Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը:
Զրուցակիցները քննարկած են վերջին զարգացումները:
Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ արտայայտուած դիրքորոշումին համապատասխան` նախարար Միրզոյեան ընդգծած է ստեղծուած կացութեան մէջ վտանգներու կառավարման եւ շրջանին մէջ մագլցումի բացառման կարեւորութիւնը:
Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի շարունակեն աշխուժ կապ պահպանել, ի միջի այլոց Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ծիրին մէջ քննարկումներուն առնչութեամբ: