Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը երէկ հաղորդեց. «Ամերիկեան ուժերը անցնող ժամերուն անակնկալ հեռացում կատարեցին արեւելեան Տէր Զօրի մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ եղող շրջաններու մէջ գտնուող երկու կարեւոր ռազմակայաններէ»:
Դիտարանը աւելցուց. «Աստիճանական հեռացումը սկսաւ 18 մայիսին, ապա անցնող երկու օրերու ընթացքին արագացաւ: Տեսնուեցան զրահապատ մեքենաներ եւ գումակային սարքեր ներառող ամերիկեան կարաւաններ, որոնք քարիւղի Օմար դաշտէն եւ կազի Քոնիքօ դաշտէն կը հեռանային, մինչ Միջազգային դաշինքի օդուժը մեծ թիւով թռիչքներ կը կատարէր»:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը նշեց, թէ հեռացումէն ետք Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու մասնայատուկ ուժեր տեղակայուած են ամերիկեան ուժերու լքած դիրքերուն վրայ:
«Զինուորական միացեալ գործողութիւնները պիտի շարունակուին, եթէ ապահովական արշաւներ կամ ՏԱՀԵՇ-ի թիրախներ ըլլան: Միջազգային դաշինքը անոնց պիտի աջակցի Հասաքայի հարաւը գտնուող Շատատի ռազմակայանէն, ուր ամերիկեան ուժերը տակաւին կը պահեն իրենց ներկայութիւնը», նշած են դիտարանի աղբիւրները: