Այսպիսի բազմաթիւ նկարներ տեսած էք եւ ամէն օր կը տեսնէք:
Մարզական խումբերու այս ձեւի նկարները սովորական են եւ միլիոններով տարածուած` ամբողջ աշխարհի մէջ:
Մարդիկ պարզապէս կը նային, ոմանք աչք մը միայն կը նետեն, ուրիշներ ծանօթ մարզիկներ կը փնտռեն նկարին մէջ, ապա մէկ կողմ կը նետեն:
Ժամանակին կային այնպիսիներ, որոնք մկրատով մը թերթէն կը կտրէին նկարը եւ կը փակցնէին իրենց խանութներու կամ արհեստանոցներու պատերուն, ուր այդ նկարը տարիներով կը մնար, կը մաշէր, մարզիկներն ալ ի վերին Երուսաղէմ մեկնած կ՛ըլլային:
Հայկական թաղերու քանի մը արհեստանոցներու պատերուն վրայ այդպիսի նկարներ տակաւին մնացած են:
Այժմ լա՛ւ դիտեցէք այս նկարը:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբն է, որ Լիբանանի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքի խաղէ մը վայրկեաններ առաջ նկարուած է:
Առաջին շարքին վրայ աջ կողմի վերջին մարզիկը 16-ամեայ պատանի մըն է: Մնացեալները անկէ տարիքով բաւական մեծ են եւ մարմնով` խոշոր:
Բոլորն ալ կը ժպտին, բացի… իրմէ:
Ուշադիր դիտեցէ՛ք անոր աչքերը, դէմքը, մարմինը:
Այս պատանին համարձակ, ինքնավստահ եւ վճռական է: Նկարագիրի գիծեր, որոնք անոր մէջ զարգացուցած են ծնողքը, դպրոցը եւ այն միութիւնները, որոնց կ՛անդամակցի:
Ի՜նչ լաւ է, որ այս արժանիքները, առաւել` ֆութպոլիստի տաղանդը մարզիչը նկատած է եւ զայն միացուցած է ներկայացուցչական խումբին:
Ան Վահագն Աւօ Զարմէնեանն է, հաւատաւոր հայ մը, որուն անունը յաճախ պիտի լսենք, ուրախանանք եւ հպարտանանք:
Ան պիտի բարձրանայ` մեզ ալ հետը բարձրացնելով:



