Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Ռուպիոյին Ներկայացուցած Է Ուքրանիոյ Հետ Բանակցութիւններու Համար Մոսկուայի Կողմէ Որոշակի Առաջարկներու Նախապատրաստումը

June 4, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ: Այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«28 մայիսին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ Ռուպիոն ռուս նախարարին հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած է Թրամփի ուքրանական տագնապին որքա՛ն կարելի է շուտ վերջ տալու նկատմամբ յանձնառութիւնը:

Կողմերը քննարկած են երկկողմանի օրակարգի ընթացիկ հարցեր:

Նախքան այդ, Լաւրով յայտարարած էր. «Մոսկուան կ՛առաջարկէ Պոլսոյ մէջ 2 յունիսին Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններու երկրորդ փուլ կատարել»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Օքայ Մեմիշի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարեց. «Պոլսոյ հարթակը կը դառնայ հիմնական հարթակը բոլոր ոլորտներուն մէջ, Սեւ ծովու, Սեւծովեան գործարքի, հացահատիկի գործարքի, իսկ այժմ ալ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններ վարելու համար»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ ղեկավարութեան ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու նպատակով Պոլսոյ հարթակը տրամադրելու համար:

«Մենք գիտենք, որ Անգարան զգալի ջանքեր գործադրած է, ներառեալ անվտանգութեան ապահովման առումով, պատուիրակութիւններու աշխատանքին համար լաւագոյն պայմաններ ստեղծելու համար», ըսած է Շոյկու:

«Մենք Անգարայի հետ կապուած ենք առեւտուրի, տնտեսական եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ միացեալ մեծ նախագիծերու յաջող իրականացումով», աւելցուցած է ան:

Ըստ Շոյկուի, երկկողմանի համագործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը «մեծապէս պայմանաւորուած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ վստահութեան երկխօսութեան աշխուժութեամբ. Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կանոնաւոր կերպով հեռաձայնով կը հաղորդակցին»:

 

Նախորդը

«Չինաստանը Ամերիկայի Անվտանգութեան Աննախադէպ Գոյութենական Սպառնալիք Կը Ներկայացնէ» Կ՛ըսէ «Սի. Այ. Էյ.»-ի Փոխտնօրէնը

Յաջորդը

Հաճիեւ Հաստատած Է. Պաքուի Մէջ Բանակցութիւններ Կատարուած Են Թուրքիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ

RelatedPosts

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն
Գլխաւոր լուրեր

Փենթակոն. «Ամերիկան Եւ Անոր Դաշնակիցները Պաշտօնապէս Աւարտեցին Իրաքի Մէջ «Ամուր Վճռակամութիւն» Գործողութիւնը»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.