Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան 6 յունիսին այցելած է Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ առանձնազրոյց ունեցած Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հետ:
Այս հանդիպումը տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետի եւ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ աւելի քան մէկ շաբաթ կաթողիկոսին ու եկեղեցւոյ միւս բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ շարունակուող արշաւի ու վիրաւորական բառապաշարով ուղեկցուող քննադատութեան խորապատկերին վրայ: Նիկոլ Փաշինեան կասկածի տակ կը դնէ հոգեւոր այրերու, որոնց շարքին Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հաւատարմութիւնը կուսակրօնութեան ուխտին, նոյնիսկ կը պնդէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է վճռորոշ ձայն ունենայ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութեան հարցին մէջ:
Լեւոն Տէր Պետրոսեան, ըստ Մայր աթոռին, Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ զրոյցի ընթացքին իր լիակատար աջակցութիւնը յայտնած է վեհափառ հայրապետին` միաժամանակ խստիւ դատապարտելով Հայոց 1700-ամեայ եկեղեցւոյ նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն հակասահմանադրական ոտնձգութիւնը:
Ի պատասխան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն վիրաւորական գրառումներու շարք մը սկսած է նաեւ Հայաստանի առաջին նախագահի հասցէին: «Լեւոն Տէր Պետրոսեանը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընտրութիւններու կեղծման փորձի հիմնադիրն է եւ ան ի հարկէ պիտի կանգնի իր նման ժողովրդատեաց կեղծարարի ու կեղծիքի կողքին», Դիմատետրի մէջ գրած է վարչապետ Փաշինեան: