Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անուղղակի բանակցութիւններու նոր փուլը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի օր, Մասքաթի մէջ»:
Նախքան այդ, ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը` վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնատար մը, հաղորդեց. «Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու 6-րդ փուլը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ օր Օսլոյի մէջ կամ կիրակի օր Մասքաթի մէջ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած էր, թէ Իրանի հետ ժողովը պիտի գումարուի հինգշաբթի օր, եւ Թեհրան անընդունելի բաներ կ՛ուզէ:
Ան վերահաստատեց «իւրանիոմի զերօ հարստացում» քաղաքականութիւնը` նշելով, որ իրանցիները տակաւին զայն չեն ընդունած, իսկ անոր այլընտրանքը «արիւնն ու քանդումն» է:
«Իրանցիները աշխարհի վրայ լաւագոյն բանակցողներէն են», նշած էր Սպիտակ տան ղեկավարը:
Անդրադառնալով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ երկուշաբթի օր իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան` ան յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնս չափազանց լաւ էր, եւ մենք կը փորձենք մահէն եւ քանդումէն խուսափիլ: Նեթանիահուի հետ արծարծեցի շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Իրանի եւ Կազայի հարցերը»:


