Նախաձեռնութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան եւ կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, չորեքշաբթի, 11 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, գոհաբանական աղօթքի երեկոյ եւ հանդիսաւոր թափօր-ջահերթ կատարուեցաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի «ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ» նահատակութեան 110-րդ տարելիցին առիթով:
Աղօթքի երեկոն սկիզբ առաւ տեղւոյն ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ ան խնդրեց իր հօտէն, անդադար Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնը խնդրել: Տէրունական աղօթքէն ետք Զմմառու մայրավանքի փոխմեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեան գոհաբանական աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ ս. հաղորդութեան սրբալոյս Ճաճանչով օրհնեց ներկաները: Ապա ցուցադրուեցաւ Զմմառու ժառանգաւորներուն կողմէ պատրաստուած Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վարքը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Օրուան պատգամը յղեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան, որ ներկայացուց Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի կոչման, քահանայութեան, նահատակութեան եւ սրբութեան կարեւոր փուլերը: Ան ըսաւ. «Մալոյեան արքեպիսկոպոս` ի տես ընդվզող հօտի սանձազերծմանը, ճիգերու գերագոյն լարումով փորձեց կանխել խլրտումները, որոնք արիւնահեղութեամբ կրնային աւարտիլ: Ան թրքական հակամարտութեան բռնկումը մեղմելու միտումով բանակցութիւններ վարեց իշխանութեան հետ եւ որպէս խաղաղարար` թրքական կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ»: Ան դիտել տուաւ, որ աակայն այդ մէկը երբեք ուրախութեան առիթ չհանդիսացաւ արքեպիսկոպոսին, ան քաջատեղեակ էր Օսմանեան կայսրութեան ծրագիրին եւ այդ Գողգոթայի ճանապարհը ինք եւս իր վառ օրինակին` Յիսուս Քրիստոսի հետ քալեց»: Զմմառու մեծաւորը աւելցուց. «Այս բոլոր նախադրեալները հայ հոգեւորականը փորձեց զսպել եւ իր հօտը հեռու պահել սպանդէն, սակայն թրքական ծրագրին դէմ ի զուր էին արքեպիսկոպոսի ջանքերը: Անոնք ոչ միայն չանսացին առաջնորդին միջամտութեանը, այլեւ զինք եւս ամբաստանեցին կայսրութեան դէմ յեղափոխելու մեղադրանքով, որուն հետեւանքը եղաւ Մալոյեանի ողբերգական նահատակութիւնը»: Գերապայծառը աւարտեց իր պատգամը` ըսելով. «Ան իր նահատակութենէն 110 տարիներ ետք վերընձիւղեց իր այնքան սիրած ժողովուրդն ու փայփայած Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը»:
Շնորհք խնդրելու աղօթքէն ետք, բոլորը միասնաբար թափօրով շրջեցան Պուրճ Համուտի թաղերը` վերադառնալով Մեսրոպեան վարժարան, ուր Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերով օրհնութիւն կատարուեցաւ, եւ անոր ձեռաց խաչին ու շուրջառի մասունքի համբոյր տրուեցաւ:
Թափօրը ջահերթով առաջնորդեցին` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, Սուրբ Մեսրոպի արիներն ու ՀԿՄ-ի երիտասարդականը: