Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Forget Me Not: Siroun Ararat Հրատարակութեան Առիթով

Մայիս 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հաւաքական կեանքին մէջ երբեմն կարգ մը նախաձեռնութիւններ ձեռնարկի մը կամ տօնախմբութեան մը սահմաններուն մէջ չեն սահմանափակուիր ու ժամանակաւոր մթնոլորտի մը ստեղծումով չեն գնահատուիր: Այդ նախաձեռնութիւնները իրենց բովանդակային, ժամանակակից պայմաններէն ու կացութիւններէն բխած հնչեղութեամբ եւ, աւելի՛ն, իրենց թելադրական շունչով կը փորձեն դրոշմ մը ձգել եւ դրական լիցք ու ազդեցութիւն հաղորդել:

Այսպիսի նախաձեռնութիւններ անշուշտ օժտուած կ՛ըլլան բովանդակային, որակական եւ ծրագրումի ու գործադրութեան իւրայատուկ ստորոգելիներով եւ կը փորձեն հաւաքական կեանքի ոլորտի մը մէջ շարժում, հետաքրքրութիւն եւ նորարարական մտածողութիւն ստեղծել:

FORGET ME NOT: SIROUN ARARAT հրատարակութիւնը իր ծրագրաւորումով, գործնականացման ուղղութիւններով եւ մանաւանդ քարոզչական մեթոտաբանութեամբ, մտածումի նոր հորիզոններ բացող, լոկ տեսութենէ, խօսքէ անդին գացող լուրջ ու յանձնառութիւն պահանջող աշխատանք է: Այո՛, այս ծրագիրին մէջ գործի ուժականութիւնը տիրապետող է: Ան նաեւ ունի խորիմաստ արտայայտութիւն, երբ մեր հաւաքական յիշողութեան մասին նոր մօտեցումով ծրագրի մը պատրաստութեան մէջ կը ներառուին ոչ հայ անհատներ, ու անոնք այդ աշխատանքի իրագործման մէջ կը դնեն իրենց մասնագիտական եւ տնտեսական կարողականութիւնն ու ներուժը` ստեղծելով համակող մթնոլորտ մը եւ մեծ ծրագիրները մեծահոգի ու անվախ իրականացնելու կամքի ու վճռակամութեան հարազատ դրսեւորում մը:

Ծրագրի սաղմնաւորումը կը պատկանի հայ մօր մը, որ, այս պարագային, հայու տագնապի իբրեւ արտայայտութիւն, իր ընթացիկ կեանքին մէջ կ՛ունենայ մտորումներ` զաւակներուն ու ընդհանրապէս նորահաս սերունդներու հայեցի ինքնութեան ու պարտկանելիութեան գիտակցութեան մէջ կաթիլ մը օգտակարութիւն բերելու:

Ծրագիրը կ՛արժանանայ տեղացի բարեկամի մը ամբողջական զօրակցութեան եւ, աւելի՛ն, լիբանանցի մտաւորականի գիրքի մը հեղինակութեան յանձնառու պատրաստակամութեան:

Գաղափարը արդէն կը գտնէ իրականացման իր ճիշդ ուղին, եւ աշխատանքը կը զգենու մանկական-մասնագիտական արդիական մօտեցում ու ոճ:

Այսպիսի հատորի մը երեք լեզուներով հրատարակութեան մասնակից դառնալը եւ պատրաստող խումբի մասնագիտական մօտեցումներուն ընկալումը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան համար յաւելեալ փորձառութիւն ու կենսափորձի առիթ մը դարձաւ անտարակոյս:

Գիրքի շնորհահանդէսի ընթացքին Համազգայինի հրատարակչատան կողմէ արդէն հաստատեցինք, որ գիրքին բովանդակութիւնը, անոր բազմիաստ պատգամները եւ ներկայ ժամանակներու մէջ հայ հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը լայն զանգուածներու հասանելի դարձնելու համար ներդրուած արժանավայել ճիգը, ինչպէս նաեւ ապրումով ու համոզումով կատարած աշխատանքը  հարստացնող է: Այս առաքելութեան յաջողութեան մէջ պատրաստող խումբի նուիրումի եւ հայութեան իրաւունքներու հանդէպ ցուցաբերած ամբողջական հաւատքը արժանի է մեծ գնահատանքի:

Ծրագիրի հեղինակ եւ ստեղծագործական տնօրէն Ալիք Թապագեանի, հեղինակ երեսփոխան դոկտ. Անթուան Հապշիի, նկարազարդումի եւ գեղարուեստական ձեւաւորումի պատասխատու Նաուալ Քարիմի եւ թարգմանող ու խմբագրական խումբին` Մարիա Քոսթանթինի, Մայա Խատրայի, Նարէ Գալեմքէրեանի եւ Նորա Բարսեղեանի աշխատանքը հաւասարապէս գերակշռող է այս ծրագրի իրականացման մէջ:

Այս բոլորին մէջ անշուշտ արժէ անդրադառնալ, որ Մաժետ Քոսթանթինի գնահատելի ներդրումն ու զօրակցութիւնը հիմնական մղիչ ուժը հանդիսացան ծրագիրի յաջողութեան:

Աւելի՛ն. այս հրատարակութիւնը կը զատորոշուի նաեւ այն հանգամանքով, որ վերջին տասնամեակներուն հայկական իրականութեան մէջ եւ, աւելի՛ն, հայկական թեմայով հազուագիւտ են, եւ դժուար կարելի է հանդիպիլ նման ստուար` 6000 տպաքանակով գիրքի մը հրատարակութեան:

«Flora Majic Books»-ի եւ Համազգայինի հրատարակչատան գրատարածի համագործակցութիւնը այս ծրագիրով արդէն իսկ տեսանելի փաստ է եւ մեծ հաւանականութեամբ ապագային նոր նախաձեռնութիւններով համալրուող:

21 ապրիլին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցած շնորհահանդէսը իր ներկայութեան պատկառելի  պատկերով նաեւ իւրայատուկ էր: Լիբանանցի հոգեւոր, քաղաքական, կրթական, զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ անձնաւորութիւններու կողքին, հայ համայնքի քաղաքական, հոգեւոր, կուսակցական, կրթական եւ բարեսիրական կառոյցներու ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը նաեւ կու գայ հարազատ արտայայտութիւնը դառնալու գիրքին շուրջ ծաւալած հետաքրքրութեան ու կարեւորութեան:

Շնորհահանդէսի հովանաւոր Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ գնահատեց Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով ու հայութեան բարեկամներու հաւաքական ճիգով ձեռք բերուած այս աշխատանքը:

Ան հաստատեց, որ հատորը կարեւոր տեղեկութիւններ կը ներկայացնէ արդարութեան վերականգնումի համար ի գործ դրուած հայութեան պահանջատիրական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Հայ դատի հանդէպ հայութեան բարեկամներու ցուցաբերած զօրակցութեան մասին:

Օրուան հանդիսավար լիբանանցի տաղանդաւոր լրագրող եւ «Էլ.Պի.Սի.» հեռատեսիլի կայանի հաղորդավար Եազպեք Ուէհպէ անդրադարձաւ հայութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ Ցեղասպանութեան խորացած իրողութեան եւ աւելցուց, որ Լեռնալիբանանի ժողովուրդը նաեւ անմասն չէ մնացած ցեղասպանի վայրագութիւններէն, երբ անոր պարտադրուած է սովամահութիւն: Սակայն հայութեան ցաւը աւելի խորն է, որովհետեւ անոնք պարտաւորուած եղած են լքելու իրենց բնօրրանը ու մայր հողը:

Ծրագիրի հեղինակ եւ ստեղծագործական տնօրէն Ալիք Թապագեան անդրադարձաւ այս գիրքի պատրաստութեան գաղափարին եւ հաստատեց, որ իբրեւ մայր` ուզած է Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարազատօրէն եւ առանց սարսափ ստեղծելու փոխանցել իր զաւակներուն եւ աւելցուց. «Այսպէս ծնաւ այս գիրքը, արիւնով գրուած պատմութիւնը գրեցինք մելանով, այնտեղ պատկերեցինք նկարներ, որոնք դրոշմուած կը մնան մեր սրտին խորքը, եւ այն, ինչ որ նուիրեցինք երկինքին եւ հողին կը կոչուի սերունդէ սերունդ փոխանցուող հաւատարմութիւն»:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան խօսքը արտասանեց հաստատութեան անձնակազմէն Մեղեդի Պետրճիքեան, իսկ այս առիթով հայերէնով ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Լիբանանի պետական հեռատեսիլի կայանի հաղորդավար Նազելի Գասապեան:

Վերջապէս գիրքի հեղինակ դոկտ. Անթուան Հապշի իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ` «Պատմութեան ներկայութեան լռութիւնը տեղ չունի, եւ ոճիրի ներկայութեան կարելի չէ, որ մարդ լուռ մնայ:

«Երբ Արամ Ա. վեհափառին այցելեցինք, անոր առաջին հարցումը եղաւ, թէ ի՞նչ է գիրքիս պատգամը, ճի՛շդ յիշեցի վախճանեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին խօսքը, թէ` Լիբանան առաքելութիւն է, եւ կարծէք Հայկական հարցին ու անոր շարունակականութեան մասին խօսքերը կը նշեն Լիբանանի գոյատեւումը: Գոյատեւումը` իւրաքանչիւր անհատի: Հարցը, սակայն, ժողովուրդով մը չի սահմանափակուիր, այլ անիկա կը մեկնարկէ ժողովուրդէ մը` հասնելու համար իւրաքանչիւր անհատի, որ կրնայ իրաւազրկումի ենթարկուիլ: Այսօր հաւաքուած ենք ոչ միայն յիշելու, ոգեկոչելու պատահած ցաւը, այլեւ եկած ենք մարդկային խղճի խռովքի ճիչ մը արձակելու` ընդդէմ հերքումին, դաւադրութեան, ընդդէմ լռութեան, յանձնատուութեան, այն լռութեան, որ նման է նոյնինքն ոճիրին:

«Այս գիրքը կ՛արձակենք ու կը հրատարակենք այլազանութեան երկիր Լիբանանէն, որ միաժամանակ վիրաւոր ու մարտնչող է: Ան որ Հայկական հարցին մէջ չի կրնար նկատել անոր շարունակականութիւնը, եւ թէ` ինք մաս կը կազմէ անոր շարունակականութեան, մասնակից կը դառնայ շարունակուող ոճիրին: Ու ան, որ կը մերժէ այդ ոճիրը ցեղասպանութիւն կոչել, ան իրապէս մեղսակից է ոճիրին ու գալիք ցեղասպանութեանց օրինականացման»:

Շնորհահանդէսի գեղարուեստական բաժինին մասնակից դարձան  սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` «Աւէ Մարիա»-ի կատարումով եւ Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցի աշակերտներ` Արմէն Մխճեան (թաւջութակ), Բելիա Տեմիրճեան եւ Վան Թորոսեան (ջութակ):

Գործակցաբար «Flora Majic Books»-ի  Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը կը փորձէ այս գիրքը հասանելի դարձնել լիբանանցի հանրութեան ու նաեւ Հայաստան եւ արտասահմանի զանազան գաղութներ:

Այս առիթով արժէ նշել, որ 2009-ին լիբանանցի վաստակաշատ լուսանկարիչ Ժիլպեր Հաժը հիւրընկալեցինք Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ եւ կազմակերպեցինք «Արարատը` Պէյրութի մէջ» թեմայով ցուցահանդէսը: Արուեստագէտ լուսանկարիչը այցելած էր լիբանանահայ ընտանեկան օճախներ եւ իր ոսպնեակին արժանացուցած էր հայկական օճախներու մէջ տարբեր անկիւններ տեղադրուած Արարատը:

Ցուցահանդէսը օրին ստեղծեց լայն հետաքրքրութիւն, եւ արուեստագէտը այս առաքելութեան լծուած էր քաջ գիտակցելով, որ իւրաքանչիւր հայու սրտին ու հոգիին խորքը Արարատը կայ:

Այս օրերուն, Արարատը եւ անոր խորհուրդը յաւելեալ պատճառ ունինք հաւաքաբար դարբնելու նորահաս սերունդներու մտածողութեան մէջ: Հարկ է, որ Արարատին ինքնութեան ու պատկանելիութեան դրոշ մը հայ կեանքին մէջ նոր լուսածագի մը յոյսը հաղորդէ: Այս հատորի կողքին վրայ տեղ գտած մեր Դատի անկորնչելիութեան եւ մոռցումի  անմոռուկ ծաղիկի խորհուրդ ու Արարատով հայանալու եւ ըստ այնմ գօտեպնդուելու պատգամը` կողքին վրայ փորագրուած նկարով հարազատօրէն կը ցոլացնէ մեր անկնկալութիւնը:

Հետեւաբար, ակնկալելի է, որ իւրաքանչիւր տուն այս գիրքը մուտք գործէ եւ անոր հետ ընտելանան ընտանիքի բոլոր անդամները: Աւելի՛ն. երբ իւրաքանչիւր անհատ իր բարեկամ տեղացի մէկ ընտանիքին նուիրէ այս գիրքը, այն ատեն գաղափարը կը դառնայ շատ աւելի ընդգրկուն ու օգտաշատ:

Հաւաքական ճիգերով անպայման կը յաջողինք այս առաքելութեան մէջ, եւ այդ մէկը կ՛ունենայ խթանիչ դերակատարութիւն` յառաջիկային այսպիսի այլ ծրագիրներու իրականացման:

Վա՛րձքը կատար այս ծրագիրին իրենց նպաստը բերած բոլոր անհատներուն:

 

Forget Me Not: Siroun Ararat
Պատմութեան Դերակատարները

«Ասիկա պատմութիւն մըն է` ցաւի, հպարտութեան եւ տոկունութեան. պատմական վկայութիւն մը, որ պարտի գտնուիլ իւրաքանչիւր հայու գրադարանին մէջ եւ փոխանցուիլ սերունդէ սերունդ:

Հայկական այս փոքր ընտանիքին` երեք սերունդներուն աչքերով, բառերով եւ սրտերով, պիտի ծանօթանանք տոկուն ժողովուրդի մը պատմութեան, ժողովուրդ մը, որ, անկախ բոլոր դժուարութիւններէն, շարունակած է կանգուն մնալ եւ իր պատմութիւնը փոխանցել»:

– Մասիս պապիկը ընտանիքին ամուր վէմն է: Անոր անունը` Մասիս, ներշնչուած է Արարատ լերան միւս անունէն: Ան իր ժողովուրդին անցեալը կը պահպանէ իր պատմութիւններուն միջոցով եւ զայն կը փոխանցէ յաջորդ սերունդին:

– Սիրուն մեծ մայրը ընտանիքին սիրտն է: Անոր անունը, որ կը նշանակէ «գեղեցիկ», կը խորհրդանշէ իր ունեցած յոյսն ու ջերմութիւնը` յատկանիշներ, որոնք գոյատեւած են հայ ժողովուրդին ապրած ցաւերուն ու պայքարին ընդմէջէն:

Տասներկուամեայ Պարգեւը հետաքրքրասէր, խոհուն եւ իր պատմութիւնը սորվելու փափաք ունեցող պատանի մըն է: Անոր անունը, որ կը նշանակէ «նուէր», կը խորհրդանշէ իր մեծ արժէքը` որպէս օրհնութիւն իր ժողովուրդին համար: Ան կը ներկայացնէ նոր սերունդը, որ պիտի շարունակէ իր նախնիներու պատմութիւնը փոխանցել:

– Ութամեայ Ալիքը հետաքրքրասէր, գթասիրտ եւ հիացմունքով լեցուն պատանի մըն է: Անոր անունը կը խորհրդանշէ երիտասարդ հայ սերունդը, որ իր աճման ընթացքին պիտի յառաջացնէ յիշողութեան ու փոփոխութեան ալիքներ:

– Վրէժը ընտանիքին հայրն ու պաշտպանն է: Անոր անունը կը խորհրդանշէ ցաւալի անցեալի մը յիշատակը, բայց միաժամանակ կը մարմնաւորէ այն ուժն ու հաստատակամութիւնը, որոնցմով ան կը պաշտպանէ իր ժողովուրդին ժառանգութիւնը: Ան իր զաւակներուն կը

ներշնչէ իրենց պատմութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

– Մայրը` Սեւանը, ընտանիքին հոգատար ու տոկուն ուժն է: Անոր անունը` ներշնչուած Հայաստանի վեհաշուք Սեւանայ լիճէն, կը նշանակէ «կենսատու եւ քաղցրահամ ջուր» եւ կը խորհրդանշէ իր կարողութիւնը` իր սիրելիներուն աջակցութիւն ու կայունութիւն ապահովելու: Ան կը վերահսկէ, որ իր ժողովուրդին աւանդութիւններն ու պատմութիւնը հոգատարութեամբ փոխանցուին սերունդէ սերունդ:

 

 

 

Նախորդը

«Forget Me Not: Siroun Ararat» Գիրքի Ներկայացում Եւ Ցուցահանդէս` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանահայ Թատրոնի 100-Ամեայ Պատմութիւնը Ներկայացնող Գիրքի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?