Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Գահիրէի մէջ իր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի եւ Եգիպտոսի մօտ «քաղաքական եւ տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդելու կամք» գոյութիւն ունի:
Ինչ կը վերաբերի շրջանային հարցերու, Արաղչի յոյս յայտնեց, որ Կազայի մէջ տեւական զինադադար կը հաստատուի, մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութիւնը կ՛երաշխաւորուի եւ գերիներու փոխանակում տեղի կ՛ունենայ` ընդգծելով, որ իր երկիրը կը զօրակցի որեւէ ջանքի, որ կը նպաստէ պաղեստինցի ժողովուրդի տառապանքին վերջ տալու:
Անդրադառնալով Հուսիներու կողմէ Կարմիր ծովուն մէջ գործողութիւններու նկատմամբ դիրքորոշման` ան ըսաւ. «Այդ գործողութիւնները իսրայէլեան նաւերու դէմ են կամ այն նաւերուն, որոնք դէպի սիոնական գոյացութիւն կ՛ուղղուին: Անոնք Կազայի վրայ շարունակուող յարձակումին պատասխանին մէկ մասն են»:
Ինչ կը վերաբերի հիւլէական թղթածրարին, իրանեան դիւանագիտութեան պետը վերահաստատեց, որ իր երկիրը կը մերժէ հիւլէական զէնք ձեռք բերել:
«Իրան չի ձգտիր զայն ձեռք ձգել, սակայն չի կրնար իւրանիոմի հարստացման իր իրաւունքէն հրաժարիլ», ըսաւ ան, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի շրջանը «հիւլէական զէնքերէ զուրկ դարձնելու»:
«Եթէ հիւլէական բանակցութիւններուն նպատակը մեզ մեր խաղաղ գործունէութենէն զրկելն է, ապա համաձայնութիւնը կարելի պիտի չըլլայ, եւ մենք վստահ ենք մեր հիւլէական ծրագիրի խաղաղ բնոյթէն, եւ թաքցնելիք ոչինչ ունինք», յայտարարեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Կը շարունակենք բանակցութիւնները, մինչեւ մեր շահերը ապահովենք, եւ լուծումը դիւանագիտութիւնն է»:
Արաղչի եզրափակեց նշելով, որ Իրան պատրաստ է արաբական պետութիւններուն, նախ եւ առաջ Եգիպտոսի հետ երկխօսութիւնը ընդլայնելու` նկատի ունենալով շրջանի ժողովուրդներուն եւ շրջանի կայունութեան համար անոր շահաւէտութիւնը:
Մինչ այդ, իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Թեհրան մտադիր է մերժել հիւլէական համաձայնութեան վերաբերեալ ամերիկեան առաջարկը, որովհետեւ անիրագործելի է»:


