Երեւանէն որեւէ ազդակ չենք ստացած ռուսական ռազմակայանի դուրսբերման մասին, հանրապետութեան պաշտօնական դէմքերը հրապարակաւ հաստատած են` օրակարգի վրայ նման հարց չկայ: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Հայաստանի մէջ կը գիտակցին` ռուսական ռազմակայանը ոչ միայն երկրի, այլ ընդհանուր շրջանի անվտանգութեան ճարտարապետութեան կարեւոր բաղադրիչն է», ըսած է ան:
Մեկնաբանելով Ազրպէյճան-ՕԹԱՆ սերտ համագործակցութիւնը` Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է. «ՕԹԱՆ-ը Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան տեսակէտէն որեւէ լաւ բան չի ներկայացներ: Ընդհակառակը, արեւմտականներու հիմնական նպատակն է խարխլել շրջանին մէջ կացութիւնը, ստեղծել լարուածութեան նոր օճախներ:
«Յոյսով ենք` թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Երեւանի մէջ հաւասարապէս կը հասկնան այս հարցին մէջ մեր հիմնաւորուած մտահոգութիւնը եւ լիարժէք կը գիտակցին յարձակողական զինուորական դաշինքներու հետ համագործակցութեան խորացման վտանգներուն»: