Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց, որ իսրայէլեան օդուժը կիրակի օր Պեքայի եւ հարաւային Լիբանանի շրջաններուն վրայ օդային յարձակումներ գործած է` թիրախաւորելով Հըզպալլայի մարտական ռազմավարական միջոցները, ինչպէս նաեւ հրթիռներու արձակման դիրքերը:

Ան պնդեց, թէ անոնց ներկայութիւնը եւ շրջանին մէջ Հըզպալլայի գործունէութիւնը բացայայտ խախտում մըն են Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններուն` շեշտելով, որ իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ Իսրայէլի համար որեւէ սպառնալիք ոչնչացնելու իր աշխատանքը:

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուրի գաւառի Պըրժ Ռահհալ շրջանին վրայ  կիրակնօրեայ իսրայէլեան յարձակումը պատճառած է 9 վիրաւոր, իսկ Սայտա գաւառի Զրարիէ գիւղին վրայ կատարուած յարձակումին պատճառով մանուկ մը ծանրօրէն վիրաւորուած է:

. «ԱՍԱՍ» հաղորդեց. «Բազմաթիւ բարեփոխումներ կատարուեցան «Թամըսի փաստաթուղթ»-ին վրայ, որ նոյնիսկ իշխանութեան երեք պետերուն դժուար «կլլելի» թուեցաւ անոր ուղղուածութեան հետեւանքով, որ կը պատճառէ ներքին լարուածութիւն մը, որ ոչ ոք կ՛ուզէ անոր մթնոլորտը քաջալերել»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական բարձրաստիճան աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Հարցերը կախուած են երկու կէտերու` զէնքի յանձնումին եւ իբրեւ պաշտօնական Լիբանան իսրայէլացի թշնամիէն երաշխիքներու մեր պահանջին վրայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին յայտնած են. «Հըզպալլան մերժեց բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք իրեն ներկայացուեցան զէնքի թղթածրարին մէջ «երեսի ջուրը» պահելով դուրս գալու, ինչ որ կը պահանջէ յանձնել ծանր զէնքը, որ այլեւս որեւէ օգուտ չունի, եւ միջակ զէնքերու հարցի քննարկումը հետագայ փուլի յետաձգել»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Էմ.Թի.Վի.»-ին. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք ամերիկեան առաջարկին լիբանանեան պատասխանը ձեռքին Ուաշինկթըն պիտի վերադառնայ Թրամփի եւ Նեթանիահուի միջեւ ժողովի ատեն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ որոշումը պիտի տրուի այդ երկկողմանի հանդիպումի ընթացքին, ինչ որ շատ վտանգաւոր է եւ կրնայ Պէյրութի նկատմամբ մագլցումի յանգեցնել»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ յայտարարեց. «Իշխանութեան երեք պետերուն այսօր ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքին յանձնելիք պատասխանը ոչ սահմանադրական է, ո՛չ օրինական, ո՛չ իսկ պաշտօնական: Վարչապետէն կը պահանջուի, նախարարներուն Պարրաքի փաստաթուղթին ծանօթանալէն ետք, նախարարաց խորհուրդը անյապաղ ժողովի հրաւիրել, որպէսզի փաստաթուղթը նախարարաց խորհուրդի լիագումար նիստի կամ իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին քննարկուի` անոր նկատմամբ սահմանադրութեան համահունչ դիրքորոշում ճշդելու համար»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի – Սաժես 2-0

Յաջորդը

Մուսա. «Զէնքի Հարցը Յստակ Ժամանակացոյցով Լուծելու Ամերիկեան Փափաք Գոյութիւն Ունի»

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.