Ըստ «Լա Սթամփա» կայքին, Եուրկըն Քլոփ պիտի վերադառնայ մարզիչի իր աշխատանքին:
Աղբիւրին համաձայն, գերմանացի մասնագէտը համաձայնութիւն կնքած է Ա. Էս. Ռոմայի հետ: Ան այս ամրան արդէն իսկ կը վերադառնայ ստանձնելու իտալական ակումբին ղեկը` փոխարինելով Քլաուտիօ Ռանիերին:
Պէտք է նշել, որ 2025-ի սկիզբէն Քլոփ սկսած էր Ռետ Պուլի ֆութպոլի համակարգին հետ: Սակայն գերմանացի մարզիչը պիտի լքէ իր պաշտօնը` վերադառնալու համար մարզչական գործունէութեան:
Մօտ տարի մը առաջ Քլոփ հեռացած էր Անգլիոյ ախոյեան Լիվըրփուլէն` մօտ 9 տարի անցընելէ ետք «կարմիրներ»-ուն հետ: