Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա նշեց, թէ այսօր սեղանի վրայ գտնուող թղթածրարները բարդ են եւ դժուար` աւելցնելով, որ զէնքի հարցը յստակ ժամանակացոյցով լուծելու եւ ներքին բարեկարգումներ կատարելու ամերիկեան փափաք գոյութիւն ունի:
Մուսա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի գաղափարները յստակ են եւ պատասխանի կը կարօտին:
Դեսպանը նշեց, որ ան Հըզպալլայի հետ չ՛աշխատիր, այլ լիբանանեան պետութեան, որ պէտք է իր պատասխանին մէջ ըլլայ թափանցիկ, ինչ որ որեւէ տեսակի սպառնալիքէ զուրկ ամերիկեան տեսակէտ է:
Եգիպտոսի դեսպանը յայտնեց, որ լրատուամիջոցներուն մէջ բոլոր ըսուածները ճշգրիտ չեն, եւ պէտք է սպասել Պարրաքի այցելութեան` գիտնալու համար, թէ հարցերը դէպի ո՛ւր պիտի ուղղուին: