Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է այն լուրերուն, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին առաջարկ ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ:
«Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ գրասենեակը յայտնած է, թէ մամուլին մէջ հրապարակուած այդ լուրերուն վերաբերեալ տեղեկութիւն ունին:
«Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն: Մենք չունինք մամուլի մէջ ադ հրապարակումներուն վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն, որ կրնանք տրամադրել», նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան պատասխանին մէջ:
«Քառնըկի» հիմնադրամի վերլուծաբան Օլեսիա Վարդանեան, յղում կատարելով երկու օտարերկրեայ դիւանագէտներու, նշած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Երեւանին ու Պաքուին առաջարկ ներկայացուցած է Ազրպէյճանը Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանի հետ կապող ճամբու մասին:
Ըստ այդ աղբիւրներուն, ամերիկեան առաջարկը նման է տարիներ առաջ Եւրոպական Միութեան կողմէ շրջանառուած տարբերակին, որուն հիմքը 2008 թուականի պատերազմէն ետք Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ համաձայնեցուած ծրագիրն էր: Ատով կողմերը կը նախատեսէին Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ շրջաններէն անցնող երթուղիներու կառավարումը յանձնել զուիցերիական անկախ ընկերութեան մը, որ պիտի պարտաւորուէր յետոյ գումակային տուեալները փոխանցել շահագրգիռ բոլոր կողմերուն: