Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաճիեւ. «Պաքուն Երեւանէն «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Հարցով Առաջին Քայլ Կ՛ակնկալէ»

June 16, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Չեխիոյ մէջ «ԿԼՈՊՍԵ 2025» համախմբումի ընթացքին շաբաթ օր դարձեալ խօսած է Պաքուի պահանջած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին` պատասխանելով Երեւանի կողմէ յառաջ քշուող «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի մասին հարցումին:

Հաճիեւ համաձայնած է, որ Հայաստան կրնայ մաս կազմել շրջանային հիմնական փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու քննարկումներուն, սակայն դարձեալ շեշտած է «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման կարեւորութիւնը:

«Ատիկա կարելի է: Մենք կը քննարկենք… Մեր նպատակը չէ տեսնել մէկ այլ մեկուսացում, շրջանին մէջ լուսանցքայնացում, սակայն միեւնոյն ժամանակ մենք եւս որոշ ակնկալիքներ ունինք Հայաստանէն: Ինչո՛ւ ըսի, որ («Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի գաղափարը) քիչ մը ուշացած է: Հայաստան 30 տարի Ազրպէյճանի Նախիջեւան տարածքը մեկուսացման մէջ պահած է, մենք հիմա կ՛ակնկալենք, որ Հայաստան կարեւոր առաջին քայլը պէտք է ընէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցով:

«Ես գիտեմ, որ իմ որոշ հայ գործընկերներս կը բարկանան միջանցք բառէն, ես միշտ կը կատակեմ, որ Ազրպէյճանի ամբողջ տարածքը միջանցք է: Լաւ, զայն կոչենք անցուղի, մենք կ՛ուզենք նախ եւ առաջ ունենալ կապ Նախիջեւանի հետ, որովհետեւ 30 տարի զրկուած եղած ենք այդ կարելիութենէն: Անմիջապէս որ ըլլայ Նախիջեւանի հետ կապը, ես կը կարծեմ, որ այստեղ կրնան Հայաստանի համար եւս բացուիլ այլ կարելիութիւններ: Սակայն մենք եւս կ՛ուզենք տեսնել Հայաստանը իբրեւ հիմնական փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու մաս», ըսած է ազրպէյճանցի պաշտօնատարը:

Հաճիեւ Երեւանի կողմէ առաջարկուող «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը ուշացած նկատած է:

«Երբ Հայաստան կը խօսի «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի մասին, տարբեր ձեւակերպումներ կան. ես պիտի ըսէի, որ ատիկա քիչ մը ուշացած մօտեցում է: Եւ երբ Ազրպէյճանի տարածքները բռնագրաւումի տակ էին, մենք միշտ կը խօսէինք հաղորդակցութեան մասին` իբրեւ տագնապի հոլովոյթի լուծման տարբերակ:

«Հիմա տագնապը լուծուած է: Հաղորդակցութեան մէջ այլ բաղադրիչ է Արեւելք-Արեւմուտք միջին միջանցքը, եւ այստեղ անհրաժեշտ է անվտանգութիւն եւ կայունութիւն միջանցքի ամբողջական եւ արդիւնաւէտ գործարկման համար», նշած է Ալիեւի խորհրդականը:

Հաճիեւ նաեւ ըսած է. «Խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը համաձայնեցուցած ենք, սակայն Ազրպէյճանի համար տակաւին երկու կարեւոր խնդիր կը մնայ»` վերստին թուարկելով Պաքուի երկու նախապայմանները` Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարումը:

«Ի հարկէ, մենք կը հասկնանք, որ սահմանադրական հարցերը որեւէ երկրի ներքին գործն են, սակայն երբ սահմանադրութեան մէջ կայ մէկ այլ երկրի վերաբերեալ տարածքային պահանջի յղում, ատիկա մտահոգութիւններ կը պատճառէ», յայտարարած է Հիքմեթ Հաճիեւ:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Գահակալութեան 30-րդ Տարեդարձի Նշում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Իրանի Եւ Իսրայէլի Հայ Համայնքներուն Մէջ Զոհեր Չկան

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.