Տարեշրջանի լաւագոյն խումբը երէկ լաւագոյն խումբն էր եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր շահեցաւ իր պատմութեան առաջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսը` պարտութեան մատնելէ ետք Ինտիանա Փէյսըրզ 103-91 արդիւնքով:
Ճակատումները հաւասարած էին 3-3-ի վրայ, եւ երէկ առաւօտեան ժամերուն Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 29 կէտ նշանակելով կրցաւ իր խումբը առաջնորդել յաղթանակի` վիրաւոր Թայրիս Հալիպըրթընի Ինտիանային վրայ:
Թայրիս, որ աջ ոտքի մկանի հարցեր ունէր, 7 վայրկեան միայն կրցաւ մասնակցիլ եւ մրցումը լքեց այս անգամ կռունկի ցաւով: Ինտիանա չյանձնուեցաւ եւ կիսախաղին 1 կէտով կը յաղթէր, բայց Օքլահոմա 34-20 արդիւնքով յառաջդիմեց 3-րդ մասին եւ 13 կէտի հասցուց առաւելութիւնը` ուղղուելով տիտղոս:
«Երազի նման է: Շատ ժամեր, շատ պահեր, շատ զգացումներ ու աներեւակայելի գիշերներ, երեւակայելի գիշերներ, լաւ է, որ հոս ենք, բայց այս խմբակը լաւ աշխատեցաւ հոս հասնելու… Ժամեր զոհեցինք եւ արժանի էինք», ըսաւ Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր, որ դարձաւ պատմութեան առաջին մարզիկը, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի առաւելագոյն կէտ նշանակող, տարեշրջանի «Էմ. Վի. Փի.» (լաւագոյն մարզիկ), աւարտականներու «Էմ. Վի. Փի.» եւ 7-րդ մրցումի հերոսն է նոյն տարեշրջանին:
2008-էն ի վեր Օքլահոմա Սիթի Թանտըր կոչուած խումբը 1979-ին շահած էր տիտղոսը, երբ անիկա կը կոչուէր Սիեթըլ Սուփըրսոնիքս:
Շէյի 3.172 կէտերը առաւելագոյնն էին Մայքըլ Ճորտընէն ետք: Ան միջին հաշուով 30,3 կէտ նշանակեց աւարտականին` ձեռք ձգելով արժանի «Էմ. Վի. Փի. տիտղոսը, Ճէյլըն Ուիլիամս 20 կէտ նշանակեց, մինչ խմբակից Չեթ Հոլմկրեն 18 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 5 պլոք կատարեց դառնալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ պատմական մարզիկ Թիմ Տանքընէն ետք առնուազն 10 պլոք կատարեց աւարտականին:
Օքլահոմա 84 մրցումներ յաղթեց այս տարեշրջանին (բնական եւ փլէյ օֆի)` հաւասարելով Շիքակօ Պուլզի (1996-1997 տարեշրջան) հետ 3-րդ դիրքի վրայ: Միայն Կոլտըն Սթէյթ (88 յաղթանակ` 2016-2017 տարեշրջան) եւ Շիքակօ Պուլզ (87 յաղթանակ` 1995-1996 տարեշրջան) կրցած են յաղթել աւելի, ուր Կոլտըն Սթէյթ դարձած էր փոխախոյեան, իսկ Շիքակօ` ախոյեան:
Ստորեւ` 2000 թուականէն ետք 25 ախոյեանները.
2000 – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (4-2 արդիւնքով` Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ)
2001 – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (4-1 արդիւնքով` Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի դէմ)
2002 – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (4-0 արդիւնքով` Նիւ Ճըրզի Նեթցի դէմ)
2003 – Սան Անթոնիօ Սփըրզ (4-2 արդիւնքով` Նիւ Ճըրզի Նեթցի դէմ)
2004 – Տիթրոյիթ Փիսթընզ (4-1 արդիւնքով` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ)
2005 – Սան Անթոնիօ Սփըրզ (4-3 արդիւնքով Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ)
2006 – Մայեմի Հիթ (4-2 արդիւնքով` Տալաս Մեւրիքսի դէմ)
2007 – Սան Անթոնիօ Սփըրզ (4-0 արդիւնքով` Քլիվլենտ Քեվելիրզի դէմ)
2008 – Պոսթըն Սելթիքս (4-2 արդիւնքով` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ)
2009 – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (4-1 արդիւնքով` Օրլանտօ Մեճիքի դէմ)
2010 – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (4-3 արդիւնքով` Պոսթըն Սելթիքսի դէմ)
2011 – Տալաս Մեւրիքս (4-2 արդիւնքով` Մայեմի Հիթի դէմ)
2012 – Մայեմի Հիթ (4-1 արդիւնքով` Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի դէմ)
2013 – Մայեմի Հիթ (4-3 արդիւնքով` Սան Անթոնիօ Սփըրզի դէմ)
2014 – Սան Անթոնիօ Սփըրզ (4-1 արդիւնքով` Մայեմի Հիթի դէմ)
2015 – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (4-2 արդիւնքով` Քլիվլենտ Քեվելիրզի դէմ)
2016 – Քլիվլենտ Քեվելիրզ (4-3 արդիւնքով` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ)
2017 – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (4-1 արդիւնքով` Քլիվլենտ Քեվելիրզի դէմ)
2018 – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (4-0 արդիւնքով` Քլիվլենտ Քեվելիրզի դէմ)
2019 – Թորոնթօ Ռեփթըրզ (4-2 արդիւնքով` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ)
2020 – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (4-2 արդիւնքով` Մայեմի Հիթի դէմ)
2021 Միլուոքի Պաքս (4-2 արդիւնքով` Ֆինիքս Սանզի դէմ)
2022 Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (4-2 արդիւնքով` Պոսթըն Սելթիքսի դէմ)
2023 Տենվըր Նակեթց (4-1 արդիւնքով` Մայեմի Հիթի դէմ)
2024 Պոսթըն Սելթիքս (4-1 արդիւնքով` Տալաս Մեւրիքսի դէմ)
2025 Օքլահոմա Սիթի Թանտըր (4-3 արդիւնքով` Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ)


