Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին. Թրամփ Նեթանիահուին Ըսած Է, Որ Իրանի Վրայ Յարձակումին Դէմ Է, Որովհետեւ Անոր Հետ Համաձայնութեան Առիթ Գոյութիւն Ունի

June 13, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պաշտօնատար մը եւ իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ըսած է, թէ ներկայիս Իրանի վրայ զինուորական յարձակումի մը դէմ է, որովհետեւ կը կարծէ, թէ անոր հետ հիւլէական համաձայնութիւն գոյացնելու առիթ գոյութիւն ունի:

Ամերիկեան կայքը նշեց, որ Սպիտակ տան ղեկավարը այս մասին յայտնած է երկուշաբթի օր Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:

Սակայն «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Թրամփ երեքշաբթի օր յայտնած է, թէ Իրանը այժմ բանակցութիւններուն մէջ «աւելի կարծր» դիրք որդեգրած է:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, մէջբերելով Իսրայէլի վարչապետին մօտիկ անձերու խօսքեր, հաղորդեց, որ Նեթանիահուն «անակնկալի մատնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի հետ դիւանագիտական լուծումի որոնման վրայ պնդումէն»:

Ամերիկեան օրաթերթը նշեց. «Թրամփի եւ Նեթանիահուի վերջին զրոյցը պարզապէս երկուքին միջեւ հետզհետէ աւելի լարուող յարաբերութեան մէկ նոր երեւոյթն էր»:

«Թրամփ Նեթանիահուի հետ խօսեցաւ վստահ ըլլալու համար, որ ան զինուորական արարքով սպառնալով Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւնները պիտի չխանգարէ», գրեց «Նիւ Եորք Թայմզ»:

Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտնեց, որ մօտ օրէն Միացեալ Նահանգներուն պիտի ներկայացնէ հիւլէական համաձայնութեան իր առաջարկը` պատասխանելով ամերիկեան առաջարկին, որ Թեհրան անընդունելի կը նկատէ:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Անթունիէի Դաշտին Վրայ (85-87) Եւ Այսօր Պիտի Հիւրընկալէ Զայն

Յաջորդը

Մետինսքի. «Քիեւի Փոխզիջման Դիմելու Անպատրաստ Ըլլալը Կրնայ Անոր Նոր Տարածքներ Արժել»

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.