Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իւղանկարիչ Զոհրապ Քէշիշեանի Կտաւները Նուիրուեցան Զմմառու Մայրավանքին

June 20, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ օրս որդեգրած է բարի եւ գեղեցիկ սովորութիւն մը` վանքի որմերը զարդարելու բազմաթիւ հայ արուեստագէտներու կտաւներով: Վերջին օրերուս անոնք համալրուեցան իւղանկարիչ` Զոհրապ Քէշիշեանի կտաւներով:

Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի փրկչագործութիւնը, եկեղեցւոյ հայրերու վարքերը եւ այլ բնագաւառներ ներշնչման աղբիւր հանդիսացած են Զոհրապի ստեղծագործութեան:

Այս առիթով, կիրակի, 1 յունիս 2025-ի, առաւօտեան ժամը 11:30-ին Զմմառու մայրավանքի դահլիճին մէջ ջերմ ընդունելութեան արժանացան արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի քրոջ դուստր Թալին Գանլըճեանն ու անոր ընկկերակցող հիւրերը:

Ան իր մօրեղբօր յիշատակը վառ պահելու նպատակով Զոհրապի արուեստի գլուխ-գործոց կտաւներէն երեքը` «Յիսուսի չարչարանքը», «Աստուածամայրը` Մանուկ Յիսուսը պարուրած», «Քրիստոս` կեանքի հացը ափին մէջ պահած» խորագիրներով իւղանկարները նուիրեց մայրավանքին:

Հիւրերը դիմաւորուեցան` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեանի, փոխմեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի, վանքի վարչական հայրերուն ու ժառանգաւորներուն կողմէ:

Նարեկ վրդ. Լուիսեան, ողջունելէ ետք հիւրերը, բարձր գնահատեց Զոհրապ Քէշիշեանի արուեստը` ըսելով, թէ մարդ իր գործով է, որ կ՛անմահանայ, եւ պատմութեան ոսկեայ էջերուն մէջ անոր անունը կ՛արձանագրուի:

Իսկ մեծաւոր հայրը դրուատիքի եւ երախտիքի խօսքեր ուղղեց Թալին Գանլըճեանին, որ իր մօրեղբօր այնքան արժէքաւոր կտաւները, առանց դոյզն անգամ վարանելու, նուիրեց 276-ամեայ Զմմառու վանքին:

Մաշտոց թ. ծ. վրդ. խոստացաւ, որ կտաւները իրենց ուրոյն եւ արժանի տեղը կը գրաւեն վանական համալիրի համապատասխան դահլիճներուն մէջ:

Այնուհետեւ Թ. Գանլըճեան, իր հերթին,  յայտնեց, որ ինք իր մօրեղբօր կտակին անսալով` նուիրաբերեց սոյն կտաւները յատկապէս Զմմառու Տիրամօր վանքին:

Զոհրապ Քէշիշեանի արուեստի յաջողութեան առանցքը կը կայանայ իր ինքնատիպ ոճին մէջ, որ փայլք եւ երանգ կը հաղորդէ իր արուեստին, քանզի իւրաքանչիւր կտաւ արուեստի գոհար մըն է` այնքան լիակատար ներդաշնակութեամբ, որ կարծէք մարդկային ձեռակերտ մը չէ, այլ` արարչագործութիւն:

Նախորդը

Գոհաբանական Աղօթքի Երեկոյ Եւ Թափօր-Ջահերթ` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Նահատակութեան 110-րդ Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Աւարտականներու Թեզի Պաշտպանութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.