Կ՛ակնկալենք, որ մօտիկ ապագային Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի կնքուի:
Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ` Սպիտակ տան մէջ նախագահ Տանըլտ Թրամփի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միացեալ հանդիպումի ժամանակ:
«Մենք դադրեցուցինք Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ պատերազմը: Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան եւ Ռուանտայի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ 12-օրեայ պատերազմը, որ աւարտեցաւ ամերիկեան գործողութեամբ` Ամերիկան աշխարհի վրայ միակ երկիրն է, որ կրնայ ատիկա ընել: Յոյսով եմ, որ շուտով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրուի», ընդգծած է Ռուպիօ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թեմի Պրիւս իր կարգին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու կողմէ գործօն ներգրաւուածութիւն կա՞յ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հոլովոյթներուն մէջ, եւ ի՞նչը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին կը ստիպէ հաւատալ, որ այդ հոլովոյթները դրական աւարտ պիտի ունենան, ընդգծած է, որ Ռուպիոյի համար կարեւոր էր այդ յայտարարութիւնը ընելը:
«Մենք ուրախ ենք բազմաթիւ համաձայնութիւններու, զինադադարներու եւ փոփոխութիւններու համար, որոնց մէջ մենք ներգրաւուած եղած ենք: Արտաքին գործոց նախարարը ատիկա ըսելու համար պատճառ ունեցած է, եւ երբ մենք աւելի շատ մանրամասնութիւններ ունենանք, ես զանոնք ձեզի կը տրամադրեմ», ըսած է Պրիւս: