Ուրբաթ գիշեր սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան աւարտական ճակատումները, ուր Ռիատի հիւրընկալեց Սաժեսը:
Վարչապետ Նաուֆա Սալամի ներկայութեան, Ռիատի բացման մրցումին Մանարայի դաշտին վրայ 86-81 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժեսը: Ռիատի ընդհանրապէս տիրապետած էր մրցումին, ուր համակիրներուն քաջալերանքը վայելելով պահ մը 14 կէտ յառաջանալէ ետք, Ռիատի Թոն Մէյքըրի գլխաւորութեամբ յաղթեց: Մէյքըր 21 կէտ նշանակեց 5 պլոք կատարելով, 14 ռիպաունտներու կողքին: Սաժեսի լաւագոյն մարզիկն էր Օմար Ժամալէտտին, որ 17 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Կիրակի գիշեր, Սաժեսի «տաք» համակիրներուն առջեւ, Ռիատի 3-րդ մասին 16 կէտի առաւելութիւն ունենալէ ետք, կորսուած 4-րդ մաս մը ունեցաւ, ուր միայն 7 կէտ կրցաւ նշանակել Սաժեսի 19-ին դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ 67-67 արդիւնքով, բայց երկարաձգումին 10 կէտ նշանակեց Ռիատի, իսկ Սաժես` 4: Ճակատումները այսօր գիշեր կը վերադառնան Մանարա, ուր Ռիատի պիտի հիւրընկալէ Սաժեսը` 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք: