եւ միջին օղակի պաշտօնեաների, ինչպէս նաեւ փորձագէտների ու քարոզիչների կողմից արուած յայտարարութիւններն ագրեսիւ (թշնամական) են եւ հայհոյանքներով լի»:
Վերջապէս, նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը դատ բացած է Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի դէմ` պահանջելով, որ վերջինս ներողութիւն խնդրէ եւ հերքէ իր «կեղծ» յայտարարութիւնները, որոնք` «Արատաւորում են Քոչարեանի արժանապատուութիւնն ու բարի համբաւը»: Քոչարեանը երկրորդ դատը բացաւ, երբ Սիմոնեան ծաղրեց անոր առաջին դատը:
Քոչարեան նաեւ դատ բացած է վարչապետ Փաշինեանին դէմ` կեղծ պնդում ընելուն համար, թէ դատարանը զինք մեղաւոր նկատած է կաշառակերութեան մէջ: Քոչարեան կը պահանջէ, որ Փաշինեան իրեն վճարէ վեց միլիոն դրամ (15.600 տոլար) փոխհատուցում:
Այս բոլոր դատերուն հարցը այն է, որ Հայաստանի գրեթէ բոլոր դատաւորները տակաւին կը վախնան վրէժխնդրութենէն, եթէ կայացնեն Փաշինեանի կամքին հակառակ որոշումներ, ինչպէս ան անձամբ յայտարարած էր 2018-ին` անկեղծութեան հազուադէպ մէկ պահու: Ասիկա լուրջ կասկածներ կը յառաջացնէ այդ դատերուն նկատմամբ անաչառ արդարադատութեան հաւանականութեան վերաբերեալ:
Ամբաստանեալները երկու կարելիութիւն ունին: Անոնք կրնան սպասել ապագային անկախացած հայկական դատարաններուն` իրենց իրաւունքներու վերականգնման hամար, երբ Փաշինեան հրաժարական տայ: Կամ դատապարտման պարագային, կարելի է դատավճիռները բողոքարկել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ): Կարապետեանի իրաւաբանական խումբը նախորդ շաբաթ յայտնեց, որ արդէն կը նախապատրաստուի այդպիսի բողոք ներկայացնել ՄԻԵԴ-ին` յոյս ունենալով, որ Սթրազպուրկի դատարանը պիտի չեղարկէ անարդար հայկական վճիռը: Միակ հարցը այն է, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին գործընթացները կրնան տարիներ տեւել, եթէ անիկա իբրեւ շտապ չնկատուի:
Մինչ այդ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին պէտք է սերտէ Փաշինեանին եւ անոր կենակից Աննա Յակոբեանին դէմ դատ բանալու պարագան` եկեղեցւոյ եւ պետութեան սահմանադրական տարանջատումը խախտելու եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ու այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ անհիմն, ծայրայեղ մեղադրանքներ ուղղելու համար: Եթէ Հայաստանի դատարանները վճիռ կայացնեն հոգեւորականներուն դէմ, անոնք պէտք է բողոքարկեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ: