«Եուրոփա լիկ»-ի աւարտական մրցումը հիւրընկալեց Սպանիոյ Պիլպաօ քաղաքի «Էսթատիոյ Սան Մամես» դաշտը, ուր մօտ 50 հազար համակիրներու ներկայութեան, Լոնտոնի Թոթենհամ ակումբը անակնկալ արդիւնքով մը պարտութեան մատնեց Մանչեսթըր Եունայթըտը եւ շահեցաւ տիտղոսը:
Արդիւնքը անակնկալ էր, որովհետեւ մրցումի ամբողջ 90 վայրկեաններուն Եունայթըտ ինք էր, որ առիթներ ստեղծեց, բայց Թոթենհամ մէկ առիթով կոլ մը նշանակեց` յուսալով, որ «թռչուններու բախտ»-ը շարունակուի…
«Թռչուններու բախտ»-ը այս տարի նշմարած էին ֆութպոլի մասնագէտներ, ուր (Անգլիոյ մէջ) ախոյեաններ կամ տիտղոսակիրներ դարձած էին խումբեր, որոնք իրենց խումբի տարբերանշաններուն (լոկօ) վրայ թռչունի տեսակներ ունէին:
Օրինակ` Լիվըրփուլ, Քրիսթըլ Փելես եւ Նիւքեսըլ յաջորդաբար շահած էին «Փրեմիեր լիկ»-ը, «Էֆ. Էյ. Քափ»-ը եւ Լիկայի բաժակը: Անոնք բոլորն ալ թռչունի տեսակներ ունին իրենց տարբերանշաններուն վրայ:
Նկատի ունենալով, որ երկու անգլիական խումբեր հասած էին «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտական, բոլորին հայեացքները ուղղուած էին, թէ արդեօք Թոթենհամ (որ իր կարգին թռչունի տեսակ ունի իր տարբերանշանին վրայ) պիտի յաջողի՞… Այո՛, յաջողեցաւ, եւ այս տիտղոսին պատճառով ալ ան յառաջիկայ եղանակին պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին: Այս պարագային Թոթենհամ դարձաւ ամէնէն «ցած» դասուած խումբը, որ ախոյեանութեան 17-րդ դիրքը գրաւելով կը մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ին:
16-րդ դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Եունայթըտ բաւական անբախտ տարեշրջանէ մը ետք յոյսերը կապած էր այս տիտղոսին, բայց Ռուպեն Ամորիմի խումբը լաւ ելոյթ մը ունեցաւ, բայց կոլ չկրցաւ նշանակել… «թռչուններու բախտ»-ին պատճառով:
Թոթենհամի համար ասիկա առաջին տիտղոսն էր 2008-էն ի վեր, եւ մրցումին լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ արժանթինցի յետսապահ Քրիսթիան Ռոմերօ:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Պրենըն Ճոնսըն 42-րդ վայրկեանին:


