Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Անթունիէի Դաշտին Վրայ (85-87) Եւ Այսօր Պիտի Հիւրընկալէ Զայն

June 13, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի գիշեր Անթունիէ դպրոցի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը շատ կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Անթունիէի դէմ` 4-րդ դիրքի ճակատումի առաջին մրցումին:

Մրցումը ծայր աստիճան հետաքրքրական էր, եւ բոլոր մարզիկներն ալ իրենց կարելին ըրին պաշտպանելու եւ կէտեր նշանակելու:

Մրցումի միակ ժխտական պահը 4-րդ մասի 3-րդ վայրկեանին էր, երբ դաշտին վրայ մարզիկներուն հոսած քրտինքին պատճառով սահեցաւ եւ վիրաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի ամերիկացի մարզիկ Թայլըր Պէյ:

3 վայրկեան դարմանուելէ ետք ան կրցաւ վերադառնալ դաշտ եւ կարեւոր 3 ռիպաունտ հաւաքեց, տանք մը նշանակեց եւ շատ կարեւոր սթիլ մը ձեռք ձգեց մրցումի աւարտէն 3 երկվայրկեան առաջ:

Թայլըր Պէյ ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկն էր Ճորտընի կողքին: Ան 27 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց մրցակից Մայքըլ Ուաթքինզի դէմ, որ Լիբանանի լաւագոյն սենթըրն է` միջին հաշուով 15 ռիպաունտ եւ 3,67 պլոք ընելով:

Կապրիէլ Աճէմեան իր վերջին մրցումներուն նման շատ լաւ ելոյթ կ՛ունենայ եւ կրցաւ 25 կէտ նշանակել: Սթիվընզ 19 կէտ եւ 15 էսիսթ ձեռք ձգեց:

Տուէյն Ճեքսըն 4 կէտ նշանակեց, բայց շատ լաւ ձեւով օգնեց խումբին 7 ռիպաունտ, 4 սթիլ եւ 3 էսիսթ կատարելով: Անոր կանուխ ֆաուլերը (3 ֆաուլ առաջին մասին) քիչ մը աւելի զգուշ ձգեցին խումբին վնաս չհասցնելու նպատակով: Նոյն բանը պատահեցաւ մրցակից Ուաթքինզի հետ, որ կանուխ ֆաուլեր կատարեց եւ ձեւով մը զգուշ խաղցաւ:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին, արդիւնքը շատ մօտ էր մրցումին սկիզբէն մինչեւ վերջ: Միայն 2-րդ մասին, Անթունիէ կիսախաղէն 2 վայրկեան առաջ 9 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ, բայց Կապրիէլ Աճէմեան եւ մանաւանդ Ճորտըն Սթեվընզ կիսախաղի պազըրին դաշտի կեդրոնէն 3 կէտնոց կողովով արդիւնքը հաւասարեցուց 41-41-ի: Առաջին մասին ալ (19-19) հաւասար մնալէ ետք, 3-րդ մասի աւարտին 62-62 արդիւնքով հաւասար էին խումբերը:

Վերջին մասին, ՀՄԸՄ ամէն ձեւով ճնշեց եւ աւարտէն 1 վայրկեան առաջ 8 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ:

ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկներէն Փաթրիք Պու Ապպուտ 2 անգամ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, բայց ՀՄԸՄ անսխալ էր ազատ հարուածներով, ուր Կապրիէլ եւ Տուէյն 4 կէտ ալ աւելցուցին, մինչ Այզիա Ուաշինկթըն իր 31-րդ կէտը նշանակեց, բայց մրցումին սուլիչը վերջ դրաւ մրցումին 87-85 արդիւնքով ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով:

Այսօր ժամը 16:50-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ պէտք է մեր համակիրները խիտ շարքերով ներկայանան դաշտ ոչ թէ միայն դիտելու, այլ նաեւ «տաք մթնոլորտ»-ով քաջալերելու խումբը յաղթանակ կերտելու, ինչ որ մեր տոմսը պիտի ըլլայ ֆայնըլ 4-ի:

Յոյսով, որ Թայլըր Պէյ կարենայ մասնակցիլ եւ արդիւնաւէտ ըլլալ, մանաւանդ որ այս ճակատագրական մրցումին նոյնիսկ ամէնէն երիտասարդ պահեստի մարզիկը 100 տոկոս պէտք է տայ խումբին` ՀՄԸՄ-ի անունը բարձր պահելու համար:

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Հայկ Մանուկեան Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Եւ Դարձաւ Եւրոպայի Ախոյեան. Մարաթ Աճէմեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Յաջորդը

Աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին. Թրամփ Նեթանիահուին Ըսած Է, Որ Իրանի Վրայ Յարձակումին Դէմ Է, Որովհետեւ Անոր Հետ Համաձայնութեան Առիթ Գոյութիւն Ունի

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.