Միացեալ Նահանգներու մէջ շարունակուեցաւ ակումբներու Մոնտիալը, որ ըստ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի, աշխարհի ամէնէն զօրաւոր խումբերը կ՛ընդգրկէ` մոռնալով, որ մրցաշարքին մաս չեն կազմեր Անգլիոյ եւ Սպանիոյ ախոյեան Լիվըրփուլն ու Պարսելոնան:
Եւրոպական խումբերուն համար տաք եւ խոնաւ օդը շատ վատ ազդեցութիւն կ՛ունենայ, մանաւանդ այն մրցումներուն ընթացքին որոնք տեղի կ՛ունենան յետմիջօրէի ժամը 2:00-էն 3:00-ի ժամանակ, ուր 36 կ՛ըլլայ ջերմաստիճանը:
Չարլոթի մէջ, Պենֆիքա անակնկալի բերաւ Պայերն Միւնիխը, որ 7 մարզիկներ փոխած էր իր առաջին մրցումներէն, մանաւանդ ապահովելէ ետք Բ. հանգրուանի իր տոմսը, եւ թերեւս ալ… Չելսիի դէմ չխաղալու նախընտրութեամբ: Չելսի, որ Դ. խմբակի Բ. դիրքը գրաւելու աւելի յոյսեր ունէր մրցելով Էսփերանսի դէմ:
Վերադառնալով Նորթ Քարոլայնա, ուր ինչպէս ըսինք, Չարլոթի «Պանք օֆ Ամերիքա» դաշտին վրայ Պայերն Միւնիխ կը մրցէր Պենֆիքայի դէմ, որ 13-րդ վայրկեանին կոլ նշանակեց նորվեկիացի յառաջապահ Անտրէաս Շյելտերուփի շնորհիւ: Քոմաս, Կորեցքա, Քէյն, Քիմիչ, Լայմըր, Մուսիալա, Օլիսէ եւ Թահ պահեստի աթոռներուն վրայ չէին… այլ հանդերձարանի զովացուած սենեակէն կը դիտէին: Բ. կիսախաղին Թահ, Օլիսէ, Լայմըր, Քիմիչ եւ Քէյն դաշտ ներկայացան, եւ Պայերն գրեթէ իշխեց ամբողջ կիսախաղին` մեծ թիւով առիթներ ստեղծելով, ուր Լիրոյ Սանէ 2 անգամ առանձնանալէ ետք Պենֆիքայի ուքրանացի բերդապահ Անաթոլի Թրուպինի հետ չկրցաւ կոլ նշանակել: Թրուպլին իր վրայ 4 ոսկի առիթներն ալ կրցաւ զսպել` անառիկ պահելով իր բերդը, որ 61-րդ վայրկեանին «խոցուեցաւ» Քիմիչի ուժգին հարուածով, սակայն Հերի Քէյն օֆ սայթի դիրքի վրայ էր եւ բերդապահին դիմաց շուարեցուցած էր զայն:
Այս արդիւնքէն չկրցան օգտուիլ Պոքա Ժունիորզ, որուն միակ յոյսն էր Պայերնի յաղթանակն ու իր յաղթանակը, որոնք երկուքն ալ չպատահեցան: Պոքա 1-1 արդիւնք մը արձանագրեց կէս արհեստավարժ Օքլենտ Սիթիի հետ, եւ երկու խումբերն ալ հրաժեշտ տուին մրցաշարքին:
Աւելի ուշ, Չելսի 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թունուզի Էսփերանսը: Թոսին Լիփարապիոյօ, Լիամ Տելասի եւ Թիրիք Ճորճ նշանակեցին Չելսիի կոլերը:
Կը կարծուէր, թէ Ֆլամենկօ հանգիստ յաղթանակ մը պիտի արձանագրէր Լոս Անճելըս Ֆ. Ք. խումբին վրայ, բայց Ուկօ Լորիսի բերդին ձողն ու սիւները 3 առիթով զսպեցին Լոս Անճելըսի խումբը: Կապանցի Տենիս Պուանկա 84-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեց ամերիկեան ակումբին հաշուոյն, բայց պրազիլեան Ֆլամենկոն, որ վերջին 11 մրցումներուն անյաղթ կը մնայ, բոլոր մրցաշարքերուն կրցաւ հաւասարիլ 2 վայրկեան ետք` շնորհւ Ուալաս Եանի կոլին:
Ֆլամենկօ, որ գրաւեց Դ. խմբակի առաջին դիրքը, Բ. հանգրուանին պիտի մրցի Պայերն Միւնիխի դէմ, իսկ Պենֆիքա` Չելսիի:
Այսօր գիշեր Եուվենթուս պիտի մրցի Մանչեսթըր Սիթիի դէմ, իսկ Ուիտատ Այնի: Վաղը առաւօտեան ժամերուն Ռէալ Մատրիտ պիտի մրցի Զալցպուրկի դէմ, իսկ Հիլալ` Փաչուքայի, եւ այսպիսով կ՛աւարտին առաջին հանգրուանի մրցումները:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն Փալմէյրաս պիտի մրցի Պոթաֆոկոյի դէմ, իսկ Փարիզ Սեն Ժերմեն` Ինթեր Մայեմիի դէմ, ուր Լիոնել Մեսսի, որ երեքշաբթի օր 38-րդ տարեդարձը նշեց, առաջին անգամ ըլլալով պիտի մրցի իր նախկին խումբին` Փարիզի դէմ, կիրակի օր: