Կիրակի գիշեր տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը, որուն ընթացքին Պէյրութ Ֆըրսթ հիւրընկալեց 3-րդ դիրքը գրաւած Սաժեսը:
Պէյրութ Շիյահի իր դաշտին վրայ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին 17 կէտի առաւելութիւն ալ ունեցաւ «կանաչ»-ներուն դէմ: 2-րդ մասին 33-22 արդիւնքով ետ մնացած Սաժես ինքզինք վերագտաւ եւ 1 կէտի առաւելութեամբ կիսախաղ մեկնեցաւ հանգստանալու (52-53):
Բ. մասին Պէյրութ սաստկացուց իր յարձակումները եւ լաւ ձեւով ինքզինք պաշտպանեց` ստանալով միայն 14 կէտ: Սաժես ինք էր, որ լաւ ձեւով սկսաւ կիսախաղէն ետք` նշանակելով 7 յաջորդական կէտեր 52-60 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, սակայն Պէյրութ 68-67 արդիւնքով անցաւ Սաժեսի Ալի Մըզհերի 3 կէտերէն ետք եւ 74-67 արդիւնքով աւարտեց 3-րդ մասը:
Սաժես վերջին մասին փորձեց մօտենալ եւ մրցումի աւարտէն 2 վայրկեան առաջ 1 կէտի նուազեցուց տարբերութիւնը, բայց Ռիչըրտ Սոլոմոն եւ Ալի Հայտար կարեւոր կէտեր նշանակեցին, Պէյրութ 87-81 արդիւնքով յաղթեց առաջին ճակատումին եւ այսօր պիտի մեկնի Ղազիր` երկրորդ ճակատումին համար:
Սերճիօ Տարուիշ 26 կէտ նշանակեց եւ կատարեց շատ կարեւոր 3 պլոքներ` ի նպաստ Պէյրութի: Ալի Մըզհեր 16 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց, բայց օտար մարզիկները աւելի խմբային կը խաղան, ուր Ռիչըրտ Սոլոմոն 9 կէտ եւ 13 ռիպաունտ կատարած է, իսկ Թոմաս Ուինպուշ` 10 կէտ եւ 3 ռիպաունտ:
Սաժեսի լաւագոյն մարզիկներն էին Օմար Ժամալէտտին (27 կէտ) եւ Մարք Խուէյրի «Պոպօ» (9 կէտ եւ 5 սթիլ), մինչ օտար մարզիկները` Սթեֆան Մուտի (14 կէտ), Սեքու Տումպոյա (13 կէտ) եւ Մարթին Քրեմփըլ (5 կէտ) լաւ վիճակի մէջ չէին: