Իրանի եւ Իսրայէլի մէջ արձանագրուած զոհերու շարքին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ գտնուելու վերաբերեալ տուեալներ ներկայիս չկան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Պաշտօնական Երեւանը կը տեղեկացնէ, որ երկու երկիրներուն մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնները «հանդէս եկած են համապատասխան հաղորդագրութիւններով` տրամադրելով անհրաժեշտ անձնական տուեալներ, որոնց միջոցով մնայուն կապ կը պահպանուի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն հետ»: