Ֆրանսայի Լիոն ֆութպոլի ակումբը նիւթական հաշուետուութեան խախտումներու պատճառով փոխանցուեցաւ Բ. դասակարգ:
2001-էն 2008 Ֆրանսայի ախոյեանութեան 7 անգամ տիրացած Լիոն չկրցաւ ներկայացնել անհրաժեշտ նիւթական երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ խումբը արդէն իսկ պարտքեր ունէր:
Ըստ «Լ՛Էքիփ»-ի, ակումբը կրնայ բողոք ներկայացնել:
Այս որոշումը յայտարարած է «Տէ. Էն. Սէ. Ժէ.» կազմակերպութիւնը, որ պատասխանատու է Ֆրանսայի ֆութպոլի ակումբներու նիւթական հսկողութեան:
Նշենք, թէ Լիոն 2024-2025 տարեշրջանին «Լիկ 1»-ին գրաւած էր 6-րդ դիրքը` շահելով «Եուրոփա Լիկ»-ին մասնակցելու իրաւունք: Լիոն արդէն իսկ անցեալ տարեշրջանին ալ հասած էր «Եուրոփա Լիկ»-ի քառորդ աւարտական եւ պարտուած Մանչեսթըր Եունայթըտէն: