Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուիթքոֆ. «Զինադադարի Առաջարկին Համասի Պատասխանը Բացարձակապէս Անընդունելի Է»

June 2, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարեց. «Կազայի մէջ զինադադարի ամերիկեան առաջարկին Համասի պատասխանը բացարձակապէս անընդունելի է եւ մեզ ետեւ կը վերադարձնէ»:

«Համաս պէտք է մեր ներկայացուցած առաջարկը իբրեւ հիմք ընդունի բանակցութիւններու, զորս կրնանք յառաջիկայ շաբթուընէ սկսիլ», յայտնեց ամերիկացի պատուիրակը:

Պաղեստինեան Համաս շարժումէն աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի Կազայի մէջ զինադադարի առաջարկին վերաբերեալ շարժումին պատասխանը դրական էր, սակայն շեշտելով տեւական զինադադարի եւ իսրայէլեան ամբողջական հեռացման երաշխաւորումը»:

«Համաս իր պատասխանը միջնորդներուն գրաւոր փոխանցեց, եւ Ուիթքոֆի առաջարկին դրական պատասխան կը պարունակէ, սակայն շեշտելով մնայուն զինադադարի, իսրայէլեան ամբողջական հեռացման երաշխաւորումը եւ տասը գերիներուն երեք փուլերով ազատ արձակումը», ընդգծեց Համասի աղբիւրը:

Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարած էր. «Ազգային խորհրդակցութիւններ կատարելէ ետք եւ մեկնելով մեր ժողովուրդին ու անոր տառապանքին նկատմամբ մեր բարձր պատասխանատուութենէն, շարժումը այսօր միջնորդ եղբայրներուն յանձնեց ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի առաջարկին իր պատասխանը, ինչ որ կ՛իրագործէ տեւական զինադադար մը, Կազայէն ամբողջական հեռացում մը եւ Կազայի մէջ մեր ժողովուրդին օժանդակութիւններու հոսքի երաշխաւորումը»:

«Այս համաձայնութեան ծիրին մէջ, համաձայնութեան սպասող պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման դիմաց բռնագրաւումէն Դիմադրութեան մօտ գտնուող 10 ողջ գերիներ ազատ պիտի արձակուին, ինչպէս նաեւ 18 դիակներ», նշեց պաղեստինեան շարժումը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ զգուշացուց. «Համաս կա՛մ առեւանգուածները ազատ կ՛արձակէ, կա՛մ ալ պիտի ոչնչացուի»:

Ան նշեց, որ իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուած է Կազայի մէջ բոլոր թիրախներու դէմ գործի լծուելու, «անկախ որեւէ բանակցութենէ»:

 

Նախորդը

Գերմանիան Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով Այլ Երկիր Զօրք Ուղարկած Է

Յաջորդը

«Ուքրանիան Առանց Սումիի, Խարքովի Եւ Օտեսայի Մնալու Վտանգին Կը Դիմէ, Եթէ Կարգաւորումը Մերժէ» Կ՛ըսէ Ռուս Պաշտօնատար Մը

RelatedPosts

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն
Գլխաւոր լուրեր

Փենթակոն. «Ամերիկան Եւ Անոր Դաշնակիցները Պաշտօնապէս Աւարտեցին Իրաքի Մէջ «Ամուր Վճռակամութիւն» Գործողութիւնը»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.