Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէ՛կ, Մէ՛կ, Մէ՛կ

Մայիս 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այս յօդուածիս տուն տուող առիթը բարեկամի մը հետեւեալ տողերն են, որոնց ձայնակցելու համար է, որ կը գրեմ. «Ես միշտ մերժած եմ «Արեւմտեան Հայաստան, «Պատմական Հայաստան» եւ նման արտայայտութիւնները: Ինծի համար կայ ՄԷԿ Հայաստան: Յոռեգոյն պարագային, կը գործածեմ «Հայաստանի արեւմտեան հատուած», «Հայաստանի արեւելեան հատուած» ու նման արտայայտութիւններ, որով միշտ կը շեշտուի Հայաստանի մէկութիւնը»:

Անձնական ել-նամակի մը մէջ պարագայաբար գրուած այս տողերը զիս կը մղեն վերադառնալու այս մէկութեան յանկերգին, եւ այդ` ո՛չ միայն մեր հայրենիքի անուանումի պարագային: Երբ այս օրերուն այնքան կը հոլովուի, պէտք էր ըսէի` կը ժխտուի, մէկութեան գաղափարը եւ այնքան կը կրկնուի, դժբախտաբար, մեր ոչ մէկութեան «իրողութիւնը», մանաւանդ դուրսէն ու ներսէն մեզի կ՛ուզեն հաւատացնել, թէ ներկայ աշխարհին մէջ այնքան ալ անհրաժեշտ չէ հայրենիք ունենալը, հայրենիքի մը պատկանիլը, կ՛ուզեմ առաջին հերթին շեշտել մեր մէկ հայրենիք ունենալու իսկութիւնը:

Հայրենիքը ո՛չ ծննդավայրդ է, ո՛չ ալ բնակավայրդ: Ասոնք կրնան ըլլալ Հայաստանի մէջ կամ Հայաստանէն դուրս, բայց Հայաստա՛նն է հայրենիքդ, որ երկիրն է հայրերուդ, նախահայրերուդ, որոնք այնտեղ են ապրեր դարերով, մեր պարագային` անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր, այնտեղ են ստեղծագործեր, մշակոյթ ստեղծեր, երկիր կառուցեր, քաղաքակրթութիւն յառաջացուցեր: Թէ յետոյ ստիպուեր են տեղափոխուիլ, կամայ-ակամայ, գացեր-հաստատուեր են ուրիշ վայրերու մէջ, աւելի յաճախ` պարտադրուե՛ր են երթալու, բայց իրենց հայրենիքը միշտ Հայաստանն է հանդիսացեր` իբրեւ պետութիւն ան գոյութիւն ունեցած ըլլայ կամ ոչ: Ուրեմն, ճի՛շդ է, շատ պայմանական հասկացողութիւններ են «Արեւմտեան Հայաստան» կամ «Արեւելեան Հայաստան», «Թրքահայաստան» կամ «Ռուսահայաստան» (ի՜նչ ամօթ) եւ նման անուանումները, որոնք, ի դէպ, երբեւէ պաշտօնապէս գոյութիւն չեն ունեցեր: Սահմանները կը փոխուին ժամանակ առ ժամանակ, հայրենիքդ չի՛ փոխուիր: Կը մնայ ան իր ամբողջական տարողութեամբ, Սեւ եւ Կասպից ծովերուն միջեւ` Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ` ըլլալով Մեծ Հայք, Փոքր Հայք, եւ քանի մը դար ալ` Փոքր Հայաստան (Կիլիկիա): Այդ ամբողջ տարածքն է մեր հայրենիքը, ներառելով ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իր ներկայ սեղմուած-կծկուած սահմաններով, այլեւ` Ջաւախքը թէ հայաթափուած Արցախն ու Նախիջեւանը, Մուշն ու Սասունը, Կարսն ու Արտահանը, Վանն ու Խարբերդը, Սիսն ու Հաճընը եւ մասամբ նորին. Այս տարածքները մաս կը կազմեն մեր հայրենիքին:

Գալով Հայաստանի Հանրապետութեան, ա՛ն եւս մէկ է, վերնագրին երկրորդ մէկը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն առած է 1918 ՄԱՅԻՍ 28-ին, ա՛յդ է իր տարեդարձի օրը: Կորսնցուցած է իր անկախութիւնը 1920-ին` խորհրդայնանալով, վերանկախացած է 1991 սեպտեմբեր 21-ին, սակայն չէ անուանուած Առաջին, Երկրորդ կամ Երրորդ հանրապետութիւն: Պէտք չէ երբեք այդպէս կոչուի: Մէ՛կ է ան ու մէ՛կ պիտի մնայ պատմութեան մէջ` անկախ, կիսանկախ կա՛մ ոչ անկախ: Այդ անուանումը կրնայ վերջ գտնել կամ օտար ուժերու գրաւումով եւ այդ տարածքին ուրիշ անուն մը յատկացուելով, կա՛մ ալ… արքայական նոր հարստութեան մը հաստատումով:

Գանք հիմա վերնագրի երրորդ մէկին:

Այդ ազգն է, հա՛յ ազգը, հայութի՛ւնը, որուն մէկութիւնն ալ կասկածի ենթարկել ուզողներ կան: Մէ՛կ է, որքան ալ նուիրագործուած ըլլան զայն բաժան-բաժան ընող որակաւորումները` «արեւմտահայութիւն», «արեւելահայութիւն», «սփիւռքահայութիւն», տակաւին` պարսկահայութիւն, քանատահայութիւն, լիբանանահայութիւն եւ այլն, փոխանակ` պարսկաբնակ, քանատաբնակ, լիբանանաբնակ հայութիւն ըսելու. եւ մէ՛կ է, որքան ալ լեզուական, մշակութային, կենցաղային եւ այլ տարբերութիւններ գոյութիւն առած ըլլան ժամանակի ընթացքին` տարբեր ազդակներու ի հետեւանք: Մէ՛կ է` այդ բոլորով հանդերձ:

Եւ մէկութեան իրողութիւնն է, որ այնքան անհասկնալի, ողբալի ու աններելի կը դարձնէ «ազգային» բառի ջնջումը մեր ազգային հաստատութիւններու անուան մէջէն` զանոնք փորձելով ներկայացնել իբրեւ «պետական» կամ «հանրապետական»: Ազգայինը կը ներառէ երկուքն ալ, քիչ մըն ալ աւելին: Այդ հաստատութիւնները համայն ազգին կը պատկանին, յաճախ ալ համայն ազգին միջոցներով կը պահպանուին: Միթէ պէտք չէ՞մտածել նոյնիսկ Երեւանի պետական համալսարանն ալ վերանուանել Հայաստանի ազգայի՛ն համալսարան:

Այո՛, մէկ ենք, ու մեր մէկութեան մէջն է մեր ուժը, որ թշնամին` ներկայ շուկայական, դրամատիրական, սակաւապետական աշխարհը, կը ջանայ ամէն գնով ջլատել: Չիյնանք ծուղակը:

«Դրօշակ»

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի Երկօրեայ Օգտաշատ Եւ Արդիւնաւէտ Սեմինար` Մերօրեայ Կեանքին Վերաբերող Նիւթերով Յագեցած

Յաջորդը

Բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեան Եւ «Թէաթրոն» Թատերախումբը Տպաւորիչ Կերպով Ներկայացուցին Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» Թատերախաղը

RelatedPosts

Հաւատքի Մարդը  (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Հաւատքի Մարդը (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Շարունակուող Տերեւաթափ  (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)
Անդրադարձ

Շարունակուող Տերեւաթափ (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ
Անդրադարձ

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?