Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նասր ակումբը 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Խալիժը:
Նասր 65-րդ վայրկեանին կորսնցուց կոլ նշանակելու ոսկի առիթ մը, երբ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ փենալթի մը կորսնցուց:
75-րդ վայրկեանին Ճոն Տիւրեն նշանակեց Նասրի առաջին կոլը: 97-րդ վայրկեանին Ռոնալտօ յաջողեցաւ փենալթիով նշանակել կոլ մը, որ իր ասպարէզին 935-րդ կոլն է:
Հետաքրքրականը հոն է, որ Ռոնալտօ, որուն ակումբը ձախողեցաւ հասնիլ Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումին, կրնայ միանալ Մարոքի Ուիտատ խումբին, որ Ափրիկէի ցամաքամասէն պիտի մասնակցի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան (մոնտիալ):