
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերուն մէջ Պէյրութ-Երեւան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ միջազգային հաստատութիւններուն մակարդակին վրայ Լիբանան-Հայաստան համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:


